ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Յովնան գիրքէն դասեր
Եհովան իր Խօսքին մէջ գրել տուած է հաւատքի տէր տղամարդոց ու կիներու պատմութիւնները, որ մեզի արժէքաւոր դասեր սորվեցնէ (Հռով. 15։4)։ Յովնան գիրքէն ի՞նչ սորվեցար։ Դիտէ Ընտանեկան պաշտամունք. Յովնան– Եհովային ողորմութենէն դասեր քաղել վիտէոն, եւ յետոյ այս հարցումներուն պատասխանէ։
Վիտէոյին մէջի երեք հրատարակիչները ի՞նչ դժուարութիւններէ անցան։
Յովնան գիրքը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ քաջալերել, եթէ յանդիմանուած ենք կամ ծառայութեան առանձնաշնորհումներ կորսնցուցած ենք (Ա. Թագ. 16։7. Յովն. 3։1, 2)։
Յովնանի պատմութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ մեր թաղամասին նկատմամբ դրական տեսակէտ ունենանք (Յովն. 4։11. Մատ. 5։7)։
Յովնանի փորձառութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ մխիթարել երբ առողջապահական մնայուն խնդիրներ ունենանք (Յովն. 2։1, 2, 7, 9)։
Այս վիտէոյէն ի՞նչ սորվեցար Սուրբ Գիրք կարդալու եւ խոկալու կարեւորութեան մասին։