Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ21 Յունուար էջ 11
  • Ընտրէ Եհովային ծառայել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ընտրէ Եհովային ծառայել
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մկրտութիւն. արժէքաւոր նպատակակէտ մը
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Քրիստոնեաներէն պահանջուած է մկրտուիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Քրիստոնէական մկրտութեան պահանջները գոհացնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Մկրտութիւնը եւ Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւնդ
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
ժտ21 Յունուար էջ 11
Դարձուածքներով ճամբայ մը, որ կը ներկայացնէ Եհովային ծառայելու ճամբան։ Ճամբուն վրայի նշանները կը ներկայացնեն՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը, ժողովի ներկայ ըլլալը, քարոզելը եւ մկրտութիւնը։

Դուն ո՞ւր ես մկրտութեան տանող ճամբուն վրայ

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ընտրէ Եհովային ծառայել

Եթէ չմկրտուած պատանի ես կամ Աստուածաշունչի աշակերտ, նպատակ դրա՞ծ ես մկրտուելու։ Ինչո՞ւ պէտք է փափաքիս մկրտուիլ։ Նուիրումն ու մկրտութիւնը կը ձգեն, որ յատուկ փոխյարաբերութիւն մը ունենաս Եհովային հետ (Սաղ. 91։1)։ Ատոնք փրկութեան կ’առաջնորդեն (Ա. Պետ. 3։21)։ Ինչպէ՞ս կրնաս յառաջդիմել որ այս քայլերը առնես։

Դուն քեզի փաստէ որ ասիկա ճշմարտութիւնն է։ Երբ հարցումներ ունենաս, պրպտում ըրէ (Հռով. 12։2)։ Տես թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընես, եւ Եհովան հաճեցնելու համար ըրէ՛ այդ փոփոխութիւնները (Առ. 27։11. Եփ. 4։23, 24)։ Միշտ աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ։ Վստահ եղիր որ Եհովան իր հզօր սուրբ հոգիով պիտի զօրացնէ եւ օգնէ քեզի (Ա. Պետ. 5։10, 11)։ Կ’արժէ՛ որ ջանք թափես։ Եհովային ծառայելը լաւագոյն ընթացքն է կեանքի մէջ (Սաղ. 16։11)։

ԴԻՏԷ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՆՈՂ ՃԱՄԲԱՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Կարգ մը անհատներ ի՞նչ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելած են որպէսզի մկրտուին։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս հաւատքդ զօրացնել, որպէսզի ինքզինքդ Եհովային նուիրես։

  • Ի՞նչը ոմանց մղած է որ պէտք եղած քայլերը առնեն, որպէսզի որակեալ ըլլան մկրտուելու։

  • Եհովան ինչպէ՞ս կ’օրհնէ այն անձերը, որոնք կ’ընտրեն իրեն ծառայել։

  • Նուիրումը եւ մկրտութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն ունին։

Մկրտութեան դասախօսութեան վերջաւորութեան, դասախօսը մկրտութեան թեկնածուներէն կը խնդրէ, որ ոտքի կայնին եւ այս երկու հարցումներուն բարձրաձայն պատասխանեն.

Մեղքերուդ համար զղջացա՞ծ ես, դուն քեզ Եհովային նուիրա՞ծ ես, եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ իր ըրած փրկութեան կերպը ընդունա՞ծ ես։

Կ’ըմբռնե՞ս թէ մկրտութիւնդ ցոյց կու տայ, որ դուն Եհովայի կազմակերպութեան ընկերակցող Եհովայի վկաներէն մէկն ես։

Մկրտութեան թեկնածուները «այո՛» պատասխանելով ‘կը խոստովանին’, որ փրկանքին կը հաւատան եւ իրենց անձը անվերապահօրէն նուիրած են Եհովային (Հռով. 10։9, 10)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել