Պարզութեամբ սորվեցուր
1. Յստակ եւ ազդու ուսուցումին կարեւոր մէկ երեսակը ի՞նչ է։
1 Պարզութիւնը ազդու ուսուցումի համար բանալի պահանջ մըն է։ Մեծ Ուսուցիչին՝ Յիսուսի սորվեցուցած կերպը նկատի առնելը մեզի կ’օգնէ մեր «սորվեցնելու արուեստ»ը բարելաւելու (Բ. Տիմ. 4։2, ՆԱ. Յովհ. 13։13)։
2. Պարզութեամբ ուսուցանելը ի՞նչ կը պարփակէ եւ ի՞նչ ազդեցութիւններ ունի։
2 Պարզութեամբ խօսէ։ Լերան քարոզը ցարդ մարդու կողմէ խօսուած ամէնէն խորունկ ճշմարտութիւններէն ոմանք կը բովանդակէ, բոլորն ալ պարզութեամբ արտայայտուած (Մատ., գլ. 5-7)։ Յիսուսի մտիկ ընող ամբոխը «կը զարմանար անոր վարդապետութեանը վրայ»։ Զինք ձերբակալելու ղրկուած սպասաւորները մղուեցան ըսելու. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ» (Մատ. 7։28, 29. Յովհ. 7։46)։ Պէտք չունինք բարձրահնչիւն խօսքեր, բարդ նախադասութիւններ կամ մանրամասնուած օրինակներ գործածելու, որպէսզի ճշմարտութիւնը ուրիշներուն լիովին համոզիչ դարձնենք։ Ճշմարտութիւնը կրնայ յստակօրէն բացատրուիլ, սովորական բառեր գործածելով։
3. Ոմանք ինչո՞ւ իրենց ունկնդիրները տեղեկութիւններով կ’ողողեն, եւ ի՞նչպէս կարելի է ասիկա ընելէ խուսափիլ։
3 Քանակը որոշէ։ Յիսուս իր ունկնդիրները նկատի կ’առնէր, երբ կ’որոշէր թէ որոշ ժամանակամիջոցի մը մէջ ո՛րքան տեղեկութիւն պիտի հաղորդէր (Յովհ. 16։12)։ Այս մարզին մէջ ուշադիր եւ ճկուն պէտք է ըլլանք, մանաւանդ երբ ազգականներու, նոր հետաքրքրուած անհատներու կամ երեխաներու կը վկայենք։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք, որ զանոնք շատ տեղեկութիւններով չողողենք, նոյնիսկ երբ թուի թէ ուշի–ուշով մտիկ կ’ընեն։ Պարկեշտամիտ անհատները պիտի շարունակեն ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի մասին գիտութիւն ստանալ (Յովհ. 17։3. Ա. Կոր. 3։6)։
4. Ինչո՞ւ օգտակար է գլխաւոր կէտերուն վրայ կեդրոնանալ, քան՝ մանրամասնութեանց վրայ։
4 Գլխաւոր կէտերուն վրայ կեդրոնացիր։ Յիսուս իր ուսուցումը բազմաթիւ մանրամասնութիւններով չխճողեց։ Երբ ան ըսաւ. «Բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները. . . դուրս պիտի գան», ժամանակը չէր որ երկու տեսակ յարութիւններուն մասին մանրամասնութիւններ տար (Յովհ. 5։28, 29)։ Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարենք, պէտք է գլխաւոր կէտերուն վրայ կեդրոնանանք, եւ քննարկութեան մէջ յաւելեալ անհարկի տեղեկութիւններ ներմուծելէ խուսափինք։
5. Եթէ պարզութեամբ սորվեցնենք, ի՞նչ օրհնութիւն կրնանք ձեռք ձգել։
5 Ո՜րքան երախտապարտ ենք, որ Եհովա մեզի պարզութեամբ սորվեցուցած է ի՛նչ որ պէտք ունինք գիտնալու (Մատ. 11։25)։ Ջանանք պարզութեամբ սորվեցնել ու վայելենք պտղաբեր ծառայութեան ուրախութիւնները։