Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/13 էջ 1
  • Ի՞նչ բան մեզ կը մղէ քարոզելու

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչ բան մեզ կը մղէ քարոզելու
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մեր ընկերը սիրելը ի՛նչ կը նշանակէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ձեր սէրը ո՞ր տարողութեամբ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Քու ընկերդ կը սիրե՞ս քու անձիդ պէս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
թծ 5/13 էջ 1

Ի՞նչ բան մեզ կը մղէ քարոզելու

1. Ի՞նչ կապակցութիւն կայ սիրոյ եւ մեր ծառայութեան միջեւ։

1 Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելը ամէնէն իմաստալից գործն է, որ այսօր կրնանք ընել։ Այս մէկ գործունէութեամբ, իսկապէս ցոյց կու տանք, թէ կը հնազանդինք երկու մեծագոյն պատուիրաններուն. Եհովան սիրել եւ մեր ընկերը սիրել (Մար. 12։29-31)։ Սէրը ազդուօրէն մեզ կը մղէ նախանձախնդիր ծառաներ ըլլալու (Ա. Յովհ. 5։3)։

2. Մեր քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս սէր ցոյց կու տայ Եհովայի հանդէպ։

2 Սէր՝ Եհովայի հանդէպ։ Մեր ամենասիրելի Բարեկամին՝ Եհովային հանդէպ սէրը, մեզ կը մղէ զինք ջատագովելու։ Սատանան շուրջ 6000 տարիէ ի վեր Աստուած կը զրպարտէ (Բ. Կոր. 4։3, 4)։ Հետեւաբար, մարդիկ կը հաւատան թէ Աստուած մեղաւորները կը չարչարէ այրող դժոխքի մը մէջ, ան խորհրդաւոր Երրորդութիւն մըն է եւ մարդոցմով հետաքրքրուած չէ։ Շատեր նոյնիսկ այն եզրակացութեան հասած են, թէ ան գոյութիւն չունի։ Որքա՜ն կ’ուզենք որ մարդիկ մեր երկնաւոր Հօր մասին ճշմարտութիւնը գիտնան։ Եհովան մեծապէս կ’ուրախանայ տեսնելով մեր անխոնջ ջանքերը իր վկաները ըլլալու. իսկ Սատանան կը զայրանայ (Առ. 27։11. Եբ. 13։15, 16)։

3. Մեր ծառայութիւնը ի՞նչ կերպով սէր ցոյց կու տայ ընկերոջ հանդէպ։

3 Սէր՝ ընկերոջ հանդէպ։ Ամէն անգամ որ կը վկայենք անհատի մը, անոր հանդէպ սէր ցոյց տուած կ’ըլլանք։ Այս չար ժամանակներուն, ճարահատեալ մարդիկ պէտք ունին բարի լուրը լսելու։ Շատեր կը նմանին Յովնանի օրուան նինուէցիներուն, որոնք «աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը [չէին] գիտեր» (Յովն. 4։11)։ Մեր ծառայութիւնը մարդոց կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս յաջող եւ երջանիկ կեանք մը վարել (Եսա. 48։17-19)։ Անիկա նաեւ անոնց յոյս կը ներշնչէ (Հռով. 15։4)։ Եթէ անոնք լսեն եւ իրենց սորվածին համեմատ գործեն՝ «պիտի փրկուի[ն]» (Հռով. 10։13, 14)։

4. Եհովան ի՞նչ բան բնաւ պիտի չմոռնայ։

4 Լաւ երեխաները իրենց ծնողները սիրելու մասնաւոր ժամեր չունին, անոնք ամէ՛ն ատեն կը սիրեն զանոնք։ Նմանապէս, Աստուծոյ եւ ընկերոջ հանդէպ ուժգին սէրը մեզ պիտի մղէ, որ ոչ միայն ծառայութեան յատկացուած ժամերուն ընթացքին քարոզենք, հապա ամէ՛ն ատեն առիթներ փնտռենք վկայելու։ Անդադար պիտի քարոզենք (Գործք 5։42)։ Եհովան բնաւ պիտի չմոռնայ այդպիսի սէր մը (Եբ. 6։10)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել