Աստուածաշունչը. ճշգրիտ պատմութիւն, վստահելի մարգարէութիւն
Ի՞նչ ապացոյց ցոյց կու տայ, թէ Աստուածաշունչը պատմականօրէն ճշգրիտ է։ Աստուածաշունչի ո՞ր կատարուած մարգարէութիւնները մեզ կը հաւաստիացնեն, թէ մնացեալ մարգարէութիւններն ալ պիտի կատարուին։ Այս հարցումները նկատի կ’առնուին՝ Աստուածաշունչը. ճշգրիտ պատմութիւն, վստահելի մարգարէութիւն տեսաֆիլմին մէջ, որ Աստուածաշունչը. իրողութեան ու մարգարէութեան գիրք մը խորագրով տեսասկաւառակին վրայ գտնուող երրորդ ներկայացումն է։ Այս տեսաֆիլմը դիտելէ ետք, կրնա՞ս հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել։
1) Աստուածաշունչի վստահելի տեղեկութիւններուն Աղբիւրը ո՞վ է (Դան. 2։28)։ 2) Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս վաղեմի Եգիպտոսի մասին ճշգրիտ նկարագրութիւն մը կու տայ, եւ Եսայի 19։3, 4–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։ 3) Հնագիտութիւնը ինչպէ՞ս հաստատած է ասորեստանցիներուն, անոնց թագաւորներուն եւ Ասորեստանի վախճանին մասին Աստուածաշունչի նկարագրութիւնը (Նաւ. 3։1, 7, 13)։ 4) Բաբելոնի առնչութեամբ ո՞ր մարգարէութիւններուն վստահելի ըլլալը փաստուած է (Եր. 20։4. 50։38. 51։30)։ 5) Մարա–Պարսկաստանի նկատմամբ ո՞ր մարգարէութիւնը կատարուեցաւ (Եսա. 44։28)։ 6) Յունաստանի առնչութեամբ, Դանիէլ 7։6 եւ 8։5, 8–ը ինչպէ՞ս կատարուեցան։ 7) Հռոմ որպէս աշխարհակալ ոյժ մէջտեղ գալով, Դանիէլ 7։7–ն ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։ 8) Աստուածաշունչին մէջ ո՞ր կայսրերը նշուած են։ 9) Ներոնի իշխանութեան ներքեւ քրիստոնեաներուն ի՞նչ պատահեցաւ։ 10) Յայտնութիւն 13։11 եւ 17։10–ի մարգարէութիւնները ինչպէ՞ս կատարուեցան։ 11) Ութերորդ թագաւորին ինքնութիւնը ի՞նչ է։ 12) Տեսաֆիլմին մէջ ո՞ր տեսարանները Ժողովող 8։9–ի ճշմարիտ ըլլալը կ’ապացուցանեն։ 13) Ո՞ր մարգարէութիւններուն անձկալից կը սպասես որ կատարուին։ 14) Ինչպէ՞ս կրնաս այս տեսաֆիլմը գործածել ուրիշները համոզելու, թէ Աստուածաշունչը աստուածային ծագում ունի։