ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Իմաստուն եւ մասնայատուկ խրատներ՝ JW.ORG կայքին վրայ
Աստուծոյ Խօսքին խրատները մեզի կ’օգնեն, որ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլենք (Բ. Տիմ. 3։1, 16, 17)։ Բայց ատեններ պէտք կ’ունենանք որոշ պարագայի մը համար սկզբունքներ գտնելու։ Օրինակ, թերեւս ծնող մըն ես եւ պզտիկ մեծցնելու մասին խրատի պէտք ունիս։ Կամ թերեւս պատանի մըն ես եւ փորձութիւններու առջեւ ես։ Կամ ալ թերեւս կողակիցդ կորսնցուցած ես։ Կրնաս jw.org կայքին մէջ գտնել սկզբունքներ, որոնք կրնան քեզի օգնել այսպիսի պարագաներու (Առ. 2։3-6)։
Յօդուածներ գտնելու համար, jw.org կայքին գլխաւոր էջին վրայ ընտրէ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾՆԵՐԸ բաժինը (տե՛ս նկար 1)։ Ետքը, ցանկէն զատէ քեզ հետաքրքրող մասը։ Կամ՝ ընտրէ ԳՐԱԴԱՐԱՆ > ՅՕԴՈՒԱԾԱՇԱՐՔ, եւ ետքը զատէ քեզ հետաքրքրող մասը (տե՛ս նկար 2)։ Նոյն մասերը կրնաս գտնել JW Library® էփին մէջa։ Այս երկու տեղերուն մէջի յօդուածներուն աչք մը նետելը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Ասկէ զատ, կրնաս jw.org կայքին վրայ «Փնտռել» տուփիկին միջոցաւ ուզած նիւթդ պրպտել։
«Փնտռել» տուփիկին մէջ այս նիւթերը գրէ, եւ ետքը նոթ առ, թէ ո՛ր յօդուածները կ’ուզես կարդալ։
Պզտիկ մեծցնել
Պատանիներուն համար օգնութիւն
Կողակիցի մը մահը
a Հիմակուհիմա կարգ մը յօդուածաշարքեր միայն jw.org կայքին վրայ կրնաս գտնել։