Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ21 Յունիս էջ 26-30
  • Եհովան միտքս ունենալով քայլեր առնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովան միտքս ունենալով քայլեր առնել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
  • ՈՐՈՇԵՑԻՆՔ ՈՒՐԻՇ ԵՐԿԻՐ ՓՈԽԱԴՐՈՒԻԼ
  • ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԷ
  • ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ
  • ՈՒՐԻՇ ՄԵԾ ՔԱՅԼ ՄԸ
  • ՈՒՐԱԽ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՄԸ
  • ՆՈՐԷՆ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
  • ԱՌԱԾ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՎՍ ՈՒՐԱԽ ԵՄ
  • Երախտապարտ՝ քրիստոնէական զօրաւոր ժառանգութեան մը համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Հոգեւոր լոյս կը փայլի Միջին Արեւելքի մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
դ21 Յունիս էջ 26-30

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Եհովան միտքս ունենալով քայլեր առնել

ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՏԻԱ ԵԱԶՊԵՔ

Տիա Եազպեք՝ երիտասարդ եղած ատեն։

ԱՐԵՒՈՏ առտու մը, 1984–ին, տունէս գործի կ’երթայի։ Մեր տունը կը գտնուէր Վենեզուելլայի Քարաքաս մայրաքաղաքին հարուստ մէկ շրջանին մէջ։ Ճամբուս վրայ կը խոկայի Դիտարան պարբերաթերթին մէջ վերջերս լոյս տեսած յօդուածի մը վրայ։ Նիւթը այն էր, թէ մեր դրացիները մեզ ինչպէ՛ս կը նկատեն։ Մեր տան մօտ եղող տուներուն նայելով, ես ինծի հարցուցի. ‘Դրացիներուս աչքին ես միայն պանքայի յաջող պաշտօնեա՞յ մըն եմ, թէ ոչ՝ զիս կը տեսնեն որպէս Աստուծոյ ծառայ, որ իր ընտանիքին հոգ կը տանի պանքայի մը մէջ աշխատելով’։ Չհաւնելով պատասխանը, որոշեցի հարցին նկատմամբ քայլեր առնել։

Ծնայ 19 մայիս 1940–ին, Ամիուն գիւղաքաղաքին մէջ, Լիբանան։ Քանի մը տարի ետք, մեր ընտանիքը փոխադրուեցաւ Թրիփոլի, եւ ես հոն մեծցայ հոգատար եւ ուրախ ընտանիքիս մէջ, որ Եհովա Աստուած կը ճանչնար ու կը սիրէր։ Մենք հինգ զաւակներ էինք՝ երեք աղջիկ եւ երկու տղայ, եւ ես ամէնէն պզտիկն էի։ Ծնողքիս համար դրամ շահիլը երկրորդական էր, իսկ ամէնէն կարեւոր բաներն էին՝ Սուրբ Գիրքը սերտել, քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլ եւ ուրիշներուն օգնել որ Աստուած ճանչնան։

Մեր ժողովքին մէջ, քանի մը օծեալ քրիստոնեաներ կային։ Անոնցմէ մէկն էր Միշել Ապպուտը, որ կը վարէր ինչ որ կը կոչէինք՝ մեր գիրքի ուսումնասիրութիւնը։ Ան ճշմարտութիւնը գիտցաւ Նիւ Եորքի մէջ եւ 1921–ին, քարոզչութեան սկիզբ տուաւ Լիբանանի մէջ։ Մանաւանդ կը յիշեմ, թէ ան ինչպէ՛ս յարգանքով կը վարուէր եւ կ’օգնէր Գաղաադի դպրոցը աւարտած երկու երիտասարդուհիներու՝ Էն եւ Կուէն Պիվըրներուն։ Անոնց հետ լաւ բարեկամներ եղանք։ Քանի մը տասնամեակներ ետք, շա՛տ ուրախացայ երբ Էնը Միացեալ Նահանգներուն մէջ տեսայ։ Անկէ ժամանակ մը ետք, հանդիպեցայ Կուէնին՝ որ Ուիլֆրէտ Կուչին հետ ամուսնացած էր եւ կը ծառայէր Լոնտոնի Բեթէլին մէջ, Անգլիա։

ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Երբ պատանի էի, Լիբանանի մէջ միայն քանի մը Վկաներ կային։ Բայց մենք Աստուածաշունչէն մեր գիտցածը նախանձախնդրութեամբ ուրիշներուն կը պատմէինք։ Ատիկա կ’ընէինք կարգ մը կրօնական առաջնորդներու կողմէ հակառակութիւն դիմագրաւելով հանդերձ։ Կարգ մը դէպքեր միտքս մնացած են։

Անգամ մը, ես եւ քոյրս՝ Սանան, Աստուածաշունչը կը քարոզէինք շէնքի մը մէջ։ Մինչ տանտէրերուն հետ կը խօսէինք, մեզի մօտեցաւ քահանայ մը. մէկը իրեն հեռաձայնած ըլլալու էր։ Քահանան սկսաւ անարգական խօսքեր ըսել քրոջս։ Եւ բարկութեամբ քոյրս աստիճաններէն վար հրեց՝ զինք վիրաւորելով։ Մէկը ոստիկաններուն հեռաձայնեց եւ անոնք եկան ու վստահ եղան, որ Սանային հոգ տարուի։ Իսկ քահանան ոստիկանատուն տարին, ուր գիտցան որ զէնք շալկած էր։ Ոստիկանապետը իրեն հարցուց. «Ի՞նչ է. դուն կրօնական առաջնո՞րդ ես, թէ ոչ՝ աւազակապետ»։

Լաւ կը յիշեմ ուրիշ անգամ մը, երբ ժողովքով պաս մը վարձեցինք ու գացինք հեռաւոր գիւղ մը՝ քարոզելու։ Մենք շատ հաճելի ծառայութիւն մը ունէինք, մինչեւ որ շրջանի քահանան լսեց որ մենք հոն էինք եւ կատղած ամբոխ մը բերաւ մեր վրայ։ Անոնք մեր վրայ յարձակեցան ու նոյնիսկ քարեր նետեցին, եւ հայրս վիրաւորուեցաւ։ Կը յիշեմ, թէ իր երեսը արիւնլուայ վիճակի մէջ էր։ Ինքն ու մայրս պաս վերադարձան, մենք ալ մտահոգուած իրենց ետեւէն գացինք։ Բայց բնա՛ւ պիտի չմոռնամ, թէ մայրս հօրս երեսը մաքրած ատեն ի՛նչ ըսաւ. «Եհովա, ներէ իրենց։ Չեն գիտեր ի՛նչ կ’ընեն»։

Ուրիշ առիթով մը, մեր ազգականներուն այցելեցինք Ամիունի մէջ։ Հոն հանդիպեցանք երեւելի եպիսկոպոսի մը, որ մեծ հօրս տունը եկած էր։ Եպիսկոպոսը գիտէր, որ ծնողքս Եհովայի վկաներ էին։ Թէեւ միայն վեց տարեկան էի, ան փորձեց զիս նեղը ձգել, ըսելով. «Դուն ինչո՞ւ չես մկրտուած»։ Պատասխանեցի որ դեռ պզտիկ էի եւ մկրտուելու համար, պէտք էր Սուրբ Գիրքին մասին աւելի գիտնայի եւ զօրաւոր հաւատք ունենայի։ Պատասխանս չհաւնելով, մեծ հօրս ըսաւ, որ անյարգալից էի։

Սակայն, այսպիսի գէշ դէպքեր քիչ կը պատահէին։ Լիբանանցիները ընդհանրապէս ընկերային եւ հիւրասէր են։ Ուստի, շատ մը հաճելի սուրբգրային քննարկութիւններ կ’ունենայինք եւ բաւական դասեր կը վարէինք։

ՈՐՈՇԵՑԻՆՔ ՈՒՐԻՇ ԵՐԿԻՐ ՓՈԽԱԴՐՈՒԻԼ

Երբ դեռ դպրոցական էի, Վենեզուելլայէն երիտասարդ եղբայր մը Լիբանան այցելեց։ Ան մեր ժողովներուն կու գար եւ ծանօթացաւ քրոջս՝ Ուաֆային։ Ժամանակ մը ետք ամուսնացան եւ Վենեզուելլա գացին։ Ուաֆան իր նամակներուն մէջ կը փորձէր հայրս համոզել, որ ընտանեօք Վենեզուելլա փոխադրուինք, քանի որ մեզ շատ կը կարօտնար։ Ի վերջոյ, իրեն մտիկ ըրինք եւ որոշեցինք փոխադրուիլ։

Վենեզուելլա հասանք 1953–ին եւ հաստատուեցանք Քարաքասի մէջ, նախագահական պալատէն ոչ հեռու։ Պատանի մը ըլլալով, ինծի համար շատ հետաքրքրական էր ատեն–ատեն նախագահը տեսնել իր շքեղ ինքնաշարժով։ Բայց ծնողներուս համար դիւրին չէր վարժուիլ նոր երկրի մը լեզուին, մշակոյթին, ուտելիքին եւ օդին։ Երբ անոնք հազիւ սկսան նոր կեանքին յարմարիլ, շա՜տ ցաւալի բան մը եղաւ։

Ձախէն աջ՝ Հայրս. Մայրս. Ես 1953–ին, երբ ընտանիքս Վենեզուելլա փոխադրուեցաւ

ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԷ

Հայրս հիւանդացաւ։ Ասիկա մեզի համար շատ տարօրինակ բան մըն էր, քանի որ հայրս միշտ զօրաւոր եւ առողջ եղած էր։ Չենք յիշեր որ օրին մէկը հիւանդացած էր։ Յայտնի եղաւ որ քաղցկեղ ունէր եւ գործողութեան ենթարկուեցաւ։ Ցաւօք սրտի, մէկ շաբաթ ետք ան մեռաւ։

Դժուար է նկարագրել, թէ որքա՜ն ջախջախուեցանք, մանաւանդ՝ նկատի առնելով մեր պարագաները։ Ես դեռ միայն 13 տարեկան էի։ Մենք ցնցուած էինք. կարծես թէ մեր աշխարհը փուլ եկաւ։ Որոշ ատեն մը, մօրս համար դժուար էր ընդունիլ, որ իր ամուսինը այլեւս չկար։ Բայց գիտակցեցանք որ կեանքը պէտք է շարունակուի, եւ Եհովայի օգնութեամբ կրցանք դիմանալ։ Երբ 16 տարեկանիս Քարաքասի մէջ բարձրագոյն վարժարանը աւարտեցի, զգացի թէ պէտք է ընտանիքիս թիկունք կանգնիմ դրամական գետնի վրայ։

Քոյրս Սանան եւ իր ամուսինը՝ Ռուպէն, մեծ ազդեցութիւն ունեցան հոգեւոր յառաջդիմութեանս վրայ

Մինչ այդ, քոյրս՝ Սանան ամուսնացաւ Ռուպէն Արաուհոյին հետ, որ Գաղաադի դպրոցը աւարտած էր եւ Վենեզուելլա վերադարձած էր։ Անոնք որոշեցին Նիւ Եորք փոխադրուիլ։ Երբ ընտանիքս յարմար տեսաւ որ համալսարան երթամ, Նիւ Եորք գացի, ուր կրնայի քրոջս եւ անոր ամուսինին հետ ապրիլ։ Անոնք իրապէս մեծ ազդեցութիւն ունեցան հոգեւոր յառաջդիմութեանս վրայ։ Ատկէ զատ, Պրուքլինի սպանախօս ժողովքին մէջ, շատ մը հասուն եղբայրներ կային։ Անոնցմէ երկուքը, որոնք սկսայ լաւ ճանչնալ եւ գնահատել՝ Միլթըն Հէնչըլը եւ Ֆրետերիք Ֆրանզն էին։ Անոնք Պրուքլինի Բեթէլին մէջ կը ծառայէին։

Մկրտութիւնս՝ 1957–ին

Մինչ համալսարանի առաջին տարին իր աւարտին կը մօտենար, սկսայ մտածել, թէ կեանքս ինչպէ՛ս պիտի անցընեմ։ Դիտարան պարբերաթերթին մէջ կարդացած էի եւ խորապէս մտածած էի իմաստալից նպատակակէտեր ունեցող քրիստոնեաներու մասին։ Տեսայ թէ ժողովքիս ռահվիրաները եւ բեթէլականները որքա՜ն ուրախ էին, եւ ուզեցի իրենց պէս ըլլալ։ Բայց դեռ չէի մկրտուած։ Շուտով գիտակցեցայ, թէ կարեւոր է որ կեանքս Եհովային նուիրեմ։ Այդպէս ալ ըրի, եւ ատոր համաձայն վարուեցայ մկրտութեան կարեւոր քայլը առնելով՝ 30 մարտ 1957–ին։

ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ

Այս կարեւոր քայլը առնելէ ետք, սկսայ մտածել ուրիշ քայլի մը մասին, որ կ’ուզէի առնել. լիաժամ ծառայութեան սկսիլ։ Այս գաղափարը երթալով աւելի կը սիրէի, բայց կը տեսնէի, թէ այդ քայլը առնելը դժուար պիտի ըլլար։ Ինչպէ՞ս պիտի կարենայի թէ՛ ծառայել եւ թէ համալսարան յաճախել։ Ես ու ընտանիքս ետեւ–ետեւի նամակներ գրեցինք իրարու՝ խօսելով որոշումիս մասին, որ ուսումս կեցնեմ, Վենեզուելլա վերադառնամ եւ ռահվիրայ ըլլամ։

Յունիս 1957–ին, Քարաքաս վերադարձայ։ Տեսայ որ ընտանիքիս պարագաները լաւ չէին։ Անոնք յաւելեալ եկամուտի պէտք ունէին։ Ես ինչպէ՞ս կրնայի օգնել։ Ինծի պանքային մէջ գործ առաջարկուեցաւ, բայց ես շատ կ’ուզէի ռահվիրայ ըլլալ. արդէն ատոր համար վերադարձած էի։ Վճռեցի երկուքն ալ ընել։ Տարիներով, պանքային մէջ աշխատեցայ եւ ռահվիրայութիւն ըրի։ Կեանքիս մէջ այսքա՛ն զբաղուած եւ ուրախ չէի եղած։

Ուրախութիւնս աւելցաւ, երբ ծանօթացայ եւ ամուսնացայ Սիլվիային հետ։ Ան գեղեցիկ գերմանացի քոյր մըն էր, որ շատ կը սիրէր Եհովան։ Ան իր ծնողներուն հետ Վենեզուելլա փոխադրուած էր։ Ժամանակի ընթացքին, երկու զաւակներ ունեցանք, մեր տղան՝ Միշելը (Մայք), եւ մեր աղջիկը՝ Սամիրան։ Նաեւ մօրս հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը վրաս առի։ Ան սկսաւ մեզի հետ ապրիլ։ Թէեւ ընտանեկան պատասխանատուութիւններուս հոգ տանելու համար, ռահվիրայութիւնը պէտք էր դադրեցնէի, բայց ռահվիրայական ոգին պահպանեցի։ Ես եւ Սիլվիան, երբոր կրնայինք, արձակուրդի ատեն օժանդակ ռահվիրայութիւն կ’ընէինք։

ՈՒՐԻՇ ՄԵԾ ՔԱՅԼ ՄԸ

Այն ատեն, երբ յօդուածին սկիզբը պատմածս պատահեցաւ, զաւակներս դեռ դպրոց կ’երթային։ Պէտք է ըսեմ, որ շատ հանգստաւէտ կեանք մը ունէի եւ պանքայի շրջանակին մէջ յարգուած էի։ Բայց ես կ’ուզէի ճանչցուիլ որպէս Եհովայի ծառայ։ Այդ օրը ունեցած միտքերս զիս հանգիստ չէին ձգեր։ Անոր համար, ես ու կինս նստեցանք եւ քննարկեցինք մեր դրամական վիճակը։ Եթէ պանքային մէջ գործս ձգէի, ինծի մեծ գումար պիտի տրուէր ըրած ծառայութիւններուս համար։ Եւ քանի որ պարտքեր չունէինք, տեսանք որ եթէ մեր կեանքը պարզացնէինք, մեր դրամը երկար ժամանակ պիտի բաւէր։

Այս քայլը առնելը դիւրին չէր, բայց սիրելի կինս ու մայրս լիովին ատոր թիկունք կանգնեցան։ Ուստի, անգամ մը եւս լիաժամ ծառայ պիտի ըլլայի։ Աշխարհը ինծի եղաւ։ Այնպէս կը թուէր թէ յստակ էր, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ պիտի երթայի։ Բայց շատ չանցած, լուր մը մեզ անակնկալի բերաւ։

ՈՒՐԱԽ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՄԸ

Տիան եւ Սիլվիան իրենց նորածին Կապրիէլին հետ։

Մեր երրորդ պզտիկը՝ Կապրիէլը, մեզ անակնկալի բերաւ

Օր մը մեր բժիշկը ըսաւ, որ Սիլվիան յղի է։ Երկուքս ալ անակնկալի եկանք եւ շա՜տ ուրախացանք։ Բայց մտածեցի ռահվիրայութեան քայլին մասին, որ առած էի։ Այդ որոշումը ինչպէ՞ս պիտի ազդուէր։ Մեր միտքն ու սիրտը պատրաստեցինք եւ սկսանք սպասել մեր պզտիկին։ Ի՞նչ կրնայի ընել ռահվիրայութեան նկատմամբ։

Մեր նպատակակէտերուն մասին խօսակցելէ ետք, որոշեցինք մնալ մեր ծրագրին վրայ։ Մեր տղան Կապրիէլը ծնաւ ապրիլ 1985–ին, եւ ես պանքային հրաժարականս տուի ու յունիսին ետ սկսայ ծառայել որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ։ Ժամանակի ընթացքին, առանձնաշնորհումը ունեցայ Մասնաճիւղի յանձնախումբին հետ ծառայելու։ Բայց մասնաճիւղը Քարաքասին մէջ չէր, ինչ որ կը նշանակէր թէ շաբաթը երկու կամ երեք օր շուրջ 80 քմ. ճամբայ պէտք էր կտրէի։

ՆՈՐԷՆ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Մասնաճիւղը կը գտնուէր Լա Վիքթորիա գիւղաքաղաքին մէջ, ուստի որոշեցինք ընտանեօք փոխադրուիլ Լա Վիքթորիա, որպէսզի Բեթէլին աւելի մօտ ըլլայինք։ Ատիկա մեզի համար մեծ քայլ մըն էր։ Չեմ կրնար նկարագրել թէ որքա՜ն կը գնահատեմ եւ հիացած եմ ընտանիքովս։ Անոնց համագործակցութիւնը շատ օգնեց։ Քոյրս՝ Պահան, պատրաստ էր մօրս հոգ տանելու։ Մայքը ամուսնացած էր, բայց Սամիրան ու Կապրիէլը դեռ մեզի հետ կ’ապրէին։ Ասիկա կը նշանակէր, որ Լա Վիքթորիա փոխադրուելով, անոնք Քարաքասի մէջ իրենց բարեկամներէն պիտի բաժնուէին։ Իսկ Սիլվիաս խճողուած մայրաքաղաքի մը մէջ ապրելէ ետք, պէտք էր յարմարէր պզտիկ գիւղաքաղաքի մը։ Եւ բոլորս ալ պէտք էր վարժուէինք աւելի պզտիկ տան մը մէջ ապրիլ։ Այո, Քարաքասէն Լա Վիքթորիա փոխադրուիլը մեծ փոփոխութիւն էր։

Սակայն, ամէն բան նորէն փոխուեցաւ։ Կապրիէլ ամուսնացաւ, իսկ Սամիրան ուրիշ տուն փոխադրուեցաւ։ Ետքը, 2007–ին, ես ու Սիլվիան հրաւիրուեցանք Բեթէլ։ Այդ առանձնաշնորհումը մինչեւ օրս կը վայելենք։ Մեր անդրանիկ տղան՝ Մայքը, կը ծառայէ որպէս երէց եւ ռահվիրայութիւն կ’ընէ իր կնոջ՝ Մոնիքային հետ։ Կապրիէլն ալ երէց է, եւ կը ծառայէ իր կնոջ՝ Ամպրային հետ։ Իսկ Սամիրան, ռահվիրայութիւն ընելէ զատ, Բեթէլին կ’օգնէ որպէս հեռաւոր կամաւոր։

Ձախէն աջ. Կնոջս՝ Սիլվիային հետ, Վենեզուելլայի մասնաճիւղին մէջ. Մեր անդրանիկ տղան՝ Մայքը, եւ Մոնիքան. Մեր աղջիկը՝ Սամիրան. Մեր տղան՝ Կապրիէլը, եւ Ամպրան

ԱՌԱԾ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՎՍ ՈՒՐԱԽ ԵՄ

Այո, իմ կեանքս լեցուն է կարեւոր քայլերով։ Եւ բանի՛ մը համար չեմ զղջար։ Առած որոշումներովս ուրախ եմ։ Մեծապէս կը գնահատեմ այն շատ մը հոգեւոր նշանակումները եւ առանձնաշնորհումները, որոնք Եհովային ծառայելով ունեցած եմ։ Տարիներու ընթացքին, անդրադարձած եմ, թէ որքա՜ն կարեւոր է Եհովայի հետ զօրաւոր բարեկամութիւն ունենալ։ Մեր առնելիք քայլերը, ըլլան պզտիկ կամ մեծ, ան մեզի կրնայ տալ այն խաղաղութիւնը, որ «ամէն մտքէ վեր է» (Փլպ. 4։6, 7)։ Ես եւ Սիլվիան Բեթէլին մէջ մեր ծառայութիւնը շատ կը սիրենք եւ կը զգանք, թէ կեանքի մէջ մեր առած քայլերը օրհնուած են, քանի որ միշտ Եհովան մեր մտքին մէջ պահած ենք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել