Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ21 Յուլիս էջ 8-13
  • Ընդօրինակէ Եհովայի համբերութիւնը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ընդօրինակէ Եհովայի համբերութիւնը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՀՈՎԱՆ Ի՞ՆՉ ԲԱՆԵՐՈՒ ՈՐՈՇԱԾ Է ՀԱՄԲԵՐԵԼ
  • Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵՆԷՆ
  • «Համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Շարունակենք տոկալ
    Եհովային գովերգենք. նոր երգեր
  • Տառապանքին տոկալով կրնանք օգտուիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Համբերատարութեամբ Եհովայի օրուան սպասենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
դ21 Յուլիս էջ 8-13

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 27

Ընդօրինակէ Եհովայի համբերութիւնը

«Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք» (ՂՈՒԿ. 21։19)։

ԵՐԳ 78 Երկայնամտութիւն

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa

1-2. Եսայի 65։16, 17–ին մէջ գրուած Եհովայի խօսքերը ինչպէ՞ս մեզ կը քաջալերեն, որ չյանձնուինք։

«ՄԻ՛ ՅԱՆՁՆՈՒԻՐ». ասիկա 2017–ի տարեկան համաժողովի յայտագիրին բնաբանն էր։ Յայտագիրը մեզի ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք դիմանալ մեր դժուարութիւններուն։ Ատոր վրայ չորս տարի անցած է եւ մենք տակաւին այս չար աշխարհին մէջ կեանքին կը տոկանք։

2 Վերջերս ի՞նչ բաներէ անցար։ Ընտանիքի անդամ մը կամ սիրելի բարեկամ մը կորսնցուցի՞ր։ Լուրջ հիւանդութեան մը բռնուեցա՞ր։ Ծերութեան հետեւանքները կը կրե՞ս։ Բնական աղէտէ մը, բռնութենէ կամ հալածանքէ ազդուեցա՞ր։ Կամ կը տառապի՞ս հիւանդութեան մը հետեւանքներէ, ինչպէս՝ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը։ Որքա՜ն կը սպասենք այն օրուան, երբ այս ամէնը պիտի մոռցուի–երթայ (կարդա՛ Եսայի 65։16, 17)։

3. Հիմա ի՞նչ պէտք է ընենք, եւ ինչո՞ւ։

3 Այս աշխարհին մէջ կեանքը դժուար է, եւ ապագային թերեւս ա՛լ աւելի դժուար խնդիրներու առջեւ պիտի գտնուինք (Մատ. 24։21)։ Յստակ է որ պէտք է շարունակենք համբերութիւն սորվիլ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք» (Ղուկ. 21։19)։ Երբ կը մտածենք թէ ուրիշներ ինչպէ՛ս մեր խնդիրներուն պէս խնդիրներու կը տոկան, աւելի ոյժ կ’առնենք որ շարունակենք տոկալ։

4. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ Եհովան համբերելու մէջ լաւագոյն օրինակն է։

4 Ո՞վ է տոկալուն մէջ լաւագոյն օրինակը։ Եհովա Աստուած։ Զարմացա՞ր։ Թերեւս։ Բայց եթէ մտածես, պիտի գիտնաս ինչո՛ւ։ Այս աշխարհը Սատանային իշխանութեան տակ է, եւ անոր համար խնդիրներով լեցուն է։ Եհովան զօրութիւնը ունի, որ որեւէ ատեն այդ բոլորին վերջ դնէ, բայց կը սպասէ ապագայ օրուան մը (Հռով. 9։22)։ Մինչ այդ, մեր Աստուածը կը շարունակէ համբերել, մինչեւ որ այդ որոշուած օրը հասնի։ Նկատի առնենք ինը բաներ, որոնց Եհովան որոշած է համբերել ու տոկալ։

ԵՀՈՎԱՆ Ի՞ՆՉ ԲԱՆԵՐՈՒ ՈՐՈՇԱԾ Է ՀԱՄԲԵՐԵԼ

Օձը կը դիտէ, մինչ Եւան արգիլուած պտուղը պիտի ուտէ։

5. Աստուծոյ անունը ինչպէ՞ս անարգուած է, եւ դուն ի՞նչ կը զգաս ատոր նկատմամբ։

5 Իր անուան վրայ եկած անարգանքը։ Եհովան իր անունը կը սիրէ եւ կ’ուզէ, որ ամէն անհատ զայն յարգէ (Եսա. 42։8)։ Բայց շուրջ վեց հազար տարիէ ի վեր իր բարի անունը անարգուած է (Սաղ. 74։10, 18, 23)։ Այս մէկը սկսաւ Եդեմի պարտէզին մէջ, երբ Բանսարկուն (որ կը նշանակէ՝ «Զրպարտիչ») Աստուած ամբաստանեց՝ ըսելով որ Ադամն ու Եւան կը զրկէր բանէ մը, որուն պէտք ունէին ուրախ ըլլալու համար (Ծն. 3։1-5)։ Անկէ ի վեր, Եհովան սուտ կերպով կ’ամբաստանուի, թէ մարդիկը կը զրկէ իրենց անհրաժեշտ եղող բաներէն։ Յիսուս կը նեղանար, որ իր Հօր անունը կ’անարգուէր։ Անոր համար իր աշակերտներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատ. 6։9)։

Եւան արգիլուած պտուղը Ադամին կու տայ։

6. Եհովան ինչո՞ւ թոյլ տուած է, որ երկար ժամանակ անցնի, մինչեւ որ իր գերիշխանութեան հարցը լուծուի։

6 Իր գերիշխանութեան դէմ հակառակութիւնը։ Միայն Եհովան իրաւունք ունի երկինքին ու երկրին վրայ իշխելու, եւ իր իշխելուն կերպը լաւագոյնն է (Յայտ. 4։10բ)։ Բայց Սատանան փորձած է հրեշտակներն ու մարդիկը խաբել, ձգելով որ մտածեն թէ Աստուած այդ իրաւունքը չունի։ Եհովայի գերիշխանութեան արդարացի ըլլալը մէկ օրուան մէջ լուծուելիք հարց մը չէ։ Իմաստութեամբ վարուելով, Աստուած թոյլ տուաւ որ մարդիկ իրենք իրենց վրայ իշխեն երկար ժամանակ, որ տեսնեն թէ չեն կրնար յաջողիլ, եթէ իրենց Ստեղծիչին մտիկ չընեն (Եր. 10։23)։ Որովհետեւ Աստուած կը համբերէ, այս հարցը մէկ անգամ ընդմիշտ պիտի լուծուի։ Ան պիտի ջատագովուի, երբ փաստուի որ միայն իր Թագաւորութիւնը կրնայ երկրի վրայ իսկական խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն հաստատել։

Սատանան երկինքին մէջ չար հրեշտակներով շրջապատուած է։

7. Որո՞նք Եհովայի դէմ ըմբոստացած են, եւ Եհովան անոնց ի՞նչ պիտի ընէ։

7 Իր զաւակներէն ոմանց ըմբոստութիւնը։ Եհովան հրեշտակներն ու մարդիկը կատարեալ եւ անթերի ստեղծեց։ Բայց ետքը, ըմբոստ հրեշտակը՝ Սատանան (որ կը նշանակէ «Հակառակորդ»), Եհովային դէմ հանեց կատարեալ մարդիկը՝ Ադամն ու Եւան։ Ուրիշ հրեշտակներ ու մարդիկ ալ ըմբոստացան (Յդ. 6)։ Յետագային, նոյնիսկ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդէն՝ իսրայէլ ազգէն՝ ոմանք զինք մերժեցին եւ սկսան չաստուածներ պաշտել (Եսա. 63։8, 10)։ Եհովան դաւաճանուած զգաց։ Բայց ան տոկացած է եւ պիտի շարունակէ տոկալ, մինչեւ որ ժամանակը գայ եւ բոլոր ըմբոստներուն վերջ դնէ։ Այն ատեն, Եհովան եւ իրեն հաւատարիմ եղողները ուրախ պիտի ըլլան, որ այլեւս տոկալու պէտք պիտի չունենան։

Երկինքին մէջ, Սատանան Եհովային առջեւ Յոբը կ’ամբաստանէ։ Յոբ գետինը նստած է՝ իր ամբողջ մարմինը պալարներով ծածկուած։

8-9. Եհովայի մասին ի՞նչ սուտեր կ’ըսուին, եւ մենք ի՞նչ կրնանք ընել ատոր նկատմամբ։

8 Բանսարկուին ետեւ–ետեւի սուտերը։ Սատանան Եհովայի ուղղամիտ ծառան՝ Յոբը, ամբաստանեց՝ ըսել ուզելով որ Եհովայի բոլոր հաւատարիմ ծառաները զինք կը պաշտեն անձնասէր պատճառներով (Յոբ 1։8-11. 2։3-5)։ Բանսարկուն մինչեւ օրս կը շարունակէ մարդիկը ամբաստանել (Յայտ. 12։10)։ Մենք մեր կարգին կրնանք Սատանային ստախօս ըլլալը փաստել, մեր փորձութիւններուն տոկալով եւ Եհովային հաւատարիմ մնալով, քանի որ Զինք կը սիրենք։ Ինչպէս Եհովան Յոբը օրհնեց, մեզ ալ պիտի օրհնէ մեր համբերութեան համար (Յակ. 5։11)։

9 Սատանան սուտ կրօնքի առաջնորդները կ’օգտագործէ, ըսելու համար թէ Եհովան դաժան է եւ մարդկութեան չարչարանքին համար պատասխանատու է։ Ոմանք նոյնիսկ կ’ըսեն որ երբ պզտիկներ մեռնին, Աստուած է զիրենք իր քովը առնողը, քանի որ հրեշտակներու պէտք ունի։ Ասիկա Աստուծոյ դէմ հայհոյութի՛ւն է։ Բայց մենք գիտենք, որ Եհովան սիրալիր Հայր մըն է։ Երբ լուրջ հիւանդութեան բռնուինք կամ սիրելի մը մեռնի, բնաւ մեր Աստուածը չենք մեղադրեր։ Ընդհակառակը, կը հաւատանք որ օր մը հարցերը պիտի շտկէ։ Կրնանք պատմել բոլոր անոնց, որոնք մտիկ կ’ընեն, թէ Եհովան ինչպիսի՜ սիրալիր Աստուած է։ Այն ատեն Եհովան պիտի կարենայ զինք անարգողին պատասխան տալ (Առ. 27։11)։

Կին մը հիւանդանոցին մէջ պառկած է. անոր դարմանում կը տրուի ներերակային եւ թթուածինի խողովակներով։

10. Սաղմոս 22։23, 24–ը ի՞նչ կը յայտնէ Եհովային մասին։

10 Իր սիրելի ծառաներուն չարչարանքը։ Եհովան կարեկից Աստուած է։ Ան շա՜տ կը նեղանայ, երբ կը լսէ որ իրեն կ’աղաղակենք, քանի որ կը տառապինք՝ թերեւս հալածանքի, հիւանդութեան կամ մեր անկատարութիւններուն պատճառով (կարդա՛ Սաղմոս 22։23, 24)։ Եհովան մեր ցաւը կը զգայ. կ’ուզէ՛ վերջ տալ ատոր եւ վերջ պիտի տայ (համեմատէ՛ Ելից 3։7, 8. Եսայի 63։9)։ Օրը պիտի գայ, երբ «[մեր] աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ» (Յայտ. 21։4)։

Գերեզմաննոցի մէջ, զոյգ մը կու լայ դագաղի մը նայելով, որ գերեզմանին մէջ կը դրուի։

11. Եհովան իր մեռած հաւատարիմ ծառաներուն նկատմամբ ի՞նչ բաներ կը կարօտնայ։

11 Իր մահացած բարեկամներէն բաժնուիլը։ Եհովան ի՞նչ կը զգայ հաւատարիմ տղամարդոց եւ կիներուն հանդէպ, որոնք մեռած են։ Ան շատ կը փափաքի զիրենք նորէն տեսնել (Յոբ 14։15)։ Կրնա՞ս երեւակայել, թէ Եհովան որչա՜փ կը կարօտնայ իր բարեկամը՝ Աբրահամը (Յակ. 2։23), կամ Մովսէսը, որուն հետ «դէմ առ դէմ» խօսեցաւ (Ել. 33։11)։ Եւ որքա՜ն կը սպասէ որ կրկին լսէ, թէ ինչպէ՛ս Դաւիթ եւ ուրիշ սաղմոսերգուներ իրենց գեղեցիկ փառաբանական երգերը կ’երգեն (Սաղ. 104։33)։ Թէեւ Աստուծոյ այս բարեկամները մահուան քունին մէջ են, բայց զիրենք չէ մոռցած (Եսա. 49։15)։ Ան կը յիշէ անոնց անձնաւորութեան ամէն մէկ մանրամասնութիւնը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա՝ ողջերուն, որովհետեւ անոր համար՝ բոլորը կ’ապրին» (Ղուկ. 20։38, ԱԾ)։ Ան օր մը զիրենք ետ կեանքի պիտի բերէ, եւ անգամ մը եւս իրենց անկեղծ աղօթքները պիտի լսէ եւ իրենց պաշտամունքը պիտի ընդունի։ Եթէ սիրելիներէդ մէկը մեռած է, թող այս մտքերը քեզ մխիթարեն։

Կեղեքումի օրինակներ. 1. Զինուոր մը թանք կը քշէ, մինչ ուրիշ զինուորներ անոր ետեւէն կը քալեն։ 2. Ոստիկաններ Վկայ զոյգ մը կը ձերբակալեն։

12. Յատկապէս ի՞նչ բան Եհովային ցաւ կը պատճառէ այս չար վերջին օրերուն։

12 Չարերու երեսէն մարդոց չարչարուիլը։ Երբ Եդեմի մէջ ըմբոստութիւնը եղաւ, Եհովան գիտէր որ վիճակները բարելաւուելէ առաջ, աւելի գէշ պիտի ըլլային։ Եհովան կ’ատէ չարութիւնը, անարդարութիւնը եւ վայրագութիւնը, որ ներկայիս կան աշխարհին մէջ։ Ան միշտ կարեկից եղած է մանաւանդ՝ տկարներուն, անպաշտպաններուն, որբերուն եւ այրիներուն հանդէպ (Զաք. 7։9, 10)։ Եւ ան յատկապէս կը նեղանայ, երբ իր հաւատարիմ ծառաներուն հանդէպ դաժան վերաբերմունքը եւ անոնց բանտարկուիլը կը տեսնէ։ Վստահ եղէք, որ ան կը սիրէ ձեզ՝ բոլորդ որ իրեն հետ կը տոկաք։

Մարդիկ կը խմեն ու խնճոյք կ’ընեն նայթքլապի մէջ։

13. Աստուած ինչպիսի՞ գանելի վարք կը տեսնէ մարդոց մէջ, եւ ատոր նկատմամբ ի՞նչ պիտի ընէ։

13 Մարդկային ընտանիքին բարոյական արժէքներուն ցածնալը։ Սատանան կը սիրէ ցածցնել ու նուաստացնել մարդիկը, որոնք Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած են։ Երբ Աստուած Նոյի օրերուն «տեսաւ, որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնայ. . . մարդը ստեղծելուն զղջաց ու իր սրտին մէջ տրտմեցաւ» (Ծն. 6։5, 6, 11)։ Անկէ ի վեր, վիճակները լաւացա՞ծ են։ Անշուշտ ոչ։ Սատանան որքա՜ն ուրախ ըլլալու է, տեսնելով որ աշխարհը լեցուած է ամէն տեսակի սեռային անբարոյութեամբ, մէջը ըլլալով՝ հակառակ սեռերու եւ նոյն սեռի միջեւ անբարոյ արարքները (Եփ. 4։18, 19)։ Սատանան մանաւանդ կ’ուրախանայ, երբ կը յաջողի ճշմարիտ պաշտամունքի մէջ եղողները լուրջ մեղքի մէջ ձգել։ Երբ Եհովայի համբերութիւնը վերջանայ, ան ցոյց պիտի տայ որ կ’ատէ անբարոյ վարքը, կործանելով բոլոր անբարոյ մարդիկը, որոնք չեն ուզեր փոխուիլ։

Գործարաններ օդը կ’ապականեն։ Քարիւղով ծածկուած թռչուն մը կը պայքարի։

14. Մարդը ի՞նչ կ’ընէ երկրին, բոյսերուն եւ անասուններուն։

14 Իր ստեղծագործութեան աւրուիլը։ Մարդը ոչ միայն «ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար», հապա նաեւ Եհովային կողմէ իրեն վստահուած երկրին ու անասուններուն լաւ հոգ չի տանիր (Ժող. 8։9. Ծն. 1։28)։ Կարգ մը մասնագէտներ կ’ըսեն, որ մարդոց ըրածներուն պատճառաւ, աւելի քան մէկ միլիոն բոյսերու եւ անասուններու տեսակներ գալիք տարիներուն ընթացքին պիտի ոչնչանան։ Ուստի, չենք զարմանար, երբ կ’ըսեն որ բնութիւնը վտանգի մէջ է։ Որքա՜ն ուրախ ենք, որ Եհովան խոստացած է, թէ ‘պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’ եւ ամբողջ երկրագունդը դրախտի պիտի վերածէ (Յայտ. 11։18. Եսա. 35։1)։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵՆԷՆ

15-16. Ի՞նչ բան մեզ պէտք է մղէ, որ Եհովային հետ համբերենք. օրինակով մը բացատրէ։

15 Մտածէ այն բոլոր նեղացուցիչ խնդիրներուն մասին, որոնց մեր երկնաւոր Հայրը հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը համբերէ ու կը տոկայ (տե՛ս «Եհովան ի՞նչ բաներու կը համբերէ» շրջանակը)։ Եհովան կրնար որեւէ ատեն այս չար դրութեան վերջ դնել։ Բայց իր համբերութիւնը մեզի համար օրհնութիւն եղած է։ Կրնանք այսպէս մտածել. երեւակայէ թէ ամուսնացած զոյգի մը կ’ըսուի, որ իրենց մանուկը առողջապահական լուրջ խնդիրներով պիտի ծնի, դժուար կեանք պիտի ունենայ եւ կանուխ պիտի մեռնի։ Հակառակ ատոր, ծնողքը պզտիկը աշխարհ կը բերէ, թէեւ անոր հոգ տանիլը դժուար պիտի ըլլայ իրենց համար։ Զաւակին հանդէպ իրենց սէրը զիրենք կը մղէ, որ տոկան որեւէ դժուարութեան, որպէսզի իրեն լաւագոյն կեանքը ապահովեն։

16 Նոյնպէս, Ադամէն ու Եւայէն եկած բոլոր մարդիկը անկատար վիճակով կը ծնին։ Բայց Եհովան զիրենք կը սիրէ ու իրենց հոգ կը տանի (Ա. Յովհ. 4։19)։ Եւ օրինակին մէջի ծնողներուն հակառակը, Եհովան կրնա՛յ բան մը ընել, որ իր զաւակներուն չարչարանքին վերջ տայ։ Ան օր մը նշանակած է, երբ մարդկութեան տառապանքը մէջտեղէն պիտի վերցնէ (Մատ. 24։36)։ Բայց պէտք չէ՞ իր սէրը մեզ մղէ, որ իրեն հետ համբերենք որքա՛ն որ պէտք ըլլայ։

Եհովան ի՞նչ բաներու կը համբերէ

  1. Օձը կը դիտէ, մինչ Եւան արգիլուած պտուղը պիտի ուտէ։

    1. Իր անուան վրայ եկած անարգանքը

  2. Եւան արգիլուած պտուղը Ադամին կու տայ։

    2. Իր գերիշխանութեան դէմ հակառակութիւնը

  3. Սատանան երկինքին մէջ չար հրեշտակներով շրջապատուած է։

    3. Իր զաւակներէն ոմանց ըմբոստութիւնը

  4. Երկինքին մէջ, Սատանան Եհովային առջեւ Յոբը կ’ամբաստանէ։ Յոբ գետինը նստած է՝ իր ամբողջ մարմինը պալարներով ծածկուած։

    4. Բանսարկուին ետեւ–ետեւի սուտերը

  5. Կին մը հիւանդանոցին մէջ պառկած է. անոր դարմանում կը տրուի ներերակային եւ թթուածինի խողովակներով։

    5. Իր սիրելի ծառաներուն չարչարանքը

  6. Գերեզմաննոցի մէջ, զոյգ մը կու լայ դագաղի մը նայելով, որ գերեզմանին մէջ կը դրուի։

    6. Իր մահացած բարեկամներէն բաժնուիլը

  7. Կեղեքումի օրինակներ. 1. Զինուոր մը թանք կը քշէ, մինչ ուրիշ զինուորներ անոր ետեւէն կը քալեն։ 2. Ոստիկաններ Վկայ զոյգ մը կը ձերբակալեն։

    7. Չարերու երեսէն մարդոց չարչարուիլը

  8. Մարդիկ կը խմեն ու խնճոյք կ’ընեն նայթքլապի մէջ։

    8. Մարդկային ընտանիքին բարոյական արժէքներուն ցածնալը

  9. Գործարաններ օդը կ’ապականեն։ Քարիւղով ծածկուած թռչուն մը կը պայքարի։

    9. Իր ստեղծագործութեան աւրուիլը

17. Ըստ Եբրայեցիս 12։2, 3–ի, համբերութեան վերաբերեալ՝ Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք։

17 Եհովան համբերելու եւ տոկալու մէջ կատարեալ օրինակ ձգած է։ Յիսուս կրցաւ իր Հօր համբերութիւնը ընդօրինակել։ Երկրի վրայ, Յիսուս մեզի համար տոկաց վիրաւորական խօսքերու, ամօթի եւ տանջանքի ցիցին (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։2, 3)։ Համբերելու նկատմամբ Եհովայի օրինակը անկասկած Յիսուսը զօրացուց, որ ինքն ալ համբերէ։ Անիկա մեզ ալ կրնայ զօրացնել։

18. Բ. Պետրոս 3։9–ն ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ հասկնանք, թէ Եհովայի համբերութեան արդիւնքը ի՛նչ եղած է։

18 Կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։9։ Եհովան գիտէ թէ ե՛րբ է այս չար աշխարհին վերջ դնելու լաւագոյն ժամանակը։ Իր համբերութիւնը թոյլ տուած է, որ միլիոնաւորներ հաւաքուին, որոնք զինք կը պաշտեն ու կը փառաբանեն։ Անոնք բոլորը ուրախ են, որ Եհովայի համբերութիւնը թոյլ տուած է որ ծնին, իր մասին սորվին եւ իրենց կեանքը իրեն նուիրեն։ Երբ տեսնենք որ միլիոնաւոր մարդիկ մինչեւ վերջ համբերեցին, յստակ պիտի դառնայ որ Եհովան ճիշդ որոշումը առաւ, երբ որոշեց համբերել։

19. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել, եւ ի՞նչ վարձատրութիւն պիտի ստանանք։

19 Եհովայէն կը սորվինք ինչպէ՛ս ուրախութեամբ համբերել ու տոկալ։ Հակառակ Սատանային պատճառած ամբողջ ցաւին ու տառապանքին, Եհովան կը մնայ ուրախ Աստուածը (Ա. Տիմ. 1։11)։ Մենք ալ կրնանք ուրախ մնալ, մինչ համբերութեամբ կը սպասենք որ Եհովան իր անունը սրբացնէ, գերիշխանութիւնը ջատագովէ, ամէն չարութեան վերջ դնէ եւ մեր ներկայ խնդիրները լուծէ։ Թող վճռենք համբերել եւ մխիթարուիլ այն գաղափարով, որ մեր երկնաւոր Հայրն ալ կը համբերէ։ Եթէ այդպէս ընենք, այս խօսքը մեր մասին պիտի ըսուի. «Երանի՜ այն մարդուն որ կը տոկայ փորձութեան, որովհետեւ փորձութենէն յաղթական դուրս եկողը որպէս մրցանակ պիտի ստանայ այն կեանքը, որ Տէրը խոստացաւ տալ զինք սիրողներուն» (Յակ. 1։12, ՆԹ)։

Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՍ

  • Եհովայի համբերութեան ո՞ր օրինակը յատկապէս քեզ կը տպաւորէ։

  • Յիսուս ինչպէ՞ս օգտուեցաւ համբերելու նկատմամբ իր Հօր օրինակէն։

  • Ինչո՞ւ վճռած ես համբերել ու տոկալ։

ԵՐԳ 134 Կեանքդ պատկերացուր նոր աշխարհին մէջ

a Բոլորս տեսակ–տեսակ խնդիրներ ունինք։ Ներկայիս, անոնցմէ շատեր պիտի չլուծուին. պարզապէս պէտք է համբերենք։ Բայց մենք միակը չենք։ Եհովան ի՛նք շատ բաներու կը տոկայ։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք անոնցմէ ինը։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ Եհովայի համբերութեամբ ի՛նչ լաւ բաներ եղած են եւ թէ ինչպէ՛ս իր օրինակէն կրնանք օգտուիլ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել