ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ուրախացի՛ր երբ հալածուիս
Քրիստոնեաները կրնան ակնկալել որ հալածուին (Յովհ. 15։20)։ Ճիշդ է որ հալածանքը մտահոգութիւն կը պատճառէ եւ ատեններ ալ՝ ցաւ, բայց կրնանք ուրախանալ՝ երբ ատոր տոկանք (Մատ. 5։10-12. Ա. Պետ. 2։19, 20)։
ԴԻՏԷ՛ ԿՐՆԱ՛ՆՔ ՈՒՐԱԽ ԸԼԼԱԼ ՀԱԿԱՌԱԿ ՀԱԼԱԾԱՆՔԻՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
Ի՞նչ սորվեցար եղբայր Պաժենովին փորձառութենէն՝
Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալու կարեւորութեան մասին։
հաւատակիցներէն օգնութիւն ստանալուն կարեւորութեան մասինa։
միշտ աղօթելու կարեւորութեան մասին։
Թագաւորութեան երգեր երգելու կարեւորութեան մասին։
մեր հաւատքին մասին ուրիշներուն խօսելու կարեւորութեան մասին։
a Կրնանք մեր բանտարկուած հաւատակիցներուն մասին աղօթել, նոյնիսկ անոնց անունը յիշելով մեր աղօթքներուն մէջ։ Բայց, մասնաճիւղը չի կրնար մեր նամակները անոնց հասցնել։