Քու պատեհութիւններդ օգտագործէ՝ Թագաւորութեան պատգամը տարածելու համար
1. Դաւիթի օրինակէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։
1 Դաւիթ թագաւոր թոյլ չտուաւ որ իր պարագաները զինք անդամալուծեն։ Օրինակ, ան ուզեց Եհովային անուանը համար տուն մը շինել։ Երբ իրեն թոյլ չտրուեցաւ որ այս մէկը ընէ, Դաւիթ իր նպատակակէտերը ճշդեց եւ պատրաստութիւններ տեսաւ որ Սողոմոնին օգնէ տաճարը շինելու (Գ. Թագ. 8։17-19. Ա. Մն. 29։3-9)։ Փոխանակ կեդրոնանալու այն բաներուն վրայ, որոնք չէր կրնար ընել, Դաւիթ կեդրոնացաւ այն բաներուն վրայ, որոնք կրնա՛ր ընել։ Ինչպէ՞ս կրնանք Դաւիթը ընդօրինակել, մինչ Թագաւորութեան պատգամը տարածելու կերպեր կը փնտռենք։
2. Ի՞նչ ինքնաքննութիւն կրնանք ընել։
2 Ամէն կարելիդ ըրէ։ Շատեր իրենց կեանքը պարզացուցած են, որպէսզի օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրայութեան մասնակցին (Մատ. 6։22)։ Դուն ալ կրնա՞ս այս մէկը ընել։ Մինչ աղօթքով պարագաներդ կը քննես, թերեւս տեսնես թէ առջեւդ «մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը բացուած է»։ Եթէ պարագան այդպէս է, պատեհութիւնը օգտագործէ՛ (Ա. Կոր. 16։8, 9)։
3. Վկայութեան ի՞նչ պատեհութիւններ կրնանք օգտագործել, նոյնիսկ եթէ մեր պարագաները չեն ներեր որ ռահվիրայութեան ձեռնարկենք։
3 Լաւ ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ պարագաներդ չեն ներեր որ ռահվիրայութեան ձեռնարկես։ Մատչելի պատեհութիւնները մի՛ անտեսեր։ Օրինակ, եթէ աշխարհիկ գործիդ ընթացքին կապի մէջ կը մտնես անհաւատներու հետ, ինչո՞ւ յարմար առիթը չօգտագործես իրենց վկայելու։ Կամ եթէ առողջապահական խնդիրներ կը դիմագրաւես, կրնա՞ս պատեհութիւնները օգտագործել վկայելու համար քեզի առողջապահական խնամք մատակարարողներուն։ Յիշէ թէ կարգադրութիւն մը եղած է բոլոր անոնց համար, որոնց ծառայութիւնը սահմանափակ է՝ ծերութեան կամ առողջապահական լուրջ խնդրի մը պատճառաւ, որ առնուազն 15 վայրկեան դաշտի ծառայութիւն տեղեկագրեն։ Երբ դաշտի ծառայութեան ամսական տեղեկագիրդ կը լեցնես, վստահ եղիր որ կ’արձանագրես նաեւ այն ժամերը՝ որոնք տրամադրեցիր անպաշտօն կերպով ծառայելու, ինչպէս նաեւ այն հրատարակութիւնները, որոնք բաշխեցիր, ներառեալ՝ թերթիկներ եւ Յիշատակատօնի ու համաժողովի հրաւիրագիրներ։ Պիտի զարմանաս, թէ ինչպէ՛ս այսպիսի փոքր պատեհութիւններ օգտագործելը ծառայութեան ժամերդ աւելցուցած է։
4. Ի՞նչ վճռած ես ընել։
4 Ինչ որ ալ ըլլան մեր անձնական պարագաները, թող որ ամէն պատեհութիւն օգտագործենք՝ բարի լուրը տարածելու։ Այսպիսով գոհունակ պիտի ըլլանք, գիտնալով որ Թագաւորութեան սիրոյն մեր ամէն կարելին կ’ընենք (Մար. 14։8. Ղուկ. 21։2-4)։