Մեր կայքը գործածէ՝ զաւակներուդ սորվեցնելու համար
1. Մեր կայքին «Երեխաներ» բաժնին նպատակը ի՞նչ է։
1 Մեր կայքը, jw.org, պատրաստուած է ամէն տարիքի մարդիկ հետաքրքրելու համար։ Կայքին «Երեխաներ» խորագրով բաժինը (ընտրէ՛ Աստուածաշնչական ուսուցումներ > Երեխաներ) երեխաներուն եւ իրենց ծնողներուն կ’օգնէ, որ իրարու եւ Եհովային մօտենան (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Այս բաժինը ինչպէ՞ս կրնաս գործածել զաւակներուդ սորվեցնելու համար։
2. Ինչպէ՞ս կրնաս զաւակիդ տարիքին յարմար նիւթեր ընտրել, իրեն հետ քննարկելու համար։
2 Յարմարող եղիր։ Իւրաքանչիւր երեխայ ունի յատուկ կարիքներ (Ա. Կոր. 13։11)։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնաս զաւակներուդ տարիքին յարմարող նիւթեր ընտրել, իրենց հետ քննարկելու համար։ Դուն քեզի հարց տուր. «Զաւակներս ի՞նչ բանով պիտի հետաքրքրուին։ Անոնք որքանո՞վ պիտի հասկնան։ Անոնք որքա՞ն երկար կրնան կեդրոնացած մնալ»։ Երեք տարեկան կամ անկէ նուազ տարիք ունեցող զաւակներուդ հետ կրնաս քննարկել «Աստուածաշունչի դասերս» բաժնին մէջ գտնուող պատմութիւնները։ Ուրիշ ընտանիքներ հաճելի կը գտնեն «Զաւակներուդ սորվեցուր» բաժնին մէջ գտնուող Աստուածաշունչի պատմութիւնները։ Նաեւ նկատի առ հետեւեալ ընտրութիւնները։
3. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան «Ընտանեկան պաշտամունքի ծրագիրներ» բաժնին պատմութիւններն ու թելադրանքները ազդու կերպով գործածել։
3 Ընտանեկան պաշտամունքի ծրագիրներ։ Այս ծրագիրները միջոցներ են ծնողներուն օգնելու, որ իրենց երեխաներուն հետ ուսումնասիրեն։ Կտտացուր բեռնելու կոճակը եւ իւրաքանչիւր ծրագրի համար կարդա՛ «Ուղղութիւն՝ ծնողներու համար» էջը, գիտնալու համար թէ ինչպէ՛ս կրնաս պատմութիւններն ու թելադրանքները գործածել։ Մանուկներուն սորվեցնելու համար գործածէ գծագրութիւնները, ինչպէս՝ գունաւորելիք էջերը։ Իսկ դեռատիներուն օգնէ, որ փնտռտուք ընելու թելադրանքները լրացնեն։ Իւրաքանչիւր ծրագրի թելադրանքները կ’ակնարկեն միեւնոյն Աստուածաշունչի պատմութեան կամ դասին, ուստի ամէն տարիքի երեխաները կրնան մասնակցիլ ընտանեկան պաշտամունքի ծրագրին։
4. «Եհովայի ընկերը եղիր» բաժնին մէջ ի՞նչ կարելի է գտնել։
4 Եհովայի ընկերը եղիր։ Մեր կայքի այս բաժնին մէջ գտնուող տեսաերիզները, երգերն ու թելադրանքները ծնողներուն կ’օգնեն որ Աստուծոյ խօսքը իրենց մանուկներուն սրտին մէջ քանդակեն (Բ. Օր. 31։12)։ Իւրաքանչիւր կարճ տեսաերիզ, որ գծաշարժանկար է (cartoon), կարեւոր դաս մը կը սորվեցնէ։ Թելադրանքները, ինչպէս՝ փնտռէ–գտիր խաղերը, այդ դասերուն կարեւորութիւնը կ’ընդգծեն։ Քանի որ երեխաները յաճախ կը սիրեն երգել,– եւ երգերը երեխաներուն կ’օգնեն որ իրենց սորվածը յիշեն,– Թագաւորութեան երգեր եւ յատկապէս երեխաներուն համար գրուած երգեր կանոնաւորաբար կ’աւելցուին այս բաժնին մէջ։
5. Ծնողներ ինչո՞ւ պէտք է Եհովայէն օգնութիւն խնդրեն իրենց զաւակներուն ճշմարտութիւնը սորվեցնելու համար։
5 Ծնողնե՛ր, Եհովան կ’ուզէ որ յաջող մայրեր ու հայրեր ըլլաք։ Ուստի իրմէ խնդրեցէք որ ձեզի օգնէ որ ձեր զաւակներուն ճշմարտութիւնը սորվեցնէք (Դատ. 13։8)։ Եհովայի օգնութեամբ, կրնաք ձեր զաւակները մարզել, որ ‘իմաստուն ըլլան փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը’ (Բ. Տիմ. 3։15. Առ. 4։1-4)։