Շրջանային համաժողով մը՝ մեզի օգնելու որ մեր հոգեւորութիւնը պահպանենք
1. Եհովայի ո՞ր կարգադրութիւնը մեզի պիտի օգնէ, որ բարի լուրը տարածելու յանձնարարութիւնը կատարենք։
1 Եհովա առատաձեռնօրէն կը հայթայթէ մեզի պէտք եղած տեղեկութիւնը, մարզումն ու քաջալերութիւնը, որպէսզի բարի լուրը տարածելու աստուածային յանձնարարութիւնը կատարենք (Մատ. 24։14. Բ. Տիմ. 4։17)։ Մեր տարեկան շրջանային համաժողովը այսպիսի կարգադրութիւն մըն է։ 2010–ի ծառայութեան տարուան նոր յայտագիրը պիտի զարգացնէ «Հոգեւորութիւնդ պահպանէ» բնաբանը, հիմնուած՝ Հռովմայեցիս 8։5 եւ Յուդա 17-19–ի վրայ։ Յայտագիրը պիտի սկսի 2009–ի օգոստոս 31–ով սկսող շաբաթը։
2. ա) Շրջանային համաժողովը ի՞նչ կերպերով մեզի օգտակար պիտի ըլլայ։ բ) Անցեալի շրջանային համաժողովները ի՞նչպէս ծառայութեան մէջ քեզի օգնած են։
2 Ի՛նչպէս օգտակար է։ Յայտագիրը մեզ պիտի զգուշացնէ կարգ մը վտանգներէ, օրինակ՝ զբաղումներ, որոնք կրնան մեր ժամանակը խլել եւ իրապէս կարեւոր եղող բաներէն մեր ուշադրութիւնը շեղել։ Պիտի սորվինք թոյլատու գտնուելու հոգին չէզոքացնելու կերպեր, եւ նկատի պիտի առնենք հոգեւոր անհատին յատկանիշները։ Կիրակի օրուան ելոյթաշարը ցոյց պիտի տայ, թէ անհատներ ու ընտանիքներ ի՛նչպէս կրնան իրենց հոգեւորութիւնը զօրացնելու քայլեր առնել, հետզհետէ աւելցող ճնշումներուն ու հաւատքի լուրջ փորձութիւններուն դիմաց։ Յայտագիրը մեզի պիտի օգնէ մեր սրտերը պաշտպանելու, մեր հոգեւոր առողջութիւնը պահպանելու եւ ի մտի ունենալու այն հոյակապ օրհնութիւնները, որոնք կը սպասեն իրենց հոգեւորութիւնը պահպանողներուն։
3. Շրջանային համաժողովը ե՞րբ է, եւ ի՞նչ պէտք է վճռես ընել։
3 Անմիջապէս որ իմանաս, թէ շրջանային համաժողովը ե՛րբ եւ ո՛ւր տեղի պիտի ունենայ, ծրագրէ երկու օրուան բոլոր նիստերուն ներկայ գտնուիլ։ Վստահաբար Եհովա աշխատասէր անհատին ջանքերը կ’օրհնէ (Առ. 21։5)։
4. Յառաջիկայ շրջանային համաժողովին վստահաբար ի՞նչ պիտի ստանանք։
4 Արդարեւ, այս բարի պարգեւը Հայթայթողը Եհովան է։ Հաւատարիմ ծառայ դասակարգին կողմէ պատրաստուած յայտագիրը, մեզ պիտի զօրացնէ որ շարունակենք իբրեւ քրիստոնեայ քարոզիչներ։ Եհովայի երախտապարտ ենք իր բոլոր կարգադրութիւններուն համար, որոնք մեզի կ’օգնեն ‘յոյսին դաւանութիւնը անխախտ պահելու’ (Եբ. 10։23-25. Յակ. 1։17)։