Եհովայի վկաներու 2009–ի նահանգային համաժողով
1. ա) Նահանգային համաժողովի երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուելով ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի վայելենք։ բ) Հիմակուընէ ի՞նչ ծրագիրներ պէտք է ընենք։
1 Բոլորս ալ անձկագին կը սպասենք 2009–ի նահանգային համաժողովին եւ նոր պատեհութիւններուն, որ Եհովան փառաբանող հաւատակիցներուն հետ ժողվուինք, որոնք «գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (Մատ. 5։3, ՆԱ)։ Մինչ Եհովայի օրը արագօրէն կը մօտենայ, կը յորդորենք իւրաքանչիւր անհատ որ երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուի, որպէսզի լիովին օգտուի քրիստոնէական ջերմ ընկերակցութենէն եւ հաւատքին մէջ հաստատուն կայնելու հոգեւոր քաջալերութենէն (Սոփ. 1։14)։ Թող ուսուցիչներն ու գործատէրերը գիտնան թէ համաժողովը պաշտամունքիդ էական մէկ մասն է։ Քաջաբար եւ անյապաղ ծրագրէ եւ Եհովայի օրհնութիւնը խնդրէ, վստահ ըլլալով իր զօրակցութենէն (Եսա. 50։10)։
2. Ի՞նչ միջազգային երեւոյթ կրնանք ակնկալել նոյնիսկ եթէ միջազգային համաժողովի մը ներկայ գտնուելու հրաւէր չստանանք։
2 Միջազգային համաժողովներ։ Որովհետեւ այս համաժողովները սակաւաթիւ երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ տեղի պիտի ունենան, միայն նշանակուած անհատները պէտք է ներկայ գտնուին։ Այս կարգադրութեան հետ մեր համագործակցութեամբ խճողում պիտի չստեղծենք (Ա. Կոր. 14։40. Եբ. 13։17)։ Սակայն բազմաթիւ նահանգային համաժողովներ միջազգային բնոյթ պիտի ունենան, քանի որ միսիոնարներ, օտար դաշտի մէջ ծառայող պէթէլականներ եւ միջազգային ծառաներ, իրենց հայրենիքին մէջ համաժողովի ներկայ պիտի գտնուին։
3. Ժողովքին մէջ ի՞նչպէս կրնանք ոմանց հանդէպ քրիստոնէական սէր ցուցաբերել։
3 Ուրիշներուն օգնենք որ ներկայ գտնուին։ Ժողովքէդ ոմանք համաժողովին ներկայ գտնուելու համար օժանդակութեան կարիք ունի՞ն։ Անոնց օգնելով՝ կը կիրարկես սա յորդորը. «Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փլպ. 2։4)։
4, 5. Եթէ պարագաները պահանջեն որ ժողովքիդ նշանակուածէն տարբեր համաժողովի մը ներկայ գտնուիս, ի՞նչ քայլ պէտք է առնես։
4 Տեղեկութիւն ձեռք ձգել։ Համաժողովի թուականներուն ու վայրերուն նկատմամբ մասնաճիւղ հեռաձայնելէ առաջ, աչքէ անցուր Դիտարան–ի 1 մարտ 2009 թիւը (անգլ.) կամ խօսէ ժողովքիդ քարտուղարին հետ։
5 Եթէ ժողովքիդ նշանակուածէն տարբեր համաժողովի մը ներկայ պիտի գտնուիս, կրնաս Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ–ը ձեռք ձգել, գրելով իջեւանի կեդրոնատեղիի հասցէին, որ նշուած է ընթացիկ Մասնայատուկ կարիք ունեցողներու իջեւանի խնդրագիր պատճենին ետեւը։ Այս պատճենները շուտով պիտի ուղարկուին քարտուղարներուն։ Պատասխան ստանալու համար, ներփակէ պահարան մը, որուն վրայ նամակադրոշմ դրուած է ու հասցէդ կը կրէ։
6. Երբ մասնայատուկ կարիքներ ունեցող հրատարակիչ մը իջեւանի համար օգնութիւն խնդրէ, ի՞նչ քայլեր կ’առնուին։
6 Մասնայատուկ կարիքներ։ Եթէ հրատարակիչ մը իջեւանի համար օգնութիւն խնդրէ, Ժողովքի ծառայութեան յանձնախումբը պէտք է որոշէ թէ ան Մասնայատուկ կարիք ունեցողներու իջեւանի խնդրագիր մը ներկայացնելու որակեա՛լ է կամ ոչ։ Ժողովքի քարտուղարը խնդրագիրը Իջեւանի բաժանմունքին ուղարկելէ առաջ, անոնք պէտք է նկատի առնեն տրուած ուղեգծերը՝ թէ՛ պատճենին մէջ եւ թէ բոլոր երէցներուն ուղղուած 14 դեկտեմբեր 2008 թուակիր նամակին մէջ։
7. ա) Ի՞նչպէս պանդոկի վերապահում կ’ընենք։ բ) Ի՞նչ յիշեցումներ մեզի պիտի օգնեն որ պանդոկի վարչութեան քով լաւ համբաւ պահենք (Տես՝ «Իջեւանի վերաբերեալ հրահանգներ» շրջանակը)։
7 Պանդոկի վերապահումներ ընել։ Մատչելի պանդոկներուն վերաբերեալ Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ մը պիտի դրուի տեղեկութիւններու ցուցատախտակին վրայ, յունուար 5–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան ժողովէն ետք։ Պանդոկի վերապահումդ ընելէ առաջ, բծախնդրաբար աչքէ անցուր «Իջեւանի վերաբերեալ հրահանգներ» շրջանակը։ Երբ պանդոկի վերապահում պիտի ընես.
◼ Պանդոկներուն հեռաձայնէ ցերեկը՝ գործի ժամերուն, ցանկին մէջ նշուած թիւերը գործածելով։
◼ Պանդոկին իմացուր թէ Եհովայի վկաներու համաժողովին ներկայ պիտի գտնուիս։
◼ Պանդոկին մէջ կեցութեան թուականը նշէ։
◼ Եթէ մատչելի սենեակներ չկան, ցանկին մէջ նշուած ուրիշ պանդոկի մը հեռաձայնէ։
◼ Վերապահումը ըրէ եւ զայն վաւերացնող թիւ մը խնդրէ։
◼ Կանխավճարդ տասը օրուան մէջ ըրէ՝ վարկաքարտով կամ վճարագրով։ Եթէ կանխավճարը վճարագրով պիտի ընես, վաւերացնող թիւը վրան գրէ։ Կանխիկ դրամ երբեք մի՛ ուղարկեր։
8. Ի՞նչպէս կրնանք ամէնուն օգնել որ տրամաբանական գինով պանդոկի սենեակ մը ձեռք ձգեն։
8 Կը գիտակցինք թէ ոմանք պանդոկներու նկատմամբ նախասիրութիւններ ունին։ Սակայն, երբ Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ–ին մէջ չնշուած պանդոկներ գործածենք կամ ցանկին մէջ նշուած սակէն աւելի բարձր գին մը ընդունինք, իջեւանի կարգադրութիւնը կը տկարացնենք։ Մի՛ վերապահեր սենեակներ, զորս պիտի չգործածես, եւ վերջին վայրկեանին պանդոկի վերապահում մը մի՛ ջնջեր, տարբեր պանդոկ մը գործածելու համար։ Այս կարգադրութեան հետ համագործակցելով, ամէնուն պիտի օգնես որ տրամաբանական գինով պանդոկի սենեակ մը ձեռք ձգեն (Ա. Կոր. 10։24)։
9. Երբ 2009–ի նահանգային համաժողովին համար կը նախապատրաստուինք ու ներկայ կը գտնուինք, մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։
9 Աստուած փառաւորող գործեր։ Երբ մեր բոլոր գործառնութեանց մէջ հոգիին պտուղը ցուցաբերենք, յատուկ ուշադրութիւն ընծայելով մեր խօսելակերպին եւ վերաբերմունքին՝ երբ համաժողովի քաղաքին մէջ պանդոկի անձնակազմին եւ ուրիշներու հետ շփման մէջ կու գանք, Եհովայի ժողովուրդին բարի համբաւին կը նպաստենք եւ ուրիշները գայթակղեցնելէ կը խուսափինք (Ա. Կոր. 10։31. Բ. Կոր. 6։3, 4)։ Կը մաղթենք որ 2009–ի նահանգային համաժողովին, քու ներկայութիւնդ եւ վարքդ Աստուած փառաւորէ այսպիսի կերպերով (Ա. Պետ. 2։12)։
[Շրջանակ՝ էջ 5]
Յայտագրին ժամերը
Հինգշաբթի (միայն միջազգային համաժողովներուն)
1:20 կ.ե. – 4:55 կ.ե.
Ուրբաթ եւ շաբաթ
9:20 կ.ա. – 4:55 կ.ե.
Կիրակի
9:20 կ.ա. – 4:00 կ.ե.
[Շրջանակ՝ էջ 6]
Իջեւանի վերաբերեալ հրահանգներ
◼ Յունուար 5–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան ժողովէն առաջ, պանդոկի վերապահումներ մի՛ ըներ։
◼ Ջանա՛ վերապահումդ ընել յունուար ամսուան ընթացքին։
◼ Իջեւանէ միայն Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ–ին նշած պանդոկներուն մէջ։
◼ Միայն ցանկին սահմանած սակերը ընդունէ։
◼ Իւրաքանչիւր սենեակ որ կը վերապահուի, զայն գործածող անհատին անունով պէտք է ըլլայ։
◼ Հրդեհի վերաբերեալ օրէնքներուն ենթարկուելու համար, յարգէ պանդոկի սենեակին մէջ չափահասներուն արտօնուած առաւելագոյն թիւը, որ նշուած է ցանկին մէջ։
◼ Առաջին վերապահումդ պահէ (Մատ. 5։37)։
◼ Ցանկին մէջ չեղող պանդոկներուն մի՛ հեռաձայներ, հարցնելով թէ մեր համաժողովին համար յատուկ սակ ունի՛ն կամ ոչ։
◼ Եթէ ցանկին մէջ եղող ԲՈԼՈՐ պանդոկներուն հեռաձայնելէ ետք մատչելի սենեակներ չգտար կամ որոշ պանդոկի մը հետ խնդիր ունեցար, ժողովքիդ քարտուղարը տեղեակ պահէ։ Ան համաժողովի Իջեւանի բաժանմունքին հետ շփման մէջ պիտի գայ, Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ–ին տուած տեղեկութիւնները գործածելով։
◼ Եթէ վերապահում մը չեղեալ պիտի սեպես, ասիկա կարելի եղածին չափ կանուխ ըրէ եւ անպայման ջնջումի թիւը ձեռք ձգէ։