Այս նիւթը որո՞նց կրնայ հետաքրքրել
1. Երբ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերու մեր անձնական օրինակը կը կարդանք, ի՞նչ բան պէտք է նկատի առնենք եւ ինչո՞ւ։
1 Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը աշխարհածաւալ դաշտը ի մտի ունենալով կը պատրաստուին։ Ուստի անոնք բազմազան նիւթերով յօդուածներ կը բովանդակեն։ Մինչ մեր անձնական օրինակին մէջ իւրաքանչիւր յօդուած կը կարդանք, հարկ է որ նկատի առնենք թէ տուեալ նիւթը յատկապէս որո՞նց կրնայ հետաքրքրել, եւ ապա զայն առաջարկելու կերպ մը մտածենք։
2. Մեր պարբերաթերթերուն մէջ ինչպիսի՞ յօդուածներ կրնան յատկապէս հետաքրքրական ըլլալ ուրիշներուն համար։
2 Արդեօք այս ամսուան Դիտարան–ի թիւը կը քննարկէ՞ աստուածաշնչական նիւթ մը, որուն շուրջ գործընկերոջդ հետ նախապէս խօսած ես։ Կա՞յ ընտանեկան կեանքի մասին յօդուած մը, որ կրնայ ազգականի մը օգնել։ Ծանօթներէդ մէկը կը ծրագրէ՞ ճամբորդել որոշ երկիր մը, որուն մասին յօդուած մը գրուած է Զարթի՛ր–ի մէջ։ Մեր պարբերաթերթերէն մէկը արդեօք մեր թաղամասին մէջ որոշ առեւտրական կամ կառավարական հաստատութիւններու ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ՞։ Օրինակ, պարբերաթերթ մը որ լուսարձակի տակ կ’առնէ տարեցներու դիմագրաւած խնդիրները, կրնայ մասնաւորաբար հետաքրքրական ըլլալ ծերանոցներու համար։ Օրէնք պարտադրող գործակալութիւններ, թերեւս հետաքրքրուին պարբերաթերթով մը, որ կը խօսի ոճիրի մասին:
3. Պատմէ փորձառութիւն մը, որ ցոյց կու տայ թէ որքան կարեւոր է առաջարկել պարբերաթերթերու որոշ թիւեր անո՛նց, որոնք, ըստ մեզի, պիտի հետաքրքրուին անոնց բովանդակութեամբ։
3 Արդիւնքներ։ Հարաւային Ափրիկէի մէջ, զոյգ մը Վկաներ, երբ Զարթի՛ր–ի հոկտեմբեր 2011 թիւը ստանան, որուն բնաբանն է «Ինչպէ՞ս մեծցնել պատասխանատու երեխաներ», հեռաձայնեցին իրենց ժողովքի թաղամասին մէջ գտնուող 25 դպրոցներուն։ Անոնցմէ 22–ը ընդունեցին պարբերաթերթերը եւ զանոնք իրենց աշակերտներուն բաշխեցին։ Նոյն երկրին մէջ, ուրիշ զոյգ մը նոյն գաղափարը ունենալով՝ պարբերաթերթերը իրենց թաղամասի դպրոցներուն բաժնեցին։ Այդ դպրոցներէն մէկուն ուսուցիչները որոշեցին այդ պարբերաթերթը գործածել իրենց դասընթացքներուն մէջ։ Այդ Վկաները իրենց փորձառութիւնը պատմեցին շրջանային տեսուչի մը, որ իր կարգին, իր շրջանի ժողովքները քաջալերեց որ իրենց թաղամասի դպրոցներուն վկայեն։ Մասնաճիւղը յաւելեալ պարբերաթերթերու ա՛յնչափ շատ ապսպրանք ստացաւ, որ հարկ եղաւ Զարթի՛ր–ի այդ թիւը վերատպել։
4. Ինչո՞ւ կ’ուզենք կարելի եղածին չափ շատ մարդոց բաշխել մեր պարբերաթերթերը։
4 Մեր պարբերաթերթերը այժմու դէպքերուն ետին գտնուող իսկական իմաստը կը քննարկեն եւ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն Աստուածաշունչին եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ։ Անոնք երկրի վրայ միակ պարբերաթերթերն են, որոնք «փրկութիւն կը քարոզ[են]» (Եսա. 52։7)։ Հետեւաբար, կ’ուզենք զանոնք կարելի եղածին չափ շատ մարդոց բաշխել։ Ասիկա ընելու լաւ կերպ մըն է հարց տալ. «Այս նիւթը որո՞նց կրնայ հետաքրքրել»։