Մեր պաշտօնական ցանցակայքը գործածէ՝ անձնական եւ ընտանեկան ուսումնասիրութիւններու համար
Կրնաս կարդալ վերջին պարբերաթերթը առցանց։ Համացանցէն կրնաս կարդալ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը, ժողովքներուն մէջ բաժնուելէն քանի մը շաբաթ առաջ։ Կրնաս ունկնդրել պարբերաթերթերուն ձայնագրութիւնները։ Ընտրէ՛ «Հրատարակութիւններ/Պարբերաթերթեր»։
Կրնաս կարդալ նիւթեր, որոնք միայն ցանցակայքին մէջ լոյս կը տեսնեն։ Այժմ, որոշ նիւթեր այլեւս չեն տպուիր, այլ լոյս կը տեսնեն միայն մեր ցանցակայքին մէջ, ինչպէս՝ «Պատանիներու համար», «Աստուածաշունչի դասերս», «Ընտանեօք քննարկենք» եւ «Պատանիներ» յօդուածաշարքերը։ Համացանցը բաց եւ այս նիւթերէն քանի մը հատը նկատի առ անձնական եւ ընտանեկան ուսումնասիրութեան ատեն։ Ընտրէ՛ «Աստուածաշնչական ուսուցումներ/Երեխաներ» կամ «Աստուածաշնչական ուսուցումներ/Պատանիներ»։
Կրնաս կարդալ վերջին լուրերը։ Կրնաս կարդալ քաջալերական տեղեկագրութիւններ եւ փորձառութիւններ եւ դիտել տեսանիւթեր, որոնք համայն աշխարհի մէջ մեր գործին յառաջդիմութիւնը լուսարձակի տակ կ’առնեն։ Աղէտներու եւ հալածանքի մասին եղած տեղեկագրութիւնները կրնան մեզի օգնել, որ վնասուած եղբայրներուն համար աւելի մանրամասն կերպով աղօթենք (Յակ. 5։16)։ Ընտրէ՛ «Լուրեր»։
Կրնաս պրպտումներ ընել՝ գործածելով Առցանց գրադարանը։ Եթէ այս գրադարանը քու լեզուովդ մատչելի է, համակարգիչդ կամ բջիջային հեռաձայնդ գործածէ՝ օրուան համարը առցանց կարդալու կամ կարգ մը նոր հրատարակութիւններէն պրպտում կատարելու։ Ընտրէ՛ «Հրատարակութիւններ/Առցանց գրադարան», կամ գրէ www.wol.jw.org։
[Գծապատկեր՝ էջ 4]
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
Փորձէ՛
1 Կտտացուր նկարը կամ «Բեռնէ» կապը։ Նկարը որպէս PDF կը բացուի։ Զայն տպէ եւ երեխայիդ տուր, որ անոր մէջի վարժութիւնները կատարէ։
2 Տեսանիւթին վրայ կտտացուր, որպէսզի զայն դիտես։