ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 13-14
«Սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը»
Եհովան հոգատար եւ փափկանկատ Փրկարար է։ Ան ինչպէ՞ս նկատառու գտնուեցաւ իսրայէլացիներուն հանդէպ, երբ անոնք Եգիպտոսէն դուրս կ’ելլէին։
Ան զանոնք կազմակերպեց (Ել. 13։18)։
Ան զանոնք առաջնորդեց եւ պաշտպանեց (Ել. 14։19, 20)։
Ան իր ամբողջ ժողովուրդը փրկեց, թէ՛ մեծերը եւ թէ պզտիկները (Ել. 14։29, 30)։
Մինչ մեծ նեղութիւնը կը մօտենայ, ի՞նչ բանէ կրնաս վստահ ըլլալ (Եսա. 30։15)։