ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Վճռէ հաւատարիմ մնալ՝ մինչ վերջը կը մօտենայ
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է. Մօտ ատենէն, կարգ մը ապշեցուցիչ դէպքեր պիտի պատահին, եւ մեր քաջութիւնն ու Եհովային հանդէպ վստահութիւնը փորձի պիտի ենթարկուին։ Մեծ նեղութիւնը պիտի սկսի սուտ կրօնքին կործանումով (Մատ. 24։21. Յայտ. 17։16, 17)։ Այդ իրար անցած ժամանակին ընթացքին, կրնայ ըլլալ որ դատաստանական զօրաւոր պատգամ մը տանք (Յայտ. 16։21)։ Մագոգի Գոգը մեր վրայ պիտի յարձակի (Եզեկ. 38։10-12, 14-16)։ Եհովան իր «այն մեծ օրուանը պատերազմ»ը պիտի բերէ իր ժողովուրդը պաշտպանելու համար (Յայտ. 16։14, 16)։ Գալիք օրերուն համար մեր քաջութիւնը զօրացնելու համար, պէտք է հիմա՛ հաւատարիմ մնանք, երբ փորձութիւն ունենանք։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱԼ
Քաջաբար ապրէ Եհովային բարոյական բարձր չափանիշներուն համաձայն (Եսա. 5։20)։
Շարունակէ հաւատակիցներուն հետ Եհովան պաշտել (Եբ. 10։24, 25)։
Շուտով հնազանդէ Եհովային կազմակերպութեան տուած ուղղութիւններուն (Եբ. 13։17)։
Խոկա՛ թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ժողովուրդը փրկեց անցեալին (Բ. Պետ. 2։9)։
Եհովային աղօթէ եւ իրեն վստահէ (Սաղ. 112։7, 8)։
ԴԻՏԷ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ ՊԱՀԱՆՋՈՂ ԳԱԼԻՔ ԴԷՊՔԵՐ. ՀԱՏՈՒԱԾ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
Հրատարակիչներուն հնազանդութիւնը ինչպէ՞ս փորձի ենթարկուեցաւ, երբ իրենց ժողովքը միացաւ ուրիշ ժողովքներու։
Ի՞նչ կապ կայ քաջութեան եւ հնազանդութեան միջեւ։
Ինչո՞ւ քաջութեան պէտք պիտի ունենանք երբ Արմագեդոնը գայ։
Հիմակուընէ պատրաստուէ գալիք դէպքերուն, երբ քաջութեան պէտք պիտի ունենաս
Սուրբ Գիրքի ո՞ր պատմութիւնը կրնայ մեզի օգնել, որ մեր հաւատքը զօրացնենք Եհովային զօրութեան հանդէպ (Բ. Մն. 20։1-24)։