«Այս խօսքերը ... քու սրտիդ մէջ թող ըլլան»
Ծնողները հովիւներու նման են։ Անոնք պէտք է լաւ հոգ տանին իրենց զաւակներուն, որոնք կրնան դիւրութեամբ մոլորիլ եւ յարձակումի ենթակայ ըլլալ (Առ. 27։23)։ Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակները հովուել։ Անոնք պէտք է ամէն օր ժամանակ տրամադրեն իրենց զաւակներուն հետ հաղորդակցելու, գիտնալու համար թէ անոնց մտքին ու սրտին մէջ ի՛նչ կայ (Առ. 20։5)։ Նաեւ ծնողներ կրակի դիմացող նիւթերով պէտք է շինեն իրենց զաւակները, որպէսզի անոնց հաւատքը զօրացնեն (Ա. Կոր. 3։10-15)։ «Այս խօսքերը . . . քու սրտիդ մէջ թող ըլլան» տեսաերիզը կը շեշտէ կանոնաւոր ընտանեկան պաշտամունքի կարեւորութիւնը։ Ընտանեօք զայն նկատի առէք, եւ ապա հետեւեալ հարցումները քննարկեցէք։
1) Ռոմըն ընտանիքին հոգեւոր բաներու վրայ չկեդրոնանալը ի՞նչ բանի առաջնորդեց։ 2) Սկիզբը ընտանեկան պաշտամունքի ընթացքին եղբայր Ռոմընի ջանքերը ինչո՞ւ ձախողեցան։ 3) Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքը զաւակները յաջող կերպով կրթելուն կը նպաստէ (Բ. Օր. 6։6, 7)։ 4) Ի՞նչ բան կը նպաստէ ընտանիքին մէջ աւելի լաւ հաղորդակցութեան։ 5) Ծնողներ ինչպիսի՞ զոհողութիւններ պէտք է ընեն իրենց զաւակներուն համար։ 6) Պէռօ ամոլը ինչպէ՞ս դրական ազդեցութիւն ունեցաւ Ռոմըն ընտանիքին վրայ (Առ. 27։17)։ 7) Ընտանիքի գլուխը կանխաւ ի՞նչ պատրաստութիւն պէտք է տեսնէ որ ընտանեկան պաշտամունքը յաջող ընթանայ։ 8) Եղբայր Ռոմըն ի՞նչ ըրաւ որ ընտանիքէն ներս բարելաւումներ ըլլան։ 9) Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ ընտանեկան պաշտամունքը կանոնաւորաբար ըլլայ (Եփ. 6։4)։ 10) Որո՞նք են ընտանեկան պաշտամունքի համար կարգ մը գործնական գաղափարները։ 11) Երբ եղբայր Ռոմըն Մարքըսին կ’օգնէր որ ճիշդը ընելու կարեւորութիւնը գնահատէ, ան ինչպէ՞ս հանդարտ, բայց հաստատ էր (Եր. 17։9)։ 12) Եղբայր Ռոմըն եւ իր կինը ինչպէ՞ս տրամաբանեցին իրենց աղջկան՝ Ռեպեքային հետ, որպէսզի իրեն օգնեն որ Ճասթընի հետ իր փոխյարաբերութեան նկատմամբ ճիշդ որոշում առնէ (Մար. 12։30. Բ. Տիմ. 2։22)։ 13) Եղբայր Ռոմըն եւ իր կինը ինչպէ՞ս հաւատք ցուցաբերեցին, երբ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կը մտցնէին (Մատ. 6։33)։ 14) Այս տեսաերիզը ինչպէ՞ս կը շեշտէ թէ հարկ է որ ընտանիքի գլուխներ իրենց ընտանիքին հոգեւոր կարիքները հոգան (Ա. Տիմ. 5։8)։ 15) Որպէս ընտանիքի գլուխ ի՞նչ վճռած ես ընել։
ՆՇՄԱՐ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԳԼՈՒԽՆԵՐՈՒՆ. Այս այժմու թատերախաղը ներկայացուեցաւ 2011–ի մարզային համաժողովներուն մէջ։ Երբ զայն դիտեցիր անդրադարձա՞ր որ ընտանեկան պաշտամունքդ բարելաւուելու կարիք ունի։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել հիմակուան համար։ Եթէ յաւելեալ ճշդումներու կարիքը կայ, հաճիս աղօթէ եւ ըստ այնմ փոփոխութիւններ ըրէ՝ ընտանիքիդ մնայուն օգտին համար (Եփ. 5։15-17)։