Ինչպէ՛ս ազդու բացումներ պատրաստել
1. Որքա՞ն կարեւոր է լաւ բացում մը ունենալը։
1 Ճիշդ ինչպէս որ համեղ ախորժաբեր մը ճաշէն առաջ ախորժակ կը բանայ, նոյնպէս ալ լաւ բացում մը դրական աստուածաշնչական քննարկութեան դուռ կը բանայ։ Ազդու բացումները իրենց երկարութեամբ եւ բովանդակութեամբ իրարմէ կը տարբերին, բայց համեղ ճաշի մը նման, անոնք ալ միշտ կը պահանջեն կանխաւ մտածողութիւն եւ նախապատրաստութիւն (Առ. 15։28)։ Ի՞նչ բան բացումը ազդու կը դարձնէ։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք հետաքրքրական բացում մը պատրաստել։
2 Ընտրէ հետաքրքրական նիւթեր։ Մեր բացումը պէտք է հետաքրքրութիւն արթնցնէ. ապա թէ ոչ տանտէրը կրնայ խօսակցութեան վերջ դնել։ Ուստի երբ բացում մը կը պատրաստես, մտածէ թէ շրջանիդ մէջ ի՛նչ նիւթեր կրնան հետաքրքրական թուիլ։ Համայնքիդ մէջ մարդիկ հետաքրքրուա՞ծ են լաւ կառավարութեամբ, ուրախ ընտանեկան կեանքով կամ պատերազմին վերջ գտնելով։ Մարդիկ ընդհանուր առմամբ կ’ուզեն իրենց կարծիքը տալ. ուստի միտք գրգռող հարցում մը պատրաստէ։ Արդեօք կրնա՞ս գործածել Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին բացումներէն մէկը, եւ զայն յարմարցնել թաղամասիդ։ Ինչո՞ւ ատեն-ատեն կարգ մը բացումներու շուրջ վարժութիւններ չընես Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյի ընթացքին։
3. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր բացումը յարմարցնել թաղամասի մարդոց մշակոյթին ու ենթահողին։
3 Ի մտի ունեցիր մարդոց մշակոյթն ու ենթահողը։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, մեզմէ կ’ակնկալուի որ մեր այցելութեան պատճառը անմիջապէս գիտցնենք։ Իսկ ուրիշ շրջաններ՝ նախքան նիւթին անցնիլը, այցելուն պէտք է տանտիրոջ որպիսութիւնը հարցնէ եւ թերեւս անձնական տեղեկութիւն մըն ալ հաղորդէ, ապա թէ ոչ անքաղաքավար կերպով վարուած կ’ըլլայ։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, մարդոց կրօնական ենթահողը մեզի թոյլ կու տայ, որ մեր բացումին մէջ ազատօրէն Աստուածաշունչին ակնարկենք (Գործք 2։14-17)։ Սակայն, եթէ մարդիկ քրիստոնեայ չեն, կամ որեւէ կրօնքի չեն պատկանիր, թերեւս աւելի լաւ ըլլայ Աստուածաշունչին ակնարկել վերայցելութեան ատեն, եւ ոչ թէ՝ բացումին (Գործք 17։22-31)։
4. Որքա՞ն ուշադիր պէտք է ըլլանք մեր բացման խօսքին։
4 Բացման խօսքը։ Բացման խօսքդ ուշադրութեամբ պատրաստէ։ Ընդհանրապէս, կարճ եւ պարզ նախադասութիւնները լաւագոյնն են։ Մեր բացման խօսքը ըսելու կերպն ալ կարեւոր է։ Խանդավառ եղիր։ Անկեղծ ու բարեկամական ժպիտ մը ունեցիր, որ ցոյց կու տայ թէ տանտիրոջմով հետաքրքրուած ես։ Այս թելադրանքներուն հետեւիլը մեզի պիտի օգնէ որ ախորժաբեր բացումներ պատրաստենք, որոնք մեր թաղամասի մարդիկը պիտի քաջալերեն որ «Տէրոջը սեղանէն» կերակրուին (Ա. Կոր. 10։21)։