Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ21 Մայիս էջ 7
  • Եհովան սէրէ՛ մղուած կը կրթէ մեզ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովան սէրէ՛ մղուած կը կրթէ մեզ
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուած սէրէ մղուած կը կրթէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Զաւակներդ ինչպէ՞ս պէտք է խրատես
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • ‘Կրթութիւնը ընդունէ՛, որպէսզի իմաստուն ըլլաս’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Եհովային տուած կրթութիւնը իր սէրը կը յայտնէ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
ժտ21 Մայիս էջ 7
Ծնողներ լալով կեցած են տան մուտքին, մինչ կը դիտեն որ իրենց չզղջացող տղան տունը կը ձգէ–կ’երթայ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Եհովան սէրէ՛ մղուած կը կրթէ մեզ

Ընդհանրապէս, կրթութիւնը կը տրուի դաստիարակելով եւ ցուցմունքներ տալով։ Բայց ատոր մէջ կայ նաեւ սրբագրել եւ պատժել։ Եհովան մեզ կը կրթէ, որպէսզի կարենանք իր ընդունած կերպով պաշտել զինք (Հռով. 12։1. Եբ. 12։10, 11)։ Ատեններ դժուար կ’ըլլայ կրթութիւնը ընդունիլը, բայց եթէ ընդունինք, Եհովային աչքին արդար կեցուածք մը պիտի ունենանք եւ իր օրհնութիւնները վայելենք (Առ. 10։7)։ Լաւ, թէ՛ կրթութիւն տուողները եւ թէ զայն ստացողները ի՛նչ բաներ պէտք է իրենց միտքը պահեն։

Տուողը։ Երէցները, ծնողները եւ ուրիշներ ամէն ջանք կ’ընեն, որ ազնուութեամբ ու սիրով կրթութիւն տան, ինչպէս որ Եհովան կ’ընէ (Եր. 46։28)։ Նոյնիսկ զօրաւոր կրթութիւնը պէտք է չափաւոր եւ սէրէ մղուած ըլլայ (Տիտ. 1։13)։

Ստացողը։ Կրթութիւնը ի՛նչ կերպով ալ տրուի, պէտք է զայն ընդունինք եւ փորձենք շուտով գործադրել (Առ. 3։11, 12)։ Քանի որ մենք անկատար ենք, բոլորս կրթութեան պէտք ունինք, եւ կրթութիւնը տարբեր կերպերով կ’ըլլայ։ Թերեւս Սուրբ Գիրքին մէջ մեր կարդացածը մեզ կրթէ, կամ ալ՝ ժողովին ընթացքին մեր լսած մէկ բանը։ Ատեններ, ոմանք դատական յանձնախումբի մը կրթութեան պէտք կ’ունենան։ Եթէ մեզի տրուած կրթութիւնը գործադրենք, յաւիտենական կեանքը պիտի ստանանք (Առ. 10։17)։

ԴԻՏԷ «ՏԷՐԸ ԻՐ ՍԻՐԱԾԸ ԿԸ ԽՐԱՏԷ» ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • «Տէրը իր սիրածը կը խրատէ» վիտէոյէն տեսարան մը. մինչ պզտիկ է՝ Քէնըն կը քարոզէ իր ծնողքին հետ։

    Քէնըն ինչպէ՞ս էր իր պզտիկութեան, իսկ ետքը ինչպէ՞ս փոխուեցաւ։

  • «Տէրը իր սիրածը կը խրատէ» վիտէոյէն տեսարան մը. մինչ պատանի է՝ Քէնըն երէցներուն հետ կը տեսնուի։

    Եհովան ի՞նչ սիրալիր կրթութիւն տուաւ իրեն։

  • «Տէրը իր սիրածը կը խրատէ» վիտէոյէն տեսարան մը. յետագային, Քանըն ժողովքի պատանիներուն հետ կը խօսի։

    Սորվէ Եհովային տուած կրթութիւնը սիրել

    Այս փորձառութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել