Մասնաճիւղին Նամակը
Թագաւորութեան սիրելի հրատարակիչներ,
Երկուշաբթի՝ 4 փետրուար 2008–ին, առաւօտեան պաշտամունքի ընթացքին տրուած ծանուցում մը խանդավառ ծափահարութեան արժանացաւ։ Ծանուցումը նշեց. «Անցեալ շաբաթավերջին, Միացեալ Նահանգներու ժողովքներէն վերակացու տեսուչներ Պէթէլ ժամանեցին։ Այժմ անոնք Փէթըրսըն կը գտնուին, Ժողովքի երէցներու դպրոցին առաջին դասարանը յաճախելու»։
Աշակերտները Պէթէլի ընտանիքին հետ սրտապնդիչ ընկերակցութիւն կը վայելեն։ Անոնք նաեւ ամէն օր առաւօտեան պաշտամունքին, ինչպէս նաեւ երկուշաբթի երեկոյեան Պէթէլի ընտանիքին Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան ներկայ կը գտնուին։ Այս դպրոցին աչքառու մէկ երեսակը տեղի կ’ունենայ վերջին օրը, երբ Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի յանձնախումբէն անդամ մը եւ Կառավարիչ մարմինէն անդամ մը մասնաւոր դասախօսութիւններ կը ներկայացնեն։
Այս դպրոցը յաճախած երէցներէն շատեր գնահատական խօսքեր ուղղեցին։ Եղբայր մը ըսաւ. «Պէթէլի մէջ մէկ շաբաթ անցընելը շատ քաջալերական էր»։ Ուրիշ մը գրեց. «Այժմ կը զգամ թէ զօրութիւն ունիմ պատասխանատուութիւններս վերանորոգուած նախանձախնդրութեամբ կատարելու»։ Ընթացիկ կրթական ծրագիրը վերակացու տեսուչներու պատասխանատուութիւններուն զանազան երեսակները նկատի կ’առնէ, որպէսզի ժողովքի կարիքներուն աւելի ազդուօրէն հոգ տանին (Գործք 20։28)։ Ուրախ ենք այս սիրալիր կարգադրութեան համար, եւ անձկագին կը սպասենք ծանօթանալու այն եղբայրներուն, որոնք տակաւին դպրոցը պիտի յաճախեն։
Ձեր եղբայրները՝
Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղ