Ի՛նչպէս պարբերաթերթերը առաջարկել
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 հոկտեմբեր
«Ոմանք կ’ըսեն, թէ եթէ Աստուծոյ հաւատարիմ ես, ան քեզ պիտի օրհնէ հարստութիւն տալով, եւ թէ աղքատութիւնը Աստուծոյ տհաճութեան նշան մըն է։ Ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Հետաքրքրական է որ Յիսուս հարուստ չէր։ [Կարդա՛ Ղուկաս 9։58–ը։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ, թէ Աստուծոյ ծառաները ի՛նչպիսի օրհնութիւններ կրնան ակնկալել»։
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 նոյեմբեր
«Բոլորս ալ կեանքի մէջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք։ [Նշէ կարգ մը տեղական մարտահրաւէրներ։] Կը խորհի՞ս թէ Աստուած կրնայ մեզի օգնել անոնց հետ գլուխ ելլելու։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս համարին մէջ Յիսուս կը բնորոշէ կերպերէն մէկը, որով Աստուած մեզի կ’օգնէ։ [Կարդա՛ Ղուկաս 11։13–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ, թէ սուրբ հոգին ի՛նչ է եւ ի՛նչպէս կրնայ մեզի օգտակար ըլլալ»։