Դարձեալ ապրիլ թերթիկը ներկայացնել Թուվալույի մէջ
Ներկայացումի նմոյշներ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ
Հարցում։ Ինչո՞ւ կարեւոր է բնական աղէտներու համար պատրաստուիլ։
Համար։ Առ. 27։12
Ներկայացում։ Այս գլուխը ցոյց կու տայ թէ Աստուած բնական աղէտներուն պատասխանատուն չէ եւ թէ ան մեզ կը մխիթարէ ըսելով որ վերջ պիտի դնէ ամէն բանի որ մարդոց չարչարանքին պատճառ կ’ըլլայ (Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ էջ 109, պարբ. 9)։
ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ
Հարցում։ Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք որ Աստուած կը սիրենք։
Համար։ Ա. Յովհ. 5։3
Ճշմարտութիւն։ Մենք ցոյց կու տանք որ Աստուած կը սիրենք, երբ իր պատուիրաններուն հնազանդինք։
ԻՐԱՊԷՍ ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՈՐ ՄԵՌԵԼՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՊՐԻՆ
Հարցում։ Աշխարհի մէջ շատեր տարելից կ’ընեն որ իրենց մեռած սիրելիները պատուեն։ Յոյս ունի՞նք որ մեր մեռած սիրելիները նորէն տեսնենք։
Համար։ Գործք 24։15
Ներկայացում։ Այս թերթիկը կը խօսի յարութեան յոյսին մասին եւ թէ անիկա ի՞նչ կրնայ նշանակել քեզի համար։ [Եթէ կարելի է, դիտել տուր Մեռելներուն համար յոյս կա՞յ վիտէոն։]
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ
Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։