ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 17-19
Աստուծոյ պատերազմը վերջ պիտի դնէ բոլոր պատերազմներուն
«Սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը»՝ Եհովան ինչո՞ւ իր Որդին՝ «Խաղաղութեան Իշխան»ը նշանակեց որ պատերազմ ընէ (Բ. Կոր. 13։11. Եսա. 9։6)։
Եհովան եւ Յիսուս կը սիրեն արդարութիւնը եւ կ’ատեն չարութիւնը։
Մնայուն խաղաղութիւն եւ արդարութիւն պիտի ըլլայ միա՛յն՝ երբ չարերը մէջտեղէն վերցուին։
Աստուծոյ երկնային զօրքը ‘արդարութեամբ կը պատերազմի’, եւ ասիկա պատկերացուած է ճերմակ ձիերով եւ ճերմակ ու մաքուր բեհեզներով։
Ի՞նչ կրնանք ընել, որ այս կարեւոր պատերազմէն վերապրինք (Սոփ. 2։3)։