ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Մշակէ Աստուծոյ յատկութիւնները. Հաւատք
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
Եթէ կ’ուզենք Աստուած հաճեցնել, պէտք է հաւատք ունենանք (Եբ. 11։6)։
Աստուծոյ խոստումներուն հաւատալը մեզի կ’օգնէ որ փորձութիւններու տոկանք (Ա. Պետ. 1։6, 7)։
Հաւատք չունենալը կրնայ մեղքի առաջնորդել (Եբ. 3։12, 13)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՀԱՒԱՏՔ ՈՒՆԵՆԱԼ
Աղօթէ որ հաւատքդ աւելնայ (Ղուկ. 11։9, 13. Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։
Աստուծոյ Խօսքը կարդա՛ եւ անոր վրայ խոկա՛ (Հռով. 10։17. Ա. Տիմ. 4։15)։
Միշտ ընկերակցէ հաւատքի տէր մարդոց հետ (Հռով. 1։11, 12)։
Ինչպէ՞ս կրնամ իմ հաւատքս եւ ընտանիքիս հաւատքը զօրացնել։
ԴԻՏԷ՛ ՄՇԱԿԵՑԷՔ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՁԵՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶՕՐԱՑՆԵՆ. ՀԱՒԱՏՔ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ.
Ի՞նչ է «անկեղծ հաւատք»ը (Ա. Տիմ. 1։5)։
Զօրաւոր հաւատք ունենալու համար, ի՞նչ ժխտական ազդեցութիւններէ պէտք է հեռու մնանք։
Ինչո՞ւ հաւատք ունենալը շատ կարեւոր պիտի ըլլայ մեծ նեղութեան ընթացքին (Եբ. 10։39)։