ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՍԱՂՄՈՍ 87-91
Բարձրեալին ծածկոցին տակ մնա՛
Եհովային ‘ծածկոցը’, կամ ապաստանարանը, մեզի հոգեւոր ապահովութիւն կու տայ
Ներկայիս Եհովային ծածկոցին տակ բնակելու համար պէտք է նուիրուինք եւ մկրտուինք
Աստուած չճանչցողներուն համար այս վայրը անծանօթ է
Եհովային ծածկոցին տակ բնակողները չեն ազդուիր ոեւէ մէկէ կամ որեւէ բանէ, որ կրնայ Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատքն ու սէրը վտանգել
‘Որսորդը’ կը փորձէ մեզ ծուղակը ձգել
Թռչունները զգոյշ են եւ դժուար է զիրենք ծուղակը ձգել
Որսորդը ուշի–ուշով կը սերտէ թռչունին սովորութիւնները եւ կը հնարէ կերպեր զինք ծուղակը ձգելու համար
Սատանան՝ ‘որսորդը’, Եհովային ժողովուրդը կը սերտէ եւ ծուղակներ կը դնէ, որպէսզի զիրենք հոգեւորապէս քանդէ
Սատանային չորս մահացու ծուղակները
Մարդու հանդէպ վախ
Դրամապաշտութիւն
Վնասակար ժամանց
Տարակարծութիւններ