ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1-3
Եհովան «ամէն մխիթարութեան Աստուածն» է
Եհովան շատ մը կերպերով մեզ կը մխիթարէ, ինչպէս ժողովքին միջոցաւ։ Ի՞նչ կերպերով կրնանք սուգի մէջ եղողները մխիթարել։
Անոնց մտիկ ըրէ առանց ընդհատելու։
‘Լացողներուն հետ լացէ՛ք’ (Հռով. 12։15)։
Քաջալերական քարտ մը, ե–նամակ մը կամ կարճ հաղորդագրութիւն մը ղրկէ (դ17.07 15, շրջանակ)։
Անոնց հետ եւ անոնց համար աղօթէ։