ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 1-5
«Մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք»
Ամէն քրիստոնեայ կարողութիւն ունի ուրիշները քաջալերելու։ Օրինակ, մենք մեր հաւատակիցները կը քաջալերենք, երբ կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ կ’ըլլանք եւ ծառայութեան կ’ելլենք, նոյնիսկ երբ ասիկա մեզի համար պայքար ըլլայ մեր վատ առողջութեան կամ ուրիշ դժուարութիւններու պատճառով (Ա. Թես. 2։2)։ Ասկէ զատ, կրնանք մխիթարել մեր հաւատացեալները, որոնք քաջալերութեան պէտք ունին, եթէ սկիզբէն մտածենք որ ի՛նչ կրնանք ըսել իրենց եւ թերեւս նոյնիսկ քիչ մը պրպտում ընենք, որ քաջալերական տեղեկութիւններ գտնենք։
Ո՞ւր կրնաս գտնել օգտակար տեղեկութիւններ, որ քաջալերես անձ մը որ մասնայատուկ դժուարութիւն մը ունի։
Ժողովքին մէջ ո՞վ կ’ուզես քաջալերել։