Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ24 Յունիս էջ 19
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովային ժողովուրդը նախանձախնդիր է ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
  • «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
  • Եհովան զգացումներ ունի՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
դ24 Յունիս էջ 19

Հարցումներ ընթերցողներէն

Սաղմոս 12։7–ին մէջ գտնուող «դուն պիտի պահես զանոնք» արտայայտութիւնը որո՞նց կ’ակնարկէ. 5–րդ համարին մէջ նշուած «աղքատներո՞ւն», թէ ոչ՝ 6–րդ համարին մէջ նշուած «Տէրոջը խօսքեր»ո՞ւն։

Շուրջի համարները ցոյց կու տան, թէ 7–րդ համարը կ’ակնարկէ մարդոց։

Սաղմոս 12։1-4–ին մէջ կը տեսնենք, որ «հաւատարիմները մարդոց որդիներուն մէջէն պակսեցան»։ Հիմա նկատի առ Սաղմոս 12։5-7–ն, որոնք կապ ունին վերի հարցումին հետ։

«‘Աղքատներուն զրկանքին ու տնանկներուն հեծութեանը համար

Հիմա պիտի ելլեմ, կ’ըսէ Տէրը,

Ազատութեան մէջ պիտի դնեմ զանիկա, որուն կը բաղձայ’։

Տէրոջը խօսքերը մաքուր խօսքեր են.

Հողէ բովքի մէջ զտուած,

Եօթը անգամ մաքրուած արծաթի պէս են։

Ո՛վ Տէր, դուն պիտի պահես զանոնք

Ու պիտի պաշտպանես այս ազգէն մինչեւ յաւիտեան»։

5–րդ համարը կը խօսի, թէ Աստուած ի՛նչ պիտի ընէ «աղքատներուն»։ Ան զանոնք պիտի ազատէ։

6–րդ համարը կ’աւելցնէ, որ «Տէրոջը խօսքերը մաքուր խօսքեր են»՝ ‘զտուած արծաթի պէս’։ Այս խօսքերը կ’արտայայտեն Եհովային Խօսքին հանդէպ մեր զգացումները (Սաղ. 18։30. 119։140)։

Հիմա նկատի առնենք յաջորդ համարը, Սաղմոս 12։7–ն. «Ո՛վ Տէր, դուն պիտի պահես զանոնք ու պիտի պաշտպանես այս ազգէն մինչեւ յաւիտեան»։ Հոս, «զանոնք» բառը որո՞նց կ’ակնարկէ։

Քանի որ 7–րդ համարը 6–րդ համարէն վերջ կու գայ, ուր կը խօսի «Տէրոջը խօսքեր»ուն մասին, ոմանք կը կարծեն որ «զանոնք» բառը կ’ակնարկէ Աստուծոյ խօսքերուն։ Այո, մենք գիտենք որ Աստուած Աստուածաշունչը պահած է, հակառակ անոր որ թշնամիներ շատ ջանք թափած են որ զայն արգիլեն կամ փճացնեն (Եսա. 40։8. Ա. Պետ. 1։25)։

Բայց նաեւ գիտենք, որ Եհովան 5–րդ համարին մէջ յիշուած մարդիկն ալ կը պահէ։ Եհովան «աղքատներուն» եւ ‘զրկուածներուն’ օգնած եւ պաշտպանած է անցեալին, եւ պիտի շարունակէ ասիկա ընել ապագային (Յոբ 36։15. Սաղ. 6։4. 31։1, 2. 54։7. 145։20)։

Լաւ, 7–րդ համարին մէջ յիշուած «զանոնք» բառը որո՞նց կ’ակնարկէ։

Եթէ աւելի մօտէն նայինք այս սաղմոսին, յստակ կը դառնայ որ ատիկա մարդոց կ’ակնարկէ։

Սաղմոս 12–ին սկիզբը, Դաւիթ կը խօսի «հաւատարիմ» ծառաներու մասին, որոնց սուտեր ըսուած են։ Ետքը, կ’ըսէ որ Եհովան սուտեր խօսողներուն դէմ պիտի ելլէ։ Այս սաղմոսը ցոյց կու տայ, թէ կրնա՛նք վստահ ըլլալ որ Աստուած իր ժողովուրդը պիտի ազատէ, քանի որ իր խօսքերը մաքուր են։

Ուրեմն, 7–րդ համարը կ’ըսէ որ Եհովան պիտի պահէ եւ պաշտպանէ «զանոնք», այսինքն՝ չարերուն զոհ գացած «աղքատներ»ն ու ‘զրկուածները’։

Եբրայերէն մազօրէթական ձեռագիրը այս համարին մէջ «զանոնք» բառը կը գործածէ։ Իսկ յունարէն Եօթանասնից թարգմանութիւնը հոս երկու անգամ «մեզ» բառը կը գործածէ, ինչ որ կ’ակնարկէ այն հաւատարիմներուն, որոնք զրկուած են։ 7–րդ համարը նաեւ կ’ըսէ որ հաւատարիմները «այս ազգէն» պիտի պաշտպանուին, այսինքն՝ «ամբարիշտներ»էն կամ անարգ չարերէն (Սաղ. 12։7, 8)։ Արամերէն Թարգումը 7–րդ համարը այսպէս թարգմանած է. «Դուն, Ո՛վ ՏԷՐ արդարները պիտի պաշտպանես։ Զանոնք յաւիտեան պիտի պահես այս չար սերունդէն։ Չարերը ամէն կողմ կը շրջին, որդի մը պէս որ մարդոց որդիներուն արիւնը կը ծծէ»։ Ասիկա ալ կը փաստէ, որ Սաղմոս 12։7–ն չ’ակնարկեր Աստուծոյ խօսքերուն։

Ուրեմն այս համարը յոյս կու տայ «հաւատարիմներ»ուն, թէ Աստուած զիրենք պիտի ազատէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել