Ներկայացումի նմոյշներ
Դիտարան 1 փետրուար
«Այսօր այս թերթիկը կու տանք ամէն մարդոց։ Անիկա Աստուածաշունչին գործնական արժէքին մասին կը խօսի։ Ահաւասիկ ձեզի օրինակ մը։ [Տանտիրոջ տուր Ի՞նչ է կարծիքդ Սուրբ Գիրքին մասին թերթիկը։] Ոմանք հարց կու տան, թէ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ՞ գործնական խրատներ, որոնք իրենց գործին մէջ իրենց կրնան օգնել։ Նկատի առէք թէ այս համարը ի՛նչ կ’ըսէ գործի մասին։ [Կարդա՛ Ժողովող 3։13։] Այս պարբերաթերթը կը նշէ աստուածաշնչական սկզբունքներ, որոնք մեզի կրնան օգնել մեր գործին մէջ ուրախութիւն գտնելու։ Կ’ուզէ՞ք կարդալ»։
Զարթի՛ր փետրուար
«Այսօր ձեզի կ’այցելենք եւ մեզի հետ ունինք Զարթի՛ր–ի վերջին թիւը։ Անիկա նկատի կ’առնէ հետաքրքրական հարցումի մը պատասխանը։ [Ցոյց տուր կողքը։] Կ’ուզեմ ձեր կարծիքը առնել օրինակի մը մասին, որ այս պարբերաթերթին մէջ նշուած է։ [Կարդա՛ Առակաց 29։11։] Կը կարծէ՞ք որ Աստուածաշունչի այս սկզբունքը ներկայիս գործնական է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ Աստուածաշունչի չորս սկզբունքներ եւ կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք զանոնք կիրարկելով օգտուիլ»։