ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 29
ԵՐԳ 83 Պէտք է ժուժկալ ըլլանք
Զգոյշ մնա՛ փորձութիւններէ
«Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք» (ՄԱՏ. 26։41)։
ՆԻՒԹ
Այս յօդուածը մեզի պիտի յիշեցնէ, թէ պէտք է մեր ամէն կարելին ընենք որ մեղք չգործենք։ Ատիկա նաեւ մեզ պիտի զգուշացնէ այն քայլերէն, որոնք մեղքի կ’առաջնորդեն։
1-2. ա) Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ զգուշացում տուաւ։ բ) Աշակերտները ինչո՞ւ Յիսուսը երեսի վրայ ձգեցին (տե՛ս նաեւ նկարները)։
«ՀՈԳԻՆ յօժար է, բայց մարմինը տկար» (Մատ. 26։41բ)a։ Յիսուս այս խօսքով ցոյց տուաւ թէ ինք կը հասկնար, որ մենք անկատար ենք եւ սխալներ կ’ընենք։ Բայց ան նաեւ այս խօսքով կը զգուշացնէր, որ չափէ դուրս ինքնավստահ չըլլանք։ Քանի մը ժամ առաջ, Յիսուսի աշակերտները ինքնավստահութեամբ ըսած էին, որ իրենք բնաւ պիտի չձգեն իրենց Տէրը (Մատ. 26։35)։ Անոնք կ’ուզէին ճիշդը ընել, բայց չէին անդրադառնար, որ երբ դժուար պարագայի մը մէջ գտնուէին կրնային տկարանալ եւ սխալ բան մը ընել։ Ասոր համար, Յիսուս այս զգուշացումը տուաւ իրենց. «Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք» (Մատ. 26։41ա)։
2 Ցաւօք սրտի, առաքեալները արթուն չկեցան։ Երբ Յիսուս ձերբակալուեցաւ, անոնք իր կողքին մնացի՞ն թէ ոչ փորձութեան տեղի տալով փախան։ Քանի որ զգոյշ չմնացին, առաքեալները ըրին ճի՛շդ ինչ որ ըսին թէ պիտի չընեն. Յիսուսը երեսի վրայ ձգեցին (Մատ. 26։56)։
Յիսուս իր աշակերտները խրատեց որ արթուն մնան եւ զգոյշ ըլլան, որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնան, բայց անոնք երեսի վրայ ձգեցին զինք (տե՛ս պարբերութիւններ 1-2)
3. ա) Եհովային հաւատարիմ մնալու համար ինչո՞ւ կարեւոր է, որ չափէ դուրս ինքնավստահ չըլլանք։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
3 Մենք պէտք չէ չափէ դուրս ինքնավստահ ըլլանք։ Ճիշդ է, թէ մենք վճռած ենք չընել բան մը որ Եհովան կը նեղացնէ, բայց ատեններ ասիկա ընելը դժուար կ’ըլլայ, քանի որ անկատար ենք (Հռով. 5։12. 7։21-23)։ Ատեններ, յանկարծ հրապուրիչ փորձութեան մը առջեւ կ’ըլլանք։ Եհովային եւ իր Որդիին հաւատարիմ մնալու համար, պէտք է Յիսուսին խրատին հետեւինք եւ զգոյշ ըլլանք մեղքի առաջնորդող փորձութիւններէ։ Այս յօդուածը մեզի պիտի օգնէ այս բանը ընելու։ Նախ, նկատի պիտի առնենք թէ ո՛ր մարզերուն մէջ պէտք է մասնաւորաբար զգոյշ ըլլանք։ Ետքը, պիտի տեսնենք որ ինչպէ՛ս կրնանք զգոյշ ըլլալ։ Եւ վերջաւորութեան նկատի պիտի առնենք, որ ինչպէ՛ս կրնանք զգոյշ մնալ։
Ո՞Ր ՄԱՐԶԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԶԳՈՅՇ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՆՔ
4-5. Ինչո՞ւ զգոյշ պէտք է ըլլանք նոյնիսկ այն մեղքերէն, որոնք պզտիկ կրնան նկատուիլ։
4 Նոյնիսկ պզտիկ նկատուած մեղքերը կրնան Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը տկարացնել։ Ասկէ զատ, անոնք կրնան մեզ առաջնորդել, որ աւելի լուրջ մեղքեր գործենք։
5 Բոլորս ալ փորձութիւններ կ’ունենանք, բայց ամէն մէկս ունի տկարութիւն մը, այս երե՛ք մարզերէն մէկուն մէջ. լուրջ մեղք մը գործել, որոշ անմաքուր վարք մը ունենալ կամ աշխարհային մտածելակերպ զարգացնել։ Օրինակ, անհատ մը թերեւս կը պայքարի սեռային անբարոյութիւն գործելու փորձութեան դէմ։ Ուրիշ մը թերեւս կը պայքարի անմաքուր սովորութիւններու դէմ, ինչպէս՝ պոռնկագրութիւն դիտել կամ գիջութիւն ընել (այսինքն՝ սեռային անդամները շոյելով սեռային փափաքները գոհացնել)։ Տակաւին ուրիշ մը թերեւս կը պայքարի քանի որ մարդու վախ ունի, իր անձնական կարծիքին կը վստահի, շուտով կը բարկանայ կամ ուրիշ բանի մը դէմ։ Ինչպէս Յակոբոս ըսաւ. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած» (Յակ. 1։14)։
6. Ի՞նչ բանի նկատմամբ մենք մեզ պէտք չէ խաբենք։
6 Գիտե՞ս թէ ո՛ր մարզերը քեզի համար միւսներէն աւելի փորձութիւն մըն են։ Վտանգաւոր է մեր տկարութիւնները ուրանալ եւ ենթադրել, որ մենք շատ զօրաւոր ենք եւ մեղք չենք գործեր (Ա. Յովհ. 1։8)։ Պօղոս ըսաւ, որ նոյնիսկ անոնք որոնք ‘հոգեւոր են’ կրնան փորձութեան տեղի տալ, եթէ զգոյշ չըլլան (Գաղ. 6։1)։ Պէտք է մենք մեզ չխաբենք եւ գիտնանք թէ, ո՛ր մարզերուն մէջ մենք տկար ենք (Բ. Կոր. 13։5)։
7. Ամէնէն շատ ի՞նչ բանի պէտք է ուշադիր ըլլանք. բացատրէ՛։
7 Ի՞նչ պէտք է ընենք հազիւ որ գիտնանք, թէ ո՛ր մարզերը մեզի համար ամէնէն շատ փորձութիւն են։ Պէտք է այդ փորձութիւններուն դէմ դնելու համար յաւելեալ քայլեր առնենք։ Բացատրենք. Սուրբ Գիրքի ժամանակներուն քաղաքի մը պարիսպներուն ամէնէն տկար մասերը ատոր դռներն էին։ Անոր համար, ամէնէն շատ այդ դռներուն վրայ պահակներ կը դրուէին։ Նմանապէս, մենք պէտք է մասնաւորաբար զգոյշ ըլլանք այն մարզերուն մէջ, որոնց մէջ աւելի տկարութիւն ունինք (Ա. Կոր. 9։27)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԶԳՈՅՇ ԸԼԼԱԼ
8-9. Առակաց 7–րդ գլուխին մէջ նշուած երիտասարդը ի՞նչ կրնար ընել, որ լուրջ մեղք մը չգործէր (Առակաց 7։8, 9, 13, 14, 21)։
8 Ինչպէ՞ս կրնանք զգոյշ ըլլալ։ Նկատի առ, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Առակաց 7–րդ գլուխին մէջ նշուած երիտասարդէն։ Ան անբարոյ կնոջ մը հետ սեռային անբարոյութիւն գործեց։ 22–րդ համարը մեզի կ’ըսէ, թէ երիտասարդը «շիտակ», այսինքն՝ շուտով՝ կնոջ ետեւէն գնաց։ Բայց նախորդ համարները ցոյց կու տան, որ ասկէ առաջ ան քանի մը քայլեր առաւ, որ աստիճանաբար զինք մեղքի առաջնորդեցին։
9 Ի՞նչը ձգեց որ երիտասարդը մեղք գործէ։ Նախ, իրիկունը, ան «փողոցին մէջ այն [անբարոյ] կնոջ տանը անկիւնին քովէն կ’անցնէր»։ Ետքը, ան կնոջ «տանը ճամբան բռնեց» (կարդա՛ Առակաց 7։8, 9)։ Անկէ ետք, երբ երիտասարդը կինը տեսաւ, ան իր ճամբան չփոխեց։ Ընդհակառակը, ան ձգեց որ կինը զինք համբուրէ եւ անոր մտիկ ըրաւ, երբ ան ըսաւ թէ իր խաղաղութեան զոհերը ըրած էր. թերեւս փորձելով երիտասարդը համոզել թէ ինք գէշ մէկը չէր (կարդա՛ Առակաց 7։13, 14, 21)։ Եթէ երիտասարդը թեթեւի չառնէր այն վտանգները, որոնք մեղքի առաջնորդեցին, ո՛չ փորձութեան մէջ պիտի իյնար, ո՛չ ալ մեղք պիտի գործէր։
10. Այսօր ինչպէ՞ս կրնայ մէկը երիտասարդին ըրած սխալը ընել։
10 Սողոմոնի գրած պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ Եհովան պաշտող ոեւէ մէկուն։ Ան կրնայ լուրջ մեղք մը գործել եւ զգալ թէ ամէն բան շուտով եղաւ, կամ ալ ըսել՝ «մէկ անգամէն եղաւ»։ Բայց, եթէ քիչ մը կենայ եւ մտածէ թէ ճիշդ ի՛նչ եղաւ, թերեւս անդրադառնայ, որ ան քանի մը անմիտ քայլեր առած էր, որոնք լուրջ մեղքի առաջնորդեցին։ Թերեւս ան ընկերակցած էր գէշ ընկերներու, ընտրած էր սխալ զբաղումներ, կամ գացած էր վտանգաւոր տեղեր կամ մտած էր վտանգաւոր կայքեր։ Թերեւս ալ դադրած էր աղօթելէ, Աստուածաշունչը կարդալէ, ժողովներու երթալէ կամ քարոզելէ։ Առակացին մէջ նշուած երիտասարդին պէս, թերեւս անոր գործած լուրջ մեղքը «մէկ անգամէն չեղաւ»։
11. Ի՞նչ բանէ պէտք է հեռու մնանք, որպէսզի մեղք չգործենք։
11 Ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Պէտք է հեռու մնանք ոչ միայն մեղք գործելէ, հապա նաեւ՝ այն քայլերէն, որոնք մեղքի կ’առաջնորդեն։ Սողոմոնը ճիշդ այդ կէտը յիշեց, երիտասարդին ու անբարոյ կնոջ պատմութիւնը պատմելէն ետք։ Ան ըսաւ. «Քու սիրտդ դէպի... անոր շաւիղներուն մէջ թող չմոլորի» (Առ. 7։25)։ Ան նաեւ ըսաւ. «Այս կնոջմէն ճամբադ հեռացուր ու անոր տանը դրանը մի՛ մօտենար» (Առ. 5։3, 8)։ Ուրեմն, որպէսզի մեղք գործելէ զգուշանանք, պէտք է հեռու մնանք այն պարագաներէն, որոնք մեղքի կ’առաջնորդենb։ Ասիկա ըսել է, որ չենք ըներ բան մը, կամ չենք գտնուիր պարագայի մը մէջ, որ ինքնին սխալ չէ քրիստոնեային համար, բայց գիտենք որ ատիկա կրնայ փորձութեան առաջնորդել (Մատ. 5։29, 30)։
12. Յոբ ի՞նչ որոշած էր ընել եւ ատիկա ինչպէ՞ս իրեն պիտի օգնէր, որ փորձութենէ զգուշանար (Յոբ 31։1)։
12 Մեղքի առաջնորդող պարագաներու մէջ չիյնալու համար, պէտք է որ հաստատ որոշում մը առնենք։ Յոբ ասիկա է որ ըրաւ։ Ան ‘իր աչքերուն հետ ուխտ ըրաւ’, որ ցանկութեամբ չնայի ուրիշ կիներու (կարդա՛ Յոբ 31։1)։ Այդ որոշումը յարգելը իրեն պիտի օգնէր որ անբարոյութիւն չգործէ։ Մենք ալ կրնանք որոշել, որ հեռու պիտի կենանք որեւէ բանէ որ կրնայ փորձութեան առաջնորդել։
13. Ինչո՞ւ պէտք է զգոյշ ըլլանք, թէ ի՛նչ բանի մասին կը մտածենք (տե՛ս նաեւ նկարները)։
13 Զգոյշ պէտք է ըլլանք թէ ի՛նչ բանի մասին կը մտածենք (Ել. 20։17)։ Ոմանք կը կարծեն թէ սխալ չէ, որ մէկը երազէ սխալ ցանկութեան մը մասին, այնքան ատեն որ ատիկա չ’ըներ։ Բայց այս մտածելակերպը սխալ է։ Այն անձը, որ շատ կը մտածէ սխալ ցանկութեան մը մասին, այդ ցանկութիւնը կը զօրացնէ։ Ան կարծես թէ փորձութիւն մը կը ստեղծէ, որ հիմա պէտք է ատոր դէմ դնէ։ Անշուշտ ատեն-ատեն պիտի պատահի, որ սխալ մտածումներ գան մեր միտքը։ Բայց կարեւոր է, որ ատոնք անմիջապէս մերժենք եւ ատոնց փոխարէն լաւ բաներու մասին մտածենք։ Այսպիսով, չենք ձգեր որ սխալ մտածումները զարգանան եւ զօրաւոր ցանկութիւն մը դառնան, որուն դէմ պայքարիլը կրնայ դժուար ըլլալ, եւ որ նոյնիսկ կրնայ մեզ լուրջ մեղքի առաջնորդել (Փլպ. 4։8. Կող. 3։2. Յակ. 1։13-15)։
Հեռու պէտք է մնանք որեւէ բանէ, որ կրնայ մեզ փորձութեան տանիլ (տե՛ս պարբերութիւն 13)
14. Ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ փորձութեան դէմ դնենք։
14 Ուրիշ ի՞նչ կրնանք ընել, որ փորձութեան դէմ դնենք։ Պէտք է ամբողջովին համոզուած ըլլանք, որ երբ Եհովային օրէնքներուն հնազանդինք մի՛շտ պիտի օգտուինք։ Թէեւ երբեմն ծանր պիտի պայքարինք, որ մեր մտածումներն ու ցանկութիւնները Եհովային ուզածին պէս ըլլան, բայց այդ ջանքերը կ’արժեն, քանի որ մտքի խաղաղութիւն պիտի վայելենք։
15. Ճիշդ ցանկութիւններ զարգացնելը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ փորձութեան մէջ չիյնանք։
15 Մենք պէտք է ճիշդ ցանկութիւններ զարգացնենք։ Եթէ սորվինք ‘չարութիւնը ատել ու բարութիւնը սիրել’, ա՛լ աւելի պիտի վճռենք ճիշդը ընել եւ հեռու մնալ այն պարագաներէն, որոնք մեղքի կ’առաջնորդեն (Ամս. 5։15)։ Ճիշդ ցանկութիւնները նաեւ մեզի կ’օգնեն, որ փորձութեան մէջ չիյնանք երբ մենք մեզ անակնկալօրէն գտնենք փորձիչ պարագայի մը առջեւ։
16. Հոգեւոր գործունէութիւնները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն, որ զգոյշ մնանք (տե՛ս նաեւ նկարները)։
16 Ինչպէ՞ս կրնանք ճիշդ ցանկութիւններ զարգացնել։ Պէտք է որ կարելի եղածին չափ հոգեւոր գործունէութիւններով զբաղինք։ Երբ ժողովներուն կամ ծառայութեան մէջն ենք, դիւրին–դիւրին սխալ բան մը ընելու փորձութեան առջեւ չենք գտնուիր։ Ընդհակառակը, ասոնք Եհովան հաճեցնելու մեր փափաքը կը զօրացնեն (Մատ. 28։19, 20. Եբ. 10։24, 25)։ Աստուծոյ խօսքը կարդալով, սերտելով եւ անոր վրայ խոկալով ա՛լ աւելի չարը կ’ատենք ու բարին կը սիրենք (Յես. 1։8. Սաղ. 1։2, 3. 119։97, 101)։ Յիշէ, որ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք» (Մատ. 26։41)։ Երբ կ’աղօթենք մեր երկնաւոր հօր, իր օգնութենէն կ’օգտուինք եւ ա՛լ աւելի կը վճռենք զինք հաճեցնել (Յակ. 4։8)։
Հոգեւոր լաւ ռութին մը ունենալը մեզի ոյժ կու տայ որ փորձութիւնները մերժենք (տե՛ս պարբերութիւն 16)c
ԶԳՈՅՇ ՄՆԱ՛
17. Պետրոս ո՞ր տկարութեան մէջ ինկաւ մէկէ աւելի անգամներ։
17 Հաւանաբար կան տկարութիւններ, որոնցմէ կրնանք լման ազատիլ։ Բայց թերեւս նկատենք որ կան ուրիշ տկարութիւններ, որոնց դէմ պէտք է երկար ժամանակ պայքարինք։ Նկատի առ թէ Պետրոս առաքեալին հետ ի՛նչ եղաւ։ Մարդու վախը ձգեց, որ ան Յիսուսը երեք անգամ ուրանայ (Մատ. 26։69-75)։ Այնպէս կ’երեւէր որ Պետրոս այդ վախէն ազատած էր, երբ համարձակօրէն վկայութիւն տուաւ Սենետրիոնին առջեւ (Գործք 5։27-29)։ Բայց, քանի մը տարի ետք ան հրէական ծագում չունեցող քրիստոնեաներու հետ ուտելէ դադրեցաւ, քանի որ վախցաւ հրէական ծագում ունեցող քրիստոնեաներէն (Գաղ. 2։11, 12)։ Պետրոսին վախը վերադարձած էր։ Թերեւս ալ ան բոլորովին չէր ազատուած այդ վախէն։
18. Կարգ մը տկարութիւններ ինչպէ՞ս կը տարբերին ուրիշներէ։
18 Թերեւս մենք ալ մենք մեզ գտնենք նման պարագայի մը մէջ։ Ինչպէ՞ս։ Թերեւս ունէինք տկարութիւն մը, որ կարծեցինք թէ ատկէ ազատուեցանք, բայց ատիկա կրնայ ետ վերադառնալ եւ մեզ փորձութեան տանիլ։ Օրինակ, եղբայր մը կ’ըսէ. «Տասը տարի պոռնկագրութիւն չդիտեցի եւ համոզուեցայ, որ այս խնդիրէն ազատուած եմ։ Բայց այդ մոլութիւնը ատեն մը ետք նորէն մէջտեղ ելաւ, կարծես թէ յարմար ժամանակը կը սպասէր»։ Բայց գովելի է որ այս եղբայրը չյանձնուեցաւ։ Ան անդրադարձաւ, որ պէտք է ամէն օր ջանք թափէ, որպէսզի այս մոլութեան դէմ դնէ, թերեւս ալ մինչեւ կեանքին վերջը։ Իր կնոջ եւ ժողովքի երէցներուն օգնութեամբ, ան ա՛լ աւելի խիստ քայլեր առաւ որ պոռնկագրութիւն չդիտէ։
19. Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ ունինք տկարութիւն մը, որ տակաւին կը շարունակուի։
19 Եթէ ունինք տկարութիւն մը, որ տակաւին կը շարունակուի, ի՞նչ կրնանք ընել որ ատիկա մեզ մեղքի չառաջնորդէ։ Կրնանք Յիսուսին սա խրատին հետեւիլ. «Արթուն կեցէք»։ Նոյնիսկ, երբ կը զգաս որ զօրաւոր ես, շարունակէ հեռու մնալ այն պարագաներէն, որոնք կրնան քեզ փորձութեան տանիլ (Ա. Կոր. 10։12)։ Շարունակէ ընել այն բաները, որոնք անցեալին քեզի օգնած են որ տկարութեանդ դէմ դնես։ Առակաց 28։14–ը կ’ըսէ. «Միշտ վախցող [կամ զգոյշ եղող] մարդը երանելի է» (Բ. Պետ. 3։14)։
ԶԳՈՅՇ ՄՆԱԼՈՒՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ
20-21. ա) Եթէ փորձութիւններէ զգոյշ մնանք ի՞նչ օգուտներ պիտի վայելենք։ բ) Եթէ մենք մեր դերը կատարենք, Եհովան ի՞նչ պիտի ընէ մեզի (Բ. Կորնթացիս 4։7)։
20 Կրնանք վստահ ըլլալ որ եթէ փորձութիւններէ զգոյշ մնանք միշտ օգուտներ պիտի քաղենք։ Թէեւ մեղքը «ժամանակաւոր զուարճութիւն» կրնայ տալ, բայց Եհովային սկզբունքներով ապրիլը մեզ շատ աւելի կ’ուրախացնէ (Եբ. 11։25. Սաղ. 19։8)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մենք այնպէս մը ստեղծուած ենք, որ Եհովային ուզածին պէս ապրինք (Ծն. 1։27)։ Եթէ այդպէս ընենք, մաքուր խիղճ պիտի ունենանք եւ ապագային առիթը պիտի ունենանք որ յաւիտեան ապրինք (Ա. Տիմ. 6։12. Բ. Տիմ. 1։3. Յդ. 20, 21)։
21 Ճիշդ է որ ‘մարմինը տկար է’, բայց ասիկա ըսել չէ, որ մեր ձեռքը–ոտքը կապուած են։ Եհովան պատրաստ է, որ մեզի պէտք եղած զօրութիւնը տայ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 4։7)։ Բայց նկատի առ, թէ Եհովան մեզի կու տայ «սովորականէն աւելի եղող ուժը», (ՆԱ)։ Իսկ մեր ունեցած սովորական ուժը գործածելը մե՛ր պատասխանատուութիւնն է։ Մենք պէտք է ամէն օր ջանք թափենք որ փորձութեան դէմ դնենք։ Եթէ մենք մեր դերը կատարենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեր աղօթքներուն պատասխանելով մեզի ա՛լ աւելի զօրութիւն պիտի տայ, երբ անոր պէտք ունենանք (Ա. Կոր. 10։13)։ Այո, Եհովային օգնութեամբ կրնա՛նք փորձութիւններէ զգոյշ մնալ։
ԵՐԳ 67 Եհովային աղօթէ ամէն օր
a ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Մատթէոս 26։41–ին մէջ յիշուած «հոգին», մեր մէջի այն ուժն է, որ պատճառ կ’ըլլայ որ որոշ կերպով մը զգանք կամ գործենք։ Իսկ «մարմինը», մեր անկատար մեղաւոր վիճակն է։ Նոյնիսկ եթէ մենք կ’ուզենք ճիշդը ընել, եթէ զգոյշ չըլլանք, կրնանք փորձութեան տեղի տալ եւ ընել բան մը, որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ սխալ է։
b Լուրջ մեղք մը գործողը կրնայ օգտուիլ՝ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքէն, դաս 57, կէտեր 1-3, եւ «Դիմացդ նայէ՝ դէպի ապագան» յօդուածէն, Դիտարան–ի նոյեմբեր 2020 թիւին մէջ, էջ 27-29, պարբերութիւններ 12-17։
c ՆԿԱՐ. Եղբայր մը, առտու օրուան համարը կը կարդայ, կէսօրուան դադարին Սուրբ Գիրքը կը կարդայ, եւ իրիկունը՝ միջշաբաթային ժողովին ներկայ կ’ըլլայ։