Աստուծոյ Խօսքը զօրեղ է
1. Ի՞նչ է 2014–ի ծառայութեան տարուան միօրեայ մասնաւոր համաժողովին բնաբանը։
1 Ի տարբերութիւն որեւէ բանի որ անկատար մարդիկ մէջտեղ բերած են, Աստուածաշունչը զօրութիւնը ունի մեզ փոխելու, մեր մտածումներն ու ճամբաները Եհովայի կամքին հետ ներդաշնակելով։ Արդեօք Աստուծոյ Խօսքը որքա՞ն զօրեղ է։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր կեանքին մէջ անոր զօրութենէն լիովին օգտուիլ։ Ինչպէ՞ս կրնանք զայն աւելի ազդու կերպով գործածել ուրիշներուն օգնելու համար։ Մենք վստահ ենք որ բոլորը հոգեւորապէս պիտի կերտուին, երբ այս կէտերը քննարկուին միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրի ընթացքին, որ պատրաստուած է 2014–ի ծառայութեան տարուան համար։ Անոր բնաբանն է «Աստուծոյ Խօսքը զօրեղ է», առնուած՝ Եբրայեցիս 4։12–էն։
2. Ո՞ր հարցումներուն պատասխանները պէտք է գտնենք։
2 Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանները գտիր։ Մինչ յայտագիրը կ’ունկնդրես, վարը նշուած հարցումներուն պատասխանները նոթագրէ։
• Ինչո՞ւ Եհովայի Խօսքին պէտք է վստահինք (Սաղ. 29։4)։
• Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի Խօսքին զօրութիւնը զգալ մեր անձնական կեանքին մէջ (Սաղ. 34։8)։
• Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը յայտնի դարձնել ծառայութեանդ մէջ (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։
• Ինչպէ՞ս կրնանք Սատանայի աշխարհին խաբէական զօրութեան զոհը դառնալէն խուսափիլ (Ա. Յովհ. 5։19)։
• Ինչպէ՞ս կրնաս, որպէս պատանի, հոգեւոր գետնի վրայ յաջողութիւն գտնել (Եր. 17։7)։
• Ինչպէ՞ս կրնանք զօրաւոր ըլլալ նոյնիսկ երբ տկար ենք (Բ. Կոր. 12։10)։
• Ի՞նչ բանի կարիքը ունինք, որպէսզի շարունակաբար մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնենք, նոյնիսկ եթէ երկար ժամանակէ ի վեր գէշ սովորութիւններ եւ կեցուածքներ ունեցած ենք (Եփ. 4։23)։
3. Յայտագիրը ունկնդրելէ զատ, ուրիշ ի՞նչ կերպերով կրնանք միօրեայ մասնաւոր համաժողովէն օգտուիլ։
3 Որքա՜ն պիտի օգտուինք այս կարեւոր տեղեկութիւնները լսելով։ Ինչպէս շրջանային եւ նահանգային համաժողովները, նոյնպէս ալ միօրեայ մասնաւոր համաժողովը մեզի առիթ պիտի տայ որ մեր սիրտը լայնցնենք՝ ուրիշ ժողովքներէ եկող եղբայրներու եւ քոյրերու հետ ընկերակցելով (Սաղ. 133։1-3. Բ. Կոր. 6։11-13)։ Ուստի ժամանակ յատկացուր բարեկամներուդ հետ ընկերակցելու եւ նոր բարեկամութիւններ հաստատելու։ Եթէ այցելու դասախօս մը, ինչպէս՝ նահանգային տեսուչ կամ Բեթէլէն եղբայր մը նշանակուած է ձեր միօրեայ մասնաւոր համաժողովին, կրնաս առիթը օգտագործել զինք ու իր կինը դիմաւորելու։ Իսկապէս շա՜տ պատճառներ ունինք անձկագին սպասելու միօրեայ մասնաւոր համաժողովին։