Մեր հրատարակութիւնները լաւ կերպով գործածէ
1. Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի հայթայթումներուն հանդէպ Յիսուսի ունեցած գնահատութիւնը ընդօրինակել։
1 Յիսուս մեծ բազմութիւն մը հրաշալիօրէն կերակրելէ ետք, կարգադրեց որ աւելցած ուտելիքը չվատնուի (Մատ. 14։19-21)։ Եհովայի հայթայթումներուն հանդէպ այս գնահատութիւնը ընտիր օրինակ կը հանդիսանայ մեզի, որ երախտագէտ ըլլանք, ‘հաւատարիմ տնտեսին’ միջոցաւ Եհովայի հայթայթած բոլոր բաները լաւ կերպով գործածելով (Կող. 3։15. Ղուկ. 12։42. Մատ. 24։45-47)։
2. Ի՞նչպէս կրնանք թոյլ չտալ որ պարբերաթերթերը կուտակուին։
2 Պարբերաթերթեր։ Պարբերաթերթերը կրնան դիւրաւ կուտակուիլ։ Եթէ մեր քով շարունակ պարբերաթերթեր կ’աւելնան, մեր ապսպրանքը պէտք է նուազեցնենք։ Ինչ կը վերաբերի հին պարբերաթերթերուն, անոնք ժամանակի ընթացքին իրենց արժէքը չեն կորսնցներ։ Եթէ մեծ թիւով հին պարբերաթերթեր ունինք, թերեւս ծառայութեան տեսուչը կամ այլ տեսուչ մը կրնայ մեզի օգնել, որ զանոնք տեղաւորելու ազդու կերպեր գտնենք։
3, 4. Երբ Թագաւորութեան սրահէն հրատարակութիւններ պիտի առնենք, ի՞նչ կէտեր ի մտի պէտք է ունենանք։
3 Այլ հրատարակութիւններ։ Երբ ներկայացուելիք հրատարակութիւնը փոխուի, Թագաւորութեան սրահէն յաւելեալ օրինակներ առնելէ առաջ, ստուգէ թէ տունը արդէն ունի՞ս դաշտի ծառայութեան տրամադրուած օրինակներ։ Ուշադիր եղիր որ միայն մէկ շաբթուան համար հարկ եղած քանակը սրահէն առնես, եւ զանոնք տեղաւորելէ ետք, յաւելեալ քանակ մը խնդրես։
4 Անձնական գործածութեան համար ապսպրէ միայն այն հրատարակութիւնը, որուն իսկապէս կարիք ունիս։ Հրատարակութեան մէջ անունդ գրելով, պիտի կարենաս զայն չկորսնցնել։ Եթէ Դիտարանի գրադարան–ի խտասկաւառակը կը գործածես եւ անձնական պարբերաթերթերդ կը պահես, թերեւս հարկ չտեսնես Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի կազմուած հատորները ապսպրելու։
5. Երբ մեր հրատարակութիւնները կը տեղաւորենք, ի՞նչ բան պէտք չէ մոռնանք։
5 Հրատարակութիւններ տեղաւորել։ Կը ջանանք մեր հրատարակութիւնները տալ՝ միայն անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերողներուն։ Մի՛ մոռնար թէ մե՛նք ենք որ մեծաւ մասամբ ծառայութեան այս թանկարժէք գործիքներուն նիւթական ծախսերը կը ծածկենք։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու հրատարակութիւն կու տաս, մի՛ վարանիր անոնց իմացնելու, թէ իրենց նուիրատուութիւններով համաշխարհային գործին նեցուկ կանգնելու առանձնաշնորհումը ունին։
6. Մեր հրատարակութիւնները ինչո՞ւ մեծապէս կ’արժեւորենք, եւ զանոնք ի՞նչպէս կ’ուզենք գործածել։
6 Յիսուս հրաշալիօրէն ֆիզիքական ուտելիք հայթայթեց ուրիշներուն, բայց շատ յաճախ ան մարդիկը հոգեւորապէս կերակրեց։ Յիսուս ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ» (Մատ. 4։4)։ Մեր հրատարակութիւնները կը սորվեցնեն աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ, որոնք յաւիտենական կեանք ստանալու համար կենսական են (Յովհ. 17։3)։ Անոնք շա՜տ արժէքաւոր են. զանոնք չվատնենք։