ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 8-9
Փարաւոնին հպարտութենէն դասեր
Եգիպտացի փարաւոնները ինքզինքնին աստուած կը նկատէին։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ հասկնալու որ փարաւոն ինչո՛ւ հպարտօրէն մերժեց մտիկ ընել Մովսէսին ու Ահարոնին եւ նոյնիսկ ի՛ր մոգերուն։
Մտիկ կ’ընե՞ս երբ ուրիշներ իրենց կարծիքը կու տան։ Կը գնահատե՞ս երբ մէկը խրատ կու տայ քեզի։ Թէ ոչ կը զգաս որ դուն միշտ իրաւունքով ես։ «Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն. . . կ’երթայ» (Առ. 16։18)։ Որքա՜ն կարեւոր է որ ուշադիր ըլլանք որ հպարտ չըլլանք։