Ի՛նչպէս պարբերաթերթերը առաջարկել
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 դեկտեմբեր
«Շատեր սիրալիր Աստուծոյ եւ յաւիտենական չարչարանքի ուսուցումին միջեւ ներդաշնակութիւն չեն տեսներ։ Քու կարծիքդ ի՞նչ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը յստակօրէն կը սորվեցնէ թէ Աստուած չարակամ կամ ոխակալ չէ։ [Կարդա՛ Եզեկիէլ 18։23–ը։] Այս պարբերաթերթին մէջ ներկայացուած աստուածաշնչական պատճառաբանութիւնը պիտի գնահատես»։
Dec.
«Շատեր տարուան այս շրջանին կը ջանան Յիսուսը պատուել։ Այս համարին համաձայն, ի՞նչ կը խորհիս թէ զինք պատուելու լաւագոյն կերպն է։ [Կարդա՛ Յովհաննէս 14։15–ը։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Յիսուսի ծննդեան ճշգրիտ թուականը յայտնի չէ, եւ պիտի զարմանաս գիտնալով թէ ինչո՛ւ դեկտեմբեր 25–ը որդեգրուեցաւ իբրեւ Ծնունդի թուական»։ Ներկայացուր էջ 10–ի վրայ սկսող յօդուածը։
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 յունուար
«Տարուան այս եղանակին, շատեր Յիսուսի մասին կը խորհին։ Քու կարծիքովդ, Յիսուս ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է քու վրադ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ Յիսուսի օրինակին հետեւինք։ [Կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։21–ը։] Ասիկա ընելը կրնայ մեզ աւելի լաւ եւ աւելի ուրախ անձ մը դարձնել։ Այս պարբերաթերթը պատճառները կը բացատրէ»։
Jan.
«Բազմաթիւ լիճեր ու գետեր կը չորնան, եւ միլիոնաւոր մարդիկ խմելիք մաքուր ջուր չունին։ Կը խորհի՞ս թէ մարդը կրնայ այս խնդրին մնայուն լուծում մը տալ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Երեմիա 10։23–ը։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած վերջնական լուծումը»։