Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ20 Փետրուար էջ 3
  • Ի՞նչ կրնաս սորվիլ յատուկ երգերէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչ կրնաս սորվիլ յատուկ երգերէն
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յատուկ երգերը մեզ Աստուծոյ աւելի կը մօտեցնեն
    Ձեր նուիրատուութիւնները ինչպէ՛ս կը գործածուին
  • Ուրախութեամբ Եհովան փառաբանէ երգերով
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
  • Թագաւորութեան երգերը քաջութիւն կու տան
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Սերտելու համար առաջարկ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
ժտ20 Փետրուար էջ 3
Եղբայրներ ու քոյրեր միասին կ’երգեն բացօթեայ տեղ մը։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ի՞նչ կրնաս սորվիլ յատուկ երգերէն

Ո՞ր յատուկ երգերը ամէնէն շատ կը սիրես։ Ինչո՞ւ ատոնք կը սիրես։ Կը զգա՞ս որ այդ երգերուն վիտէօները կապ ունին մեր ամէնօրեայ կեանքին հետ։ Ատոնք տարբեր տեսակ նիւթեր եւ երաժշտութիւններ ունին. ուրեմն ամէն տեսակ ճաշակի երգ կայ։ Բայց յատուկ երգերը եւ ատոնց վիտէօները միայն զուարճանալու համար չեն։

Ամէն մէկ յատուկ երգ գործնական դասեր կը սորվեցնէ. դասեր՝ որոնք կրնանք գործադրել մեր կեանքին եւ ծառայութեան մէջ։ Կարգ մը երգեր կը կեդրոնանան հիւրասիրութեան, միութեան, բարեկամութեան, քաջութեան, սիրոյ կամ հաւատքի վրայ։ Ուրիշ երգեր կը խօսին Եհովային վերադառնալու, իրարու ներելու, հաւատարիմ մնալու եւ հոգեւոր նպատակակէտեր հետապնդելու մասին։ Նոյնիսկ յատուկ երգ մը կայ հեռաձայնը չափաւոր կերպով գործածելու մասին։ Դո՛ւն ի՞նչ գործնական դասեր քաղած ես յատուկ երգերէն։

ԴԻՏԷ ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ ՇԱՏ ՄՕՏ Է ՅԱՏՈՒԿ ԵՐԳԻՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Տարեց զոյգը ո՞ր ապագայ օրհնութեան մասին կը մտածէ (Ծն. 12։3)։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք մեր հաւատքը զօրացնել, որ Եհովան կրնա՛յ իր խոստումները կատարել։

  • Շատ շուտով, ի՞նչ ուրախ միութիւններ տեղի պիտի ունենան։

  • Թագաւորութեան յոյսը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ հիմակուան դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլենք (Հռով. 8։25)։

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

Հետեւեալ յատուկ երգերուն վիտէօները դիտէ, եւ ետքը պատասխանէ այս երկու հարցումներուն. վիտէոն ի՞նչ գործնական դասեր կը սորվեցնէ։ Ինչպէ՞ս կրնամ ատոնք գործադրել կեանքիս մէջ։

  • Քաջ սիրտ տուր ինծի

  • Մի՛ վախնար (Do Not Be Afraid)

  • Իրարու ներեցէք (Forgive One Another)

  • «Հիւրասիրութեան ետեւէ եղէ՛ք» (“Follow the Course of Hospitality”)

  • Քայլ պահէ (Keep the Pace)

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել