Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ20 թիւ 2 էջ 4-5
  • Ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութեան պէտք ունինք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութեան պէտք ունինք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ
  • ԳՈՐԾԻ ԼԾՈՒԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ երկրին նոր իշխանութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Տառապանքը թոյլատրելու Աստուծոյ ժամանակը իր վախճանին մօտեցած է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Եհովայի իշխելու կերպը ջատագովուած է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Ինչո՞ւ չարութիւն եւ չարչարանք կան
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
դհ20 թիւ 2 էջ 4-5
Ադամն ու Եւան Եդեմի պարտէզին մէջ ջրվէժ մը կը դիտեն։

Աստուծոյ իշխանութեան ներքեւ, ամբողջ ստեղծագործութիւնը միացած ու խաղաղ վիճակի մէջ էր

Ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութեան պէտք ունինք

Մարդկային պատմութեան սկիզբը, մեր Ստեղծիչը՝ որուն անունը Եհովա է, միակ Կառավարիչն էր։ Ան սիրալիր կերպով կ’իշխէր։ Մարդոց համար շինեց գեղեցիկ տուն մը՝ Եդեմի պարտէզը, եւ առատ ուտելիք հայթայթեց։ Ասկէ զատ, ան մարդոց իմաստալից գործ տուաւ (Ծննդոց 1։28, 29. 2։8, 15)։ Մարդկութիւնը խաղաղութիւն պիտի վայելէր, եթէ Աստուծոյ սիրալիր իշխանութեան ներքեւ մնար։

Ադամ Եւայի տուած արգիլուած պտուղը բռնած է։

Առաջին մարդիկը Աստուած մերժեցին որպէս իրենց Կառավարիչը

Աստուածաշունչը կը յայտնէ որ ըմբոստ հրեշտակ մը, որ յետագային Բանսարկու Սատանայ կոչուեցաւ, Աստուծոյ իշխելու իրաւունքը հարցականի տակ դրաւ։ Ան հասկցուց որ մարդիկ առանց Աստուծոյ առաջնորդութեան ու իշխանութեան, աւելի ուրախ պիտի ըլլան։ Ցաւօք սրտի, մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան, Սատանայի օրինակին հետեւեցան եւ Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան (Ծննդոց 3։1-6. Յայտնութիւն 12։9)։

Որովհետեւ Ադամն ու Եւան Աստուծոյ իշխանութիւնը մերժեցին, իրենց դրախտային տունը եւ կատարեալ առողջութեամբ յաւիտեան ապրելու յոյսը կորսնցուցին (Ծննդոց 3։17-19)։ Անոնց որոշումը նաեւ ազդեց իրենց սերունդին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Ադամին անհնազանդութեան պատճառաւ, «մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը» (Հռովմայեցիս 5։12)։ Մեղքը ուրիշ գէշ հետեւանք մըն ալ բերաւ. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (Ժողովող 8։9)։ Ուրիշ խօսքով, երբ մարդիկ կ’իշխեն, միշտ խնդիրներ պիտի ըլլան։

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ

Նեբրովթ հպարտ կեցուածք մը ունի։ Ետին, մարդիկ շէնք մը կը շինեն։

Նեբրովթ Եհովայի դէմ ըմբոստացաւ

Աստուածաշունչին մէջ նշուած առաջին մարդկային կառավարիչը Նեբրովթն էր։ Եւ ան Եհովայի իշխանութեան դէմ ըմբոստացաւ։ Անոր օրերէն ի վեր, հեղինակաւոր մարդիկ իրենց դիրքը չարաչար գործածած են։ Շուրջ 3000 տարի առաջ, Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Տեսայ. . . զրկուածներուն աչքը արցունք կար, բայց անոնք մխիթարող չունէին. անոնց զրկանք ընողներուն ձեռքը ոյժ կար» (Ժողովող 4։1)։

Ներկայիս բան մը չէ փոխուած։ 2009–ին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ լոյս տեսած հրատարակութիւն մը նշեց, թէ վատ իշխանութիւնը երթալով աւելի կը նկատուի որպէս «մեր ընկերութիւններուն մէջ ամէն չարութեան գլխաւոր մէկ պատճառը»։

ԳՈՐԾԻ ԼԾՈՒԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Աշխարհը պէտք ունի աւելի լաւ կառավարիչներու եւ աւելի լաւ կառավարութեան մը, եւ մեր Ստեղծիչը ճիշդ ասիկա խոստացած է։

Մարդկային կառավարութեան հետեւանքները։ 1. Ասիացի կին մը աղտոտ փողոցի մը մէջ նստած է, իր լացող պզտիկը բռնած։ 2. Տարեց ու հիւանդ մարդ մը հիւանդանոցի անկողինին մէջ։ 3. Պատերազմի դաշտին մէջ, զինուորներ իրենց զէնքերը կը գործածեն։ 4. Զայրացած ցուցարարներ պաստառներ բռնած են ու կը պոռան։ 5. Կին մը եւ իր աղջիկը իրենց տան առջեւ կայնած են, եւ կը տեսնեն որ դրան ապակին կոտրուած է։ 6. Ծուխով ծածկուած եւ ելեկտրականութեան թելերով լեցուած քաղաք մը։

Նոյնիսկ լաւագոյն մարդկային կառավարութիւնները չեն կրցած մարդկութեան լուրջ խնդիրները լուծել

Աստուած հաստատած է Թագաւորութիւն մը, կամ կառավարութիւն մը, որ բոլոր մարդկային իշխանութիւններուն տեղը պիտի առնէ, եւ միայն ինք «յաւիտեան պիտի մնայ» (Դանիէլ 2։44)։ Ասիկա այն Թագաւորութիւնն է, որուն համար միլիոնաւորներ շարունակ կ’աղօթեն (Մատթէոս 6։9, 10)։ Բայց Աստուած այս կառավարութիւնը անձամբ պիտի չղեկավարէ։ Փոխարէնը, ան Կառավարիչ նշանակած է մէկը, որ ատեն մը մարդ էր։ Աստուած ո՞վ ընտրած է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել