‘Աստուծոյ անունը թող սուրբ ըլլայ’
1. 2012–ի ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովի բնաբանը ի՞նչ է, իսկ ատոր հիմը ի՞նչ է։
1 Ո՜րքան առանձնաշնորհեալ ենք, որ Տիեզերքի Գերիշխանին՝ Եհովայի անունը կը կրենք։ Աստուած ինք մեզի իր անունը կրել տուաւ, եւ յատկապէս 1931–էն ի վեր, մենք ճանչցուած ենք Եհովայի յատկանշական անունով՝ Եհովայի վկաներ (Եսա. 43։10)։ Աստուծոյ միածին Որդին՝ Յիսուս, Աստուծոյ անունը մեծապէս արժեւորեց, իր տիպար աղօթքին մէջ զայն առաջին տեղը դասելով (Մատ. 6։9)։ Յիսուսի խօսքերը՝ 2012–ի ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովի բնաբանին հիմը կը կազմեն, որ է՝ «Աստուծոյ անունը թող սուրբ ըլլայ»։
2. Ո՞ր տեղեկութիւններուն անձկալից կը սպասենք։
2 Ինչ որ պիտի ունկնդրենք։ Շաբաթ օր, «Աստուծոյ անունը ճանչցուցէք որպէս լիաժամ ծառաներ» դասախօսութիւնը պիտի քննարկէ, թէ ինչո՛ւ լիաժամ ծառայութիւնը վարձահատոյց կենցաղ է։ Նաեւ պիտի ունկնդրենք «Եհովայի անուան անարգանք բերելէ զգուշացիր» ելոյթաշարը, որ մեզի պիտի օգնէ հաւանական չորս ծուղակներու մէջ իյնալէ խուսափելու։ «Աստուծոյ անունը ինչո՛ւ պէտք է սրբացուի» դասախօսութեամբ, հետեւեալ հարցումները պիտի պատասխանուին. ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ նախանձախնդրաբար քարոզենք, երբ այնպէս թուի թէ մարդիկ քիչ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն, եւ ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ իմաստալից ծառայութիւն կատարենք։ Կիրակի օր, պիտի վայելենք չորս մասերէ բաղկացած ելոյթաշար մը՝ թէ Աստուծոյ անունը ինչպէ՛ս կրնանք սրբացնել մեր խորհուրդներով, խօսքերով, որոշումներով եւ վարքով։ Իսկ նորեկները յատկապէս պիտի գնահատեն «Արմագեդոնին՝ Եհովա իր մեծ անունը պիտի սրբացնէ» խորագրով հանրային դասախօսութիւնը։
3. Ի՞նչ առանձնաշնորհում ունինք, եւ յայտագիրը մեզի ինչպէ՞ս պիտի օգնէ։
3 Շուտով Եհովա պիտի գործէ, որպէսզի իր անունը սրբացնէ (Եզեկ. 36։23)։ Մինչ այդ, հոյակապ առանձնաշնորհումը ունինք վեր բռնելու բոլոր այն բաները, զորս Եհովայի սուրբ անունը կը ներկայացնէ։ Վստահ ենք որ այս շրջանային համաժողովի յայտագիրը իւրաքանչիւրիս պիտի օգնէ, որ որպէս Աստուծոյ անունը կրողներ՝ մեր լուրջ պատասխանատուութիւնը կատարենք։