‘Թող Աստուծոյ կամքը ըլլայ’
1. 2012–ի ծառայութեան տարուան միօրեայ մասնաւոր համաժողովին բնաբանը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ յարմար է որ այս նիւթը նկատի առնենք։
1 Եհովայի կամքով է որ ստեղծուեցանք (Յայտ. 4։10բ)։ Հետեւաբար, առանց Աստուծոյ կամքը սորվելու եւ կատարելու, մեր գոյութեան նպատակը իրագործելը անկարելի պիտի ըլլար։ Ասիկա դիւրին բան չէ, քանի որ «մարմնին ու մտքին ուզածը» կամ «հեթանոսներուն կամքը» ընելու մեր ներքին հակումին դէմ պէտք է պայքարինք (Եփ. 2։3. Ա. Պետ. 4։3. Բ. Պետ. 2։10)։ Առանց Աստուծոյ օգնութեան, թերեւս նո՛յնիսկ ‘Սատանային կամքին ծառայելու’ վտանգին մէջ ըլլանք (Բ. Տիմ. 2։26)։ 2012–ի ծառայութեան տարուան մեր միօրեայ մասնաւոր համաժողովը, իւրաքանչիւրիս պիտի օգնէ որ տիպար աղօթքին երրորդ աղերսանքին համաձայն գործենք, այսինքն՝ «քու կամքդ ըլլայ» (Մատ. 6։9, 10)։
2. Յայտագրին ընթացքին ո՞ր հարցումները պիտի պատասխանուին։
2 Հարցումներ՝ որոնք պիտի պատասխանուին։ Մինչ յայտագիրը կ’ունկնդրես, հետեւեալ հարցումներուն պատասխանները փնտռէ՛. Աստուծոյ Խօսքը մտիկ ընելու կողքին ուրիշ ի՞նչ կարեւոր բան պէտք է ընենք։ Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել իմանալ թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը մեզի համար։ Ինչո՞ւ պէտք է կամենանք ամէն տեսակ մարդոց օգնել։ Ինչպէ՞ս կրնանք ճոխ եւ գոհացուցիչ կեանք ունենալ։ Պատանինե՛ր, ի՞նչ բան Եհովայի պէտք է փաստէք։ Աստուծոյ կամքը ընելը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։ Ինչո՞ւ ստիպողական է ուրիշները կերտել ե՛ւ քաջալերել։
3. Այս հոգեւոր կարգադրութենէն ինչպէ՞ս կրնանք լիովին օգտուիլ։
3 Վստահ եղիր որ ներկայ գտնուիս եւ յայտագրին լաւ ուշադրութիւն ընծայես։ Պէթէլի ներկայացուցիչ մը կամ ճամբորդող տեսուչ մը հաւանաբար ներկայ պիտի գտնուի որպէս այցելու դասախօս։ Յայտագրէն առաջ եւ վերջ, կրնաս անոր եւ իր կնոջ հետ խօսակցիլ։ Երբ տուն վերադառնաս, «մոռացկոտ լսող մը» մի՛ դառնար։ Յայտագիրը ընտանեօք վերաքաղ ըրէք եւ քննարկեցէք, թէ ինչպէ՛ս կրնաք լիակատար կերպով Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ գործել (Յակ. 1։25, ԱԾ)։
4. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ նախապատուութիւնը տանք Աստուծոյ կամքը ընելուն։
4 Շուտով, անոնք որոնք իրենց ցանկութիւնները կը հետապնդեն եւ կը մերժեն Եհովայի կամքին ենթարկուիլ, պիտի կործանուին (Ա. Յովհ. 2։17)։ Ուստի երախտապարտ ենք որ Եհովա այս ժամանակայարմար տեղեկութիւնները պատրաստած է մեզի օգնելու, որ նախապատուութիւնը տանք Աստուծոյ կամքը ընելուն։