Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ16 Հոկտեմբեր էջ 8
  • JW.ORG կայքի քարտերը կը գործածե՞ս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • JW.ORG կայքի քարտերը կը գործածե՞ս
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • JW.ORG կայքին գլխաւոր էջը գործածէ ծառայութեան մէջ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Կարգադրութիւններ՝ Մեզի Օգնելու որ Արիւնէ Ետ Կենանք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. JW.ORG կայքը գործածել
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
ժտ16 Հոկտեմբեր էջ 8

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

JW.ORG կայքի քարտերը կը գործածե՞ս

Եհովայի վկայ մը jw.org կայքի քարտ կու տայ անհատի մը

Քանի որ մեծ նեղութիւնը կը մօտենայ, մեր քարոզչութիւնը հրատապ է (Առ. 24։11, 12, 20)։ Մարդոց օգնելու նպատակաւ, կրնանք կայքի քարտերը գործածել՝ իրենց ուշադրութիւնը դարձնելու Աստուծոյ Խօսքին եւ մեր կայքին։ Քարտը կը պարունակէ ծածկագիր մը, որ կ’ուղղէ Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել տեսաերիզին, ինչպէս նաեւ կը պարունակէ հրաւէր մը՝ խնդրելու աւելի տեղեկութիւն կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը։ Ոմանք հրատարակութիւն չեն ընդունիր, բայց կ’ուզեն մեր կայքը այցելել։ Այդպիսիներուն մեր կայքի քարտէն տուր. բայց չհետաքրքրուող անհատներուն՝ մի՛ տար։

Մինչ առօրեայ գործերդ կ’ընես, կրնաս մէկու մը հետաքրքրութիւնը արթնցնել պարզապէս ըսելով. «Կ’ուզեմ քեզի բան մը տալ։ Այս քարտը քեզի կ’ուղղէ կայքի մը, որ կը բովանդակէ ձրի տեղեկութիւն եւ տեսաերիզներ շատ մը նիւթերու շուրջ» (Յովհ. 4։7)։ Քանի որ կայքի քարտերը պզտիկ են, կրնաս քանի մը հատ քեզի հետ ունենալ, որ որեւէ առիթի ուրիշներուն տաս։

ԿԱՅՔԻ ՔԱՐՏ ՄԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՐ. . .

  • անպաշտօն կերպով վկայած ատեն

  • առեւտրական շրջանի մէջ վկայած ատեն

  • անհատի մը, որ մեր պատգամը մտիկ կ’ընէ, բայց հրատարակութիւն չ’ընդունիր

jw.org կայքի քարտ մը ցոյց կու տայ բաց Աստուածաշունչ մը
jw.org կայքի քարտ մը ցոյց կու տայ Եհովայի վկայ մը, որ անհատի մը կը քարոզէ՝ կարդալով Սուրբ Գիրքէն համար մը
jw.org կայքի քարտ մը ցոյց կու տայ Եհովայի վկայ մը, որ ընտանիքի մը հետ Աստուածաշունչը կը սերտէ
jw.org կայքի քարտին ետեւը

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել