Օգնութիւն՝ հեռաձայնով վկայելու համար
Մինչ առաջնահերթութիւնը պատշաճօրէն տունէ տուն ծառայութեան կու տանք, հեռաձայնով վկայելը ազդու կերպ մըն է՝ ժողովքին նշանակուած թաղամասին մէջ բարի լուրը տարածելու, յատկապէս երբ բազմաթիւ տուներ անհասանելի են (Ղուկ. 10։5-7. Գործք 5։42. 20։20)։
Ծառայութեան այս երեսակը կրնայ քաջալերական ըլլալ եղբայրներու եւ քոյրերու, որոնք ֆիզիքական սահմանափակումներ ունին եւ իրենց ժամանակին մեծ մասը տան մէջ կ’անցընեն։ Հրատարակիչներ փոխադարձաբար պիտի քաջալերուին, երբ այս հաւատարիմներուն հետ մասնակցին քարոզելու սոյն մեթոտին (Հռով. 1։11, 12)։ Նաեւ, երբ օդը աննպաստ է, հրատարակիչներ կրնան հեռաձայնով վկայել։ Ընդհանրապէս խումբը պէտք է պզտիկ պահել, որպէսզի բոլորն ալ կարենան ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածել։
Էջ 5–ի եւ 6–ի վրայ, հեռաձայնով վկայելու համար գործածուելիք օգտալից սեւագիր մը տրուած է։ Պարապ տեղերուն մէջ կրնաս աւելցնել ներկայացումներ, որոնք թաղամասիդ մէջ ազդու են կամ քեզի համար դիւրին են։ Փոխանակ սեւագիրը գործածելու, կրնաս զայն կրկնօրինակել ու պատճէնին վրայ գրել։ Գործնական է որ նստիս ու սեղանին վրայ սեւագիրը դնես։
Հեռաձայնով վկայելու ատեն ի՞նչ յաւելեալ բաներու կարիք պիտի ունենաս։ Հետեւեալ ստուգման ցանկը աչքէ անցուր, մինչ կը նախապատրաստուիս։
◼ Անձնական Աստուածաշունչ
◼ Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանել
◼ Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն
◼ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
◼ Ընթացիկ պարբերաթերթեր եւ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը
◼ Այլազան թերթիկներ ու գրքոյկներ
◼ Յայտաթերթիկներ
◼ Տունէ տուն ծառայութեան արձանագրութիւններ եւ մատիտ կամ գրիչ
ՊԱՀԷ՛
ՍԵՒԱԳԻՐ՝ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ՎԿԱՅԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
ՆԵՐՔՈՅԻՇԵԱԼ ԿԷՏԵՐԸ Ի ՄՏԻ ՈՒՆԵՑԻՐ.
◼ Հանդարտ ու բնական եղիր։ Քաղաքավարութեամբ, համբերատարութեամբ ու բարեկամականօրէն վարուէ։
◼ Դանդաղօրէն, յստակօրէն ու բաւարար ձայնածաւալով խօսէ։
◼ Ժպտէ՛ եւ շարժուձեւեր ըրէ, կարծես թէ անհատը կրնայ քեզ տեսնել։
◼ Անհարկի դադարներ տալէ խուսափէ։
◼ Տանտիրոջ թոյլ տուր որ խօսակցութեան մասնակցի, եւ իր արտայայտած գաղափարներուն համար շնորհակալութիւն յայտնէ։
◼ Եթէ քեզի հարցում մը ուղղուի, զայն բարձրաձայն կրկնէ, որպէսզի ընկերակիցդ կարենայ քեզի օգնել պատասխանը գտնելու՝ Աստուածաշունչին, Պատճառաբանել գրքին կամ այլ հրատարակութեան մը մէջ (սովորաբար նախընտրելի է հեռաձայնի բարձրախօսը չգործածել)։
◼ Նուիրատուութեան կարգադրութիւնը մի՛ յիշեր, քանի որ ասիկա կրնայ սխալ կերպով հասկցուիլ որպէս հեռաձայնի միջոցով կատարուած հանգանակութիւն։ Տանտիրոջ անձամբ հանդիպելէ ժամանակ մը ետք, կրնաս անոր իմացնել, թէ մեր գործը լիովին կամաւոր նուիրատուութիւններով կ’օժանդակուի։
ԲԱՑՈՒՄՆԵՐ
◼ «Բարեւ։ Անունս [ . . . ] է։ Ձեզի կը հեռաձայնեմ, քանի որ անհատապէս ձեր քով գալու եւ ձեզ տեսնելու կարող չեմ։ Ես ձեր շրջանին մէջ կը բնակիմ։ [Կրնաս թաղիդ կամ շրջանիդ անունը նշել։] Հետաքրքրուած եմ ձեր կարծիքը գիտնալով հետեւեալ նիւթին շուրջ [ . . . ]»։
◼ «Բարեւ։ Անունս [ . . . ] է։ Իբրեւ հանրային ծառայութիւն, մարդոց կ’օգնեմ որ իրենց աստուածաշնչական հարցումներուն պատասխան գտնեն։ Բնաւ հարց տուա՞ծ ես [ . . . ]»։
◼ «Բարեւ։ Անունս [ . . . ] է։ Ես հեռաձայնով վաճառորդ մը չեմ. ես ձեր դրացին եմ, [ . . . ] փողոցը կը բնակիմ։ Համայնքին մէջ շատեր [ . . . ] հարցին նկատմամբ մտահոգութիւն կը յայտնեն»։ [Նշէ տեղական ընթացիկ լուր մը։]
◼ [Քու բացումդ գրէ։]
[Ապա շարունակէ՝ ներկայացումդ տալով։ Կրնաս Պատճառաբանել գրքէն կամ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն թելադրութիւն մը կարդալ, կամ անձամբ բան մը պատրաստել։]
◼ [Քու պատրաստածդ գրէ։]
Առաջին հեռաձայնին ընթացքին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկելու համար.
◼ «Բարեւ։ Անունս [ . . . ] է։ Ես ձեր դրացին եմ, [ . . . ] փողոցը կը բնակիմ։ Ձեզի կը հեռաձայնեմ, քանի որ Աստուածաշունչի ձրի դասընթացքներ կու տամ եւ յայտագրիս մէջ կրնամ նոր անհատներ պարփակել։ Ահաւասիկ կարգ մը նիւթեր, զորս կարելի է ձեր Աստուածաշունչով քննարկել։ [Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքէն երկու կամ երեք վերնագիրներ կարդա՛։] Ասոնցմէ ո՞ր մէկը ձեզ ամէնէն շատ կը հետաքրքրէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ի՛նչ որ կարդացի՝ գիրքի մը գլուխներուն վերնագիրներն են, որուն խորագիրն է՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Կը փափաքիմ այս գրքէն օրինակ մը բերել ձեզի։ Անիկա անվճար է»։
Եթէ տանտէրը վարանի, կրնաս ըսել.
◼ «Լաւ, թերեւս կրնամ ձեզի դարձեալ հեռաձայնել, հակիրճօրէն նկատի առնելու թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ ձեզ հետաքրքրող այս նիւթին շուրջ։ Սովորաբար այս ժամանակ տունը կ’ըլլա՞ք»։
◼ [Քու պատրաստածդ գրէ։]
Եթէ տանտէրը ըսէ՝
«Ո՞Վ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷՔ»։
◼ «Ես Եհովայի վկայ մըն եմ», եւ շարունակէ ներկայացումդ։
«ԹԻՒՍ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՁԵՌՔ ՁԳԵՑԻՔ»։
◼ «Հասցէատետրէն», եւ շարունակէ ներկայացումդ։
«ԻՄ ԹԻՒՍ ԴՐԱԾ ԵՄ ‘ԻՆԾԻ ՄԻ՛ ՀԵՌԱՁԱՅՆԷՔ’ ՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ»։
◼ «Քանի որ ես բան մը չեմ ծախեր, այդ ցանկը չունիմ», եւ շարունակէ ներկայացումդ։
Եթէ տանտէրը խնդրէ, որ Եհովայի վկաները իրեն դարձեալ չհեռաձայնեն՝
◼ «Ասիկա պիտի նոթագրեմ, եւ պիտի ջանանք ձեր փափաքը յարգել», ապա մի՛ շարունակեր ներկայացումդ։ [Անհատին անունը եւ օրուան թուականը գրի առ ու նոթը թաղամասի պահարանին մէջ դիր։]
Եթէ պատասխանողը գործիք է՝
◼ «Կը ցաւիմ որ ձեզ տունը չգտայ։ Անունս [ . . . ] է։ Կը հեռաձայնեմ, որ ձեզ հրաւիրեմ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած դասախօսութեան մը, որուն բնաբանն է ...։
[Օրը եւ ժամը.] ...։
[Հասցէն.] ...։
Հանգանակութիւն չկայ»։
◼ «Անունս [ . . . ] է։ Իբրեւ հանրային ծառայութիւն, մարդոց կ’օգնեմ որ իրենց աստուածաշնչական հարցումներուն պատասխան գտնեն։ Դարձեալ կը հեռաձայնեմ»։
◼ [Քու պատրաստածդ գրէ։]
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.
◼ «Կը փափաքիմ ձեզի ներկայացնել հրատարակութիւն մը, որ այս նիւթին շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ։ Ուրախ պիտի ըլլամ՝ զայն անձնապէս ձեզի բերելով։ Անիկա անվճար է»։
◼ «Ձեզի հետ խօսիլը հաճելի էր։ Կարելի՞ է որ (ամուսինիս/կնոջս հետ) ձեզի այցելեմ, այս նիւթին մասին աւելի զրուցելու համար։ Կրնանք հետեւեալ հարցումին պատասխանը քննարկել...»։
◼ «Մեր խօսակցութիւնը հաճելի էր։ Յաջորդ հեռաձայնիս, կը փափաքիմ քննարկել Աստուածաշունչին պատասխանը սա հարցումին...։ Այս ժամը յարմա՞ր է»։
◼ [Քու պատրաստածդ գրէ։]
Եթէ անհատը կը վարանի այցելութիւնդ ընդունելու, կրնաս ըսել.
◼ «Եթէ կը նախընտրէք, կրնամ հրատարակութիւնը ձեզի ուղարկել»։
◼ «Լաւ, թերեւս կրնամ ձեզի դարձեալ հեռաձայնել, մեր զրոյցը շարունակելու համար։ Այս ժամուն սովորաբար տունը կ’ըլլա՞ք»։
◼ «Հաճելի խօսակցութիւն մը ունեցանք։ Կը փափաքիմ ձեզ հրաւիրել Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած դասախօսութեան մը, որուն բնաբանն է ...։
[Օրը եւ ժամը.] ...։
[Հասցէն.] ...։
Հանգանակութիւն չկայ»։
◼ [Քու պատրաստածդ գրէ։]