ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 30
ԵՐԳ 52 Սիրտդ պահպանէ
Ի՞նչ կարեւոր դասեր կը սորվինք իսրայէլի թագաւորներէն
«Պիտի դառնաք ու արդարին եւ ամբարիշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը պիտի տեսնէք» (ՄԱՂ. 3։18)։
ՆԻՒԹ
Իսրայէլի թագաւորներուն մասին սորվիլը մեզի կ’օգնէ որ հասկնանք, թէ Եհովան մեզմէ ի՛նչ կ’ակնկալէ։
1-2. Սուրբ Գիրքը ի՞նչ մանրամասնութիւններ կու տայ իսրայէլի կարգ մը թագաւորներուն մասին։
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ կը յիշէ աւելի քան 40 անձեր, որոնք իսրայէլի վրայ թագաւորեցինa։ Ատիկա բացէ ի բաց կ’ըսէ, թէ անոնցմէ ոմանք ի՛նչ կարգ մը բաներ ըրին։ Օրինակ, նոյնիսկ լաւ թագաւորները կարգ մը գէշ բաներ ըրին։ Նկատի առ անոնցմէ մէկը՝ Դաւիթ թագաւորը։ Եհովան իրեն մասին ըսաւ. ‘Իմ պատուիրանքներս պահող ու իմ առջեւս ուղղութիւն ընելու համար իր բոլոր սրտովը ինծի հնազանդ եղող իմ Դաւիթ ծառաս’ (Գ. Թագ. 14։8)։ Բայց անդին, Դաւիթ ամուսնացած կնոջ մը հետ սեռային անբարոյութիւն գործեց, եւ ծրագրեց որ անոր ամուսինը պատերազմին մէջ սպաննուի (Բ. Թագ. 11։4, 14, 15)։
2 Միւս կողմէ, անհաւատարիմ թագաւորներէն շատեր լաւ բաներ ըրին։ Օրինակ, ճիշդ է որ Ռոբովամ Եհովային աչքին «չարութիւն ըրաւ», բայց ան կարգ մը լաւ բաներ ալ ըրաւ (Բ. Մն. 12։14)։ Օրինակ, ան Եհովային հնազանդեցաւ, երբ իրեն պատուիրեց որ իսրայէլի տասը ցեղերուն դէմ չպատերազմի, հապա ձգէ որ անոնք ուրիշ թագաւոր մը ընտրեն։ Ան նաեւ իր ազգին օգտակար դարձաւ՝ քաղաքներուն պարիսպները ամրացնելով (Գ. Թագ. 12։21-24. Բ. Մն. 11։5-12)։
3. Ի՞նչ կարեւոր հարցում մը կը ծագի, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
3 Հոս կարեւոր հարցում մը կը ծագի։ Եթէ իսրայէլի թագաւորները թէ՛ լաւ եւ թէ գէշ բաներ ըրին, լաւ Եհովան ինչի՞ հիման վրայ կ’որոշէր, թէ թագաւոր մը հաւատարի՛մ է կամ ոչ։ Այս հարցումին պատասխանը մեզի պիտի օգնէ հասկնալու, որ Եհովան մեզմէ ի՛նչ կ’ակնկալէ։ Նկատի պիտի առնենք երեք կէտեր, որոնք ըստ երեւոյթին Եհովան հաշուի կ’առնէր, որոշելու համար թէ իսրայէլի թագաւորները հաւատարի՛մ էին կամ՝ ոչ։ Անոնց սրտի վիճակը ինչպէ՞ս էր։ Անոնք զղջացի՞ն երբ սխալ ըրին։ Անոնք շարունակեցի՞ն ճիշդ կերպով Եհովան պաշտել։
ԱՆՈՆՑ ՍԻՐՏԸ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԵՏ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԷՐ
4. Հաւատարիմ թագաւորներուն եւ անհաւատարիմ թագաւորներուն միջեւ եղած տարբերութիւններէն մէկը ի՞նչ էր։
4 Եհովան հաճեցնող թագաւորները զինք կատարեալ սրտով պաշտեցինb։ Յովսափատ բարի թագաւորին մասին կ’ըսուի, թէ ան ‘բոլոր սրտով Տէրը խնդրեց’ (Բ. Մն. 22։9)։ Խօսելով Յովսիային մասին, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անկէ առաջ անոր նման թագաւոր մը եղած չէր, որ իր բոլոր սրտով... Տէրոջը դառնար» (Դ. Թագ. 23։25)։ Իսկ Սողոմոնին մասին, որ ծերութեան տարիներուն չարութիւն ըրաւ, կ’ըսէ. «Անոր սիրտը... կատարեալ չէր» (Գ. Թագ. 11։4)։ Իսկ Աբիային մասին, որ նորէն անհաւատարիմ թագաւոր մըն էր, կ’ըսէ. «Անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ... կատարեալ չէր» (Գ. Թագ. 15։3)։
5. Բացատրէ թէ ի՛նչ ըսել է կատարեալ սրտով Եհովային ծառայել։
5 Լաւ, ի՞նչ ըսել է կատարեալ սրտով Եհովային ծառայել։ Կատարեալ սիրտ ունեցող անձը Եհովան չի պաշտեր պարզապէս քանի որ պէ՛տք է զինք պաշտէ։ Հապա՝ ան Եհովային կը ծառայէ, քանի որ խոր սէր ու յարգանք ունի իրեն հանդէպ, եւ կը շարունակէ այդպէս ծառայել իր ամբողջ կեանքին ընթացքին։
6. Ինչպէ՞ս կրնանք կատարեալ սիրտ մը պահպանել (Առակաց 4։23. Մատթէոս 5։29, 30)։
6 Ինչպէ՞ս կրնանք հաւատարիմ թագաւորները ընդօրինակել եւ կատարեալ սիրտ մը պահպանել։ Գէշ ազդեցութիւններէն հեռու կենալով։ Օրինակ, վնասակար ժամանցը, չար ընկերակցութիւնը եւ նիւթապաշտ մտածելակերպը կրնան մեր սիրտը բաժնել։ Եթէ նկատենք որ բան մը սկսած է Եհովային հանդէպ մեր սէրը տկարացնել, անմիջապէս քայլեր առնենք որ ատոր դէմ դնենք (կարդա՛ Առակաց 4։23. Մատթէոս 5։29, 30)։
7. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ գէշ ազդեցութիւններուն դէմ դնենք։
7 Պէտք չէ ձգենք որ մեր սիրտը բաժնուի։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք մենք մեզ խաբել, մտածելով թէ ա՛յնքան ատեն որ հոգեւոր բաներով աւելի կը զբաղինք, պէտք չունինք գէշ ազդեցութիւններուն դէմ դնելու։ Օրինակ մը տանք։ Երեւակայէ որ շատ ցուրտ օր մը տուն կը մտնես եւ վառարանը կը վառես։ Եթէ դուռը բաց ձգես, արդեօք տունը կը տաքնա՞յ։ Ո՛չ։ Պաղ օդը շուտով տունէն ներս կը մտնէ։ Լաւ, կէտը ի՞նչ է։ Չի բաւեր որ առնենք այն հոգեւոր սնունդը, որ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կը ջերմացնէ, այսինքն՝ կը զօրացնէ։ Նաեւ պէտք է գէշ ազդեցութիւնները «դուռէն» ներս չմտցնենք, որպէսզի այս աշխարհին պաղ «օդը», այսինքն՝ ի՛նչ որ աշխարհէն կու գայ, մեր սրտէն ներս չմտնէ եւ զայն չբաժնէ (Եփ. 2։2)։
ԱՆՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ՄԵՂՔԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԶՂՋԱՑԻՆ
8-9. Դաւիթ թագաւորը եւ Եզեկիա թագաւորը ի՞նչ ըրին երբ յանդիմանուեցան (տե՛ս նկարը)։
8 Ինչպէս նախապէս նշեցինք, Դաւիթ թագաւորը լուրջ մեղք մը գործեց։ Բայց երբ Նաթան մարգարէն իր մեղքը երեսին ըսաւ, Դաւիթ խոնարհաբար զղջաց (Բ. Թագ. 12։13)։ Սաղմոս 51–ին մէջ արձանագրուած իր խօսքերէն կ’եզրակացնենք, որ ան անկեղծօրէն զղջացած էր։ Դաւիթ պարզապէս չէր կեղծեր որ ինք զղջացած էր, որպէսզի Նաթանը խաբէ կամ պատիժէն փախչի (Սաղ. 51։3, 4, 17, վերնագիր)։
9 Եզեկիա թագաւորն ալ Եհովային դէմ մեղք գործեց։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Անոր սիրտը հպարտացաւ. ուստի անոր վրայ եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ բարկութիւն եկաւ» (Բ. Մն. 32։25)։ Լաւ, Եզեկիան ինչո՞ւ հպարտացաւ։ Թերեւս իր հարստութեան պատճառով, կամ՝ քանի որ ասորեստանցիներուն յաղթեց։ Եւ կամ ալ՝ քանի որ հրաշքով իր հիւանդութենէն բուժուեցաւ։ Հաւանաբար ալ իր հպարտութիւնն էր պատճառը, որ իր հարստութիւնը ցոյց տուաւ բաբելոնացիներուն։ Եւ ասոր համար Եսայի մարգարէն զինք յանդիմանեց (Դ. Թագ. 20։12-18)։ Բայց Եզեկիան Դաւիթին պէս խոնարհօրէն զղջաց (Բ. Մն. 32։26)։ Եհովան ի՞նչ աչքով նայեցաւ Եզեկիային։ Ան զինք նկատեց հաւատարիմ թագաւոր մը, որ «Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ» (Դ. Թագ. 18։3)։
Դաւիթ թագաւորը եւ Եզեկիա թագաւորը խոնարհօրէն զղջացին, երբ յանդիմանուեցան իրենց մեղքերուն համար (տե՛ս պարբերութիւններ 8-9)
10. Երբ մարգարէն Ամասիա թագաւորը յանդիմանեց, ան ի՞նչ ըրաւ։
10 Միւս կողմէ, Յուդայի Ամասիա թագաւորը «ուղղութիւն ըրաւ, բայց ոչ կատարեալ սրտով» (Բ. Մն. 25։2)։ Ինչպէ՞ս։ Եհովան իրեն օգնելէ ետք որ եդովմայեցիներուն յաղթէ, Ամասիան սկսաւ անոնց չաստուածները պաշտելc։ Երբ Եհովային մարգարէն յանդիմանեց զինք, թագաւորը բոլորովին մերժեց անոր մտիկ ընել եւ զինք ղրկեց (Բ. Մն. 25։14-16)։
11. Բ. Կորնթացիս 7։9, 11–ին համաձայն, ի՞նչ պէտք է ընենք որ Եհովան մեզի ներէ (տե՛ս նաեւ նկարները)։
11 Այս օրինակներէն ի՞նչ կը սորվինք։ Պէտք է մեր մեղքերուն համար զղջանք եւ մեր ամէն կարելին ընենք, որ զանոնք նորէն չկրկնենք։ Լաւ ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ ժողովքի երէցներէն խրատ մը ստանանք, նոյնիսկ մեր աչքին պզտիկ երեւցող բանի մը համար է։ Մենք պէտք չէ զգանք, որ Եհովան մեզ չի սիրեր կամ երէցները մեր դէմ են։ Նոյնիսկ իսրայէլի լաւ թագաւորները պէտք ունէին խրատի եւ յանդիմանութեան (Եբ. 12։6)։ Երբ մէկը մեզ սրբագրէ, պէտք է՝ 1) խոնարհօրէն ընդունինք սրբագրութիւնը, 2) պէտք եղած փոփոխութիւնները ընենք եւ 3) շարունակենք ամբողջ սրտով Եհովային ծառայել։ Եւ եթէ մեր մեղքերուն համար զղջանք, Եհովան ալ մեզի պիտի ներէ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 7։9, 11)։
Երբ մէկը մեզ սրբագրէ, պէտք է 1) խոնարհօրէն ընդունինք սրբագրութիւնը, 2) պէտք եղած փոփոխութիւնները ընենք եւ 3) շարունակենք ամբողջ սրտով Եհովային ծառայել (Տե՛ս պարբերութիւն 11)f
ԱՆՈՆՔ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԻՆ ԵՀՈՎԱՆ ՃԻՇԴ ԿԵՐՊՈՎ ՊԱՇՏԵԼ
12. Հաւատարիմ թագաւորները մանաւանդ ի՞նչ կերպով տարբեր էին միւս թագաւորներէն։
12 Այն թագաւորները, որոնք Եհովան հաւատարիմ նկատեց, շարունակեցին զինք պաշտել ինչպէս ի՛նք կ’ուզէր։ Անոնք Եհովային ժողովուրդն ալ քաջալերեցին որ նոյնը ընեն։ Անշուշտ, անոնք սխալներ գործեցին, ինչպէս որ տեսանք։ Բայց անոնք մի՛այն Եհովան պաշտեցին եւ նոյնիսկ պայքարեցան, որ երկիրը կուռքերէն մաքրենd։
13. Եհովան ինչո՞ւ Աքաաբ թագաւորը անհաւատարիմ սեպեց։
13 Եհովան ինչո՞ւ կարգ մը թագաւորներ անհաւատարիմ սեպեց։ Վստահաբար, անոնց ըրած ամէն բաները գէշ չէին։ Նոյնիսկ Աքաաբ չար թագաւորը որոշ չափով խոնարհութիւն ցուցուց, եւ նեղուեցաւ՝ Նաբովթին մահուան մէջ մատ ունենալուն համար (Գ. Թագ. 21։27-29)։ Ան նաեւ քաղաքներ շինեց եւ յաղթանակներ տարաւ (Գ. Թագ. 20։21, 29. 22։39)։ Բայց Աքաաբ շատ գէշ բան մը ըրաւ։ Ան իր կնոջմէ ազդուելով կռապաշտութիւնը քաջալերեց եւ իր այս ըրածին համար բնաւ չզղջաց (Գ. Թագ. 21։25, 26)։
14. ա) Եհովան ինչո՞ւ Ռոբովամ թագաւորը անհաւատարիմ նկատեց։ բ) Անհաւատարիմ թագաւորներուն մեծամասնութիւնը ո՞ր մեծ սխալը գործեցին։
14 Նկատի առ անհաւատարիմ Ռոբովամ թագաւորը։ Ինչպէս նախապէս նշեցինք, ան իր իշխանութեան ընթացքին շատ մը լաւ բաներ ըրաւ։ Բայց երբ զօրացաւ, ան դադրեցաւ Եհովային հնազանդելէ եւ սկսաւ չաստուածներ պաշտել (Բ. Մն. 12։1)։ Անկէ ետք, անոր մէկ ոտքը ճշմարիտ պաշտամունքին մէջն էր, իսկ միւսը՝ սուտ պաշտամունքին (Գ. Թագ. 14։21-24)։ Ռոբովամը եւ Աքաաբը միակ թագաւորները չէին, որոնք Եհովան ճիշդ կերպով պաշտելէ դադրեցան։ Իրականութեան մէջ, անհաւատարիմ թագաւորներուն մեծամասնութիւնը չաստուածներ պաշտեցին եւ ուրիշները քաջալերեցին որ նոյնը ընեն։ Յստակօրէն, Եհովային աչքին թագաւորի մը բարի կամ չար ըլլալը մեծապէս կախեալ էր, թէ ան ճշմարիտ պաշտամունքին թիկունք կը կանգնէ՞ր կամ ոչ։
15. Եհովային համար ինչո՞ւ կարեւոր է, որ անձ մը շարունակէ ճիշդ կերպով զինք պաշտել։
15 Եհովային համար ինչո՞ւ կարեւոր էր, որ թագաւորները շարունակէին ճիշդ կերպով զինք պաշտել։ Առաջին, թագաւորները պատասխանատու էին, որ ժողովուրդին օգնեն ճիշդ կերպով Եհովան պաշտելու։ Երկրորդ, երբ ժողովուրդը չաստուածներ պաշտէր ասիկա պատճառ կ’ըլլար, որ անոնք ուրիշ լուրջ մեղքեր եւ անարդարութիւններ գործէին (Ով. 4։1, 2)։ Երրորդ, իսրայէլի թագաւորները եւ իսրայէլացիները Եհովային նուիրուած էին։ Ասոր համար, անոնց անհաւատարմութիւնը եւ չաստուածներ պաշտելը Սուրբ Գիրքին մէջ նմանցուած է շնութեան (Եր. 3։8, 9)։ Այն անձը, որ բառացի շնութիւն կը գործէ, իր կողակիցին սիրտը խորապէս կը կոտրէ։ Նմանապէս, Եհովայի նուիրուած այն ծառան, որ սուտ պաշտամունքի կը մասնակցի, Եհովային սիրտը խորապէս կը կոտրէ (Բ. Օր. 4։23, 24)e։
16. Եհովային աչքին ի՞նչ է տարբերութիւնը արդար անձին եւ չար անձին միջեւ։
16 Ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։ Վստահաբար, պէտք է վճռենք սուտ պաշտամունքէն հեռու կենալ։ Նաեւ պէտք է Եհովան պաշտենք ճիշդ կերպով եւ իր ծառայութեամբ զբաղած մնանք։ Մաղաքիա մարգարէն յստակօրէն ըսաւ, թէ Եհովային աչքին ի՛նչ է տարբերութիւնը բարի անձին եւ չար անձին միջեւ։ Ան գրեց. «Պիտի դառնաք ու արդարին եւ ամբարիշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը պիտի տեսնէք» (Մաղ. 3։18)։ Հետեւաբար, պէտք չէ ձգենք որ որեւէ բան, նոյնիսկ մեր անկատարութիւնն ու սխալները, պատճառ ըլլան որ կենանք Եհովային ծառայելէ։ Ատիկա ինքնին լուրջ մեղք մըն է։
17. Ինչո՞ւ պէտք է ուշադրութեամբ ընտրենք մեր կողակիցը։
17 Եթէ ամուրի ես եւ կը փափաքիս ամուսնանալ, կրնա՞ս տեսնել թէ Մաղաքիայի խօսքը քեզի ինչպէ՛ս կ’օգնէ, որ ճիշդ կողակիցը ընտրես։ Թերեւս դիմացինը լաւ յատկութիւններ ունի, բայց եթէ ան Եհովային չի ծառայեր, Եհովային աչքին արդար կը սեպուի՞ (Բ. Կոր. 6։14)։ Ան որպէս կողակից պիտի կրնա՞յ քեզի օգնել, որ Եհովային հաւատարիմ մնաս։ Նկատի առ Սողոմոն թագաւորին օրինակը։ Թերեւս անոր հեթանոս կիները կարգ մը լաւ յատկութիւններ ունէին։ Բայց անոնք Եհովան չէին պաշտեր եւ կամաց-կամաց զինք համոզեցին, որ չաստուածներ պաշտէ (Գ. Թագ. 11։1, 4)։
18. Ծնողներ ի՞նչ պէտք է սորվեցնեն իրենց զաւակներուն։
18 Ծնողնե՛ր, կրնաք Աստուածաշունչին մէջ նշուած թագաւորներուն օրինակները գործածել, ձեր զաւակներուն մէջ Եհովայի պաշտամունքին հանդէպ նախանձախնդրութիւն զարգացնելու համար։ Անոնց օգնեցէք որ հասկնան, թէ Եհովային աչքին թագաւորի մը բարի կամ չար ըլլալը մեծապէս կախեալ էր, թէ ան Եհովան կը պաշտէր եւ ուրիշներն ալ կը քաջալերէր որ զինք պաշտեն։ Խօսքերովդ եւ օրինակովդ զաւակներուդ սորվեցուր, թէ հոգեւոր բաները կեանքի մէջ առաջին տեղը պէտք է առնեն։ Օրինակ՝ Աստուածաշունչը սերտելը, ժողովներու ներկայ գտնուիլը եւ քարոզելը (Մատ. 6։33)։ Ապա թէ ոչ, զաւակներդ կրնան եզրակացնել թէ պարզապէս քանի որ իրենց ծնողքը Եհովայի վկաներ են, իրենք ալ պէտք է Եհովայի վկայ ըլլան։ Եւ ասիկա պատճառ կրնայ ըլլալ, որ ճշմարիտ պաշտամունքը իրենց կեանքին մէջ երկրորդական տեղը դնեն կամ նոյնիսկ անկէ հեռանան։
19. Յոյս կա՞յ այն անձէն, որ դադրած է Եհովային ծառայելէ (տե՛ս նաեւ «Կրնա՛ս Եհովային վերադառնալ» տուփը)։
19 Յոյսերնիս պէ՞տք է կտրենք այն անձէն, որ դադրած է Եհովային ծառայելէ։ Ո՛չ, քանի որ ան թերեւս զղջայ եւ Եհովային վերադառնայ։ Ասիկա ընելու համար, ան պէտք է իր հպարտութիւնը մէկ կողմ դնէ եւ ժողովքի երէցներուն տուած օգնութիւնը ընդունէ (Յակ. 5։14)։ Նոյնիսկ, եթէ ասիկա ընելը իրմէ շատ ջանք պահանջէ, ատիկա կ’արժէ, որպէսզի Եհովային հաճութիւնը ունենայ։
20. Եթէ հաւատարիմ թագաւորները ընդօրինակենք Եհովան մեզի ի՞նչ աչքով պիտի նայի։
20 Ուրեմն, իսրայէլի թագաւորներէն ի՞նչ դասեր սորվեցանք։ Կրնանք թագաւորներուն պէս հաւատարիմ սեպուիլ, եթէ կատարեալ սրտով Եհովան պաշտենք։ Պէտք է նաեւ մեր սխալներէն սորվինք, զղջանք եւ պէտք եղած սրբագրութիւնները ընենք։ Ասկէ զատ, պէտք է յիշենք թէ կարեւոր է որ շարունակենք ճշմարիտ Աստուածը ճիշդ կերպով պաշտել։ Եթէ հաւատարիմ մնաս Եհովային, ան քեզ պիտի նկատէ մէկը, որ մի՛շտ ճիշդ եղածը կ’ընէ։
ԵՐԳ 57 Սրտիս խորհրդածութիւնը
a Այս յօդուածին մէջ, «իսրայէլի թագաւորները» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ բոլոր այն թագաւորներուն, որոնք Եհովային ժողովուրդին վրայ իշխեցին։ Ըլլան՝ Յուդայի երկու–ցեղեան թագաւորութեան թագաւորները կամ՝ իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան թագաւորները, կամ ալ՝ ամբողջ 12 ցեղերուն վրայ իշխող թագաւորները։
b ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Սուրբ Գիրքին մէջ, «սիրտ» բառը ընդհանրապէս կ’ակնարկէ մէկու մը ներքին անձին, մէջը ըլլալով՝ իր ցանկութիւնները, մտածելակերպը, հակումը, կեցուածքները, կարողութիւնները, շարժառիթները եւ նպատակակէտերը։
c Անցեալին, հեթանոս թագաւորները սովորութիւն ունէին իրենց գրաւած երկիրներուն չաստուածները պաշտելու։
d Ասա թագաւորը լուրջ մեղքեր գործեց (Բ. Մն. 16։7, 10)։ Բայց Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Ասան Եհովային աչքին ճիշդ եղածը ըրաւ։ Հակառակ ատոր որ սկիզբը ան սրբագրութիւնը չընդունեց, հաւանական է որ ան ետքը զղջաց։ Ընդհանուր առմամբ, իր լաւ յատկութիւնները աւելի էին քան իր սխալները։ Ասան միայն Եհովան պաշտեց եւ շատ ջանք թափեց, որ կռապաշտութիւնը հանէ երկրէն (Գ. Թագ. 15։11-13. Բ. Մն. 14։2-5)։
e Կրնանք տեսնել, որ պաշտամունքը շատ կարեւոր է Եհովային համար, քանի որ Մովսիսական օրէնքին առաջին երկու պատուիրանները կ’արգիլէին, որ անձ մը Եհովայէն զատ ուրիշ մէկը կամ բան մը պաշտէ (Ել. 20։1-6)։
f ՆԿԱՐ. Երիտասարդ երէց մը, իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ եղբօր մը խմելու սովորութեան նկատմամբ։ Եղբայրը խոնարհօրէն կ’ընդունի խրատը, պէտք եղած փոփոխութիւնները կ’ընէ եւ կը շարունակէ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել։