Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/08 էջ 8
  • Պատճառաբանել գիրքը կը գործածե՞ս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Պատճառաբանել գիրքը կը գործածե՞ս
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՛նչպէս Մշակել Պատճառաբանելու Կարողութիւնը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Յաճախ աշխատցուած թաղամասը ծառայենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • ՄՂԻՉ ԲԱՑՈՒՄ ՄԸ ԶԱՐԳԱՑՈՒՑԷՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • ԲԱՑՈՒՄՆԵՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ԳՐԳՌԵԼՈՒ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
թծ 12/08 էջ 8

Պատճառաբանել գիրքը կը գործածե՞ս

1. Պօղոս առաքեալ եւ Յիսուս ուրիշներուն ի՞նչպէս սորվեցուցին։

1 Պօղոս առաքեալ ջանաց ‘Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանել’ (Գործք 17։2, ՆԱ, 3. 18։19)։ Ասիկա ընելով, ան Յիսուսը ընդօրինակեց, որ շատ յաճախ Սուրբ Գրութիւններէն մէջբերեց եւ օրինակներ գործածեց, իր ունկնդիրներուն օգնելու որ Աստուծոյ կամքը հասկնան (Մատ. 12։1-12)։ Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանել գիրքը ծրագրուած է, որպէսզի նոյն բանը ընենք։

2. Պատճառաբանել գիրքը ի՞նչպէս կրնանք գործածել ազդու բացումներ պատրաստելու։

2 Ազդու բացումներ պատրաստել։ Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանել գիրքը էջ 9-15–ի մէջ հետաքրքրաշարժ բացումներ կը բովանդակէ։ Տարբեր բացումներ սորվիլը եւ գործածելը, յատկապէս երբ թաղամասը յաճախ կը ծածկես, ծառայութեանդ մէջ այլազանութիւն պիտի աւելցնէ եւ քեզի պիտի օգնէ զրոյցներ սկսելու մէջ աւելի ճկուն ու ազդեցիկ ըլլալու։ Կարելի է բացումները ուղղակի գրքէն կարդալ, երբ հեռաձայնով կը վկայես կամ երբ չափազանց ապահովուած շէնքեր ունեցող թաղամասերու մէջ ինթըրքոմ–ով կը խօսիս։

3. Պատճառաբանել գրքին 16-24–րդ էջերուն մէջ գտնուող ո՞ր տեղեկութիւնները ծառայութեան մէջ մեզի օգտակար պիտի ըլլան։

3 Խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնները յաղթահարել։ Ինչո՞ւ թաղամասիդ մէջ յարուցուելիք խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնները չնախատեսես եւ քարոզելու չսկսած՝ քանի մը վայրկեան վերաքաղ ընես գրքին 16-21–րդ էջերը, հաւանական պատասխանները նկատի առնելու։ Կրնա՞յ ըլլալ որ տանտէրներէն ոմանք պուտտայական, պրահմանական, հրեայ կամ մահմետական ըլլան։ Եթէ այս է պարագան, էջ 21-24–ի վրայ գտնուող տեղեկութիւնները օգտակար պիտի ըլլան։

4. Ի՞նչպէս կրնանք Պատճառաբանել գիրքը գործածել, երբ հարցում մը կամ հակաճառելի նիւթ մը յարուցուի։

4 Հարցումներու պատասխանել։ Պատճառաբանել գիրքը նաեւ կրնայ մեզի օգնել, երբ հարցում մը կամ հակաճառելի նիւթ մը յարուցուի։ Կրնաս անհատին պարզապէս ըսել, թէ կ’ուզես այս նիւթին մասին հետաքրքրական բան մը ցոյց տալ, ապա կրնաս Պատճառաբանել գիրքը հանել։ Քանի որ նիւթերը այբբենական են, բաց գլխաւոր խորագիրը՝ ուր կրնաս հարկ եղած տեղեկութիւնը գտնել։ Աչքէ անցուր սեւատիպ հարցումները։ Եթէ փնտռածդ անմիջապէս չգտնես, նկատի առ գրքին ետին գտնուող ցանկը։ Երբ յարմար տեղեկութիւնը գտնես, զայն ուղղակի գրքէն կարդա՛։ Եթէ որոշ համար մը կը քննարկես, կրնաս քեզի հարկ եղած տեղեկութիւնը գտնել էջ 445–ի մէջ, «Յաճախ սխալ կիրարկուած համարներ» խորագրին ներքեւ։

5. Պատճառաբանել գրքին կարգ մը օգտակար գործածութիւնները ի՞նչ են։

5 Այլ գործածութիւններ։ Ոմանք Պատճառաբանել գիրքէն օրինակ մը կը ձգեն իրենց գործատեղին կամ դպրոցը, որոշ հարցումներու պատասխանելու համար, ինչպէս՝ ‘Ինչո՞ւ տօները չէք պահեր’։ Դեռատիներ դպրոցական տեղեկագիրներ պատրաստելու մէջ, «Ստեղծագործութիւն» եւ «Բարեշրջութիւն» վերնագիրներուն ներքեւ եղած տեղեկութիւնները օգտակար գտած են։ Երբ հիւանդի մը կամ սիրելի մը կորսնցուցած անհատի մը պիտի այցելես, «Քաջալերութիւն» խորագրին ներքեւ գտնուող տեղեկութիւնը կրնայ քեզի օգնել աստուածաշնչական մխիթարութիւն տալու։ Պատճառաբանել գիրքը նաեւ օգտակար տեղեկութիւններ կը բովանդակէ անոնց համար, որոնք դասախօսութիւններ կը պատրաստեն կամ դաշտի ծառայութեան ժողովներ կը վարեն։

6. Քարոզելու ատեն մեր նպատակը ի՞նչ է։

6 Երբ կը քարոզենք, մեր նպատակակէտը վիճաբանութիւններ շահիլ չէ, ո՛չ ալ պարզապէս տեղեկութիւններ հաղորդել։ Կ’ուզենք Սուրբ Գրութիւններով հմտօրէն պատճառաբանել։ Պատճառաբանել գիրքը լաւ կերպով գործածելով ցոյց կու տանք թէ մեր ուսուցումին յարատեւ զգուշութիւն կ’ընենք (Ա. Տիմ. 4։16)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել