ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 10
ԵՐԳ 26 Աստուծոյ հետ քալէ՛
Եհովային եւ Յիսուսին մտածելակերպը ընդօրինակէ
«Քանի որ Քրիստոս մեզի համար չարչարուեցաւ մարմնով, դուք ալ նո՛յն մտքով զինուեցէք» (Ա. ՊԵՏ. 4։1)։
ՆԻՒԹ
Պետրոս առաքեալ ի՞նչ կարեւոր դասեր սորվեցաւ Յիսուսին մտածելակերպէն եւ մենք ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
1-2. Եհովան սիրել ի՞նչ կը նշանակէ, եւ Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ ինք Եհովան կը սիրէ իր բոլոր մտքով։
ՅԻՍՈՒՍ բացատրեց թէ Մովսիսական օրէնքին ամէնէն կարեւոր պատուիրանը ի՛նչ էր, երբ ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ ու քու բոլոր անձովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ ու քու բոլոր մտքովդ» (Ղուկ. 10։27)։ Ուրեմն մենք Եհովան կը սիրենք մեր ամէ՛ն ինչով։ Ատոր մէջ կան՝ մեր փափաքները, զգացումները եւ մեր ուժը, ինչպէս նաեւ՝ մեր մտածելակերպը։ Անշուշտ, մենք բնաւ չենք կրնար Եհովային մտածելակերպը լման հասկնալ։ Բայց կրնանք ատիկա աւելի լաւ հասկնալ՝ սերտելով «Քրիստոսին միտքը», քանի որ Յիսուս ճիշդ իր Հօրը պէս կը մտածէ (Ա. Կոր. 2։16)։
2 Յիսուս Եհովան կը սիրէր իր բոլոր մտքով։ Ան գիտէր թէ իրեն նկատմամբ Աստուծոյ կամքը ի՛նչ է եւ որոշած էր ատոր համեմատ ապրիլ, թէեւ ասիկա կը նշանակէր թէ ան չարչարանք պիտի կրէր։ Որովհետեւ Յիսուս կեդրոնացած էր իր Հօր կամքը ընելուն վրայ, ան չձգեց որ որեւէ բան զինք իր նպատակէն շեղեցնէ։
3. Պետրոս առաքեալ Յիսուսէն ի՞նչ սորվեցաւ, եւ իր հաւատակիցները քաջալերեց որ ի՞նչ ընեն (Ա. Պետրոս 4։1)։
3 Պետրոս եւ միւս առաքեալները պատիւը ունեցան Յիսուսին հետ ժամանակ անցընելու եւ անձամբ իրմէ սորվելու թէ ան ինչպէ՛ս կը մտածէ։ Երբ Պետրոս Աստուծմէ ներշնչուած իր առաջին նամակը գրեց, ան քրիստոնեաները քաջալերեց որ զինուին Քրիստոսի ունեցած մտքով կամ մտածելակերպով (կարդա՛ Ա. Պետրոս 4։1)։ Պետրոսի գործածած «զինուեցէք» բառը զինուորական արտայայտութիւն մըն է։ Ուրեմն, եթէ քրիստոնեաները սորվին Յիսուսի պէս մտածել, անոնք պէտք եղած կերպով զինուած պիտի ըլլան պայքարելու՝ սխալը ընելու որեւէ ցանկութեան դէմ եւ Սատանային աշխարհին դէմ (Բ. Կոր. 10։3-5. Եփ. 6։12)։
4. Այս յօդուածը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ Պետրոսին խրատին հետեւինք։
4 Հիմա նկատի պիտի առնենք Յիսուսի մտածելակերպը եւ տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք զայն ընդօրինակել։ Իր օրինակէն պիտի սորվինք՝ 1) մտածել ինչպէս Եհովան կը մտածէ, ինչ որ պիտի օգնէ որ բոլորս նոյն կերպով մտածենք, 2) խոնարհ ըլլալ եւ 3) զգաստ ըլլալ՝ աղօթքով Եհովային վստահելով։
ՄՏԱԾԷ՛ ԻՆՉՊԷՍ ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ՄՏԱԾԷ
5. Առիթով մը, Պետրոս ինչպէ՞ս Եհովային պէս չմտածեց։
5 Նկատի առ պարագայ մը, երբ Պետրոս հարցի մը շուրջ Եհովային պէս չմտածեց։ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ, թէ ինք Երուսաղէմ պիտի երթայ, այնտեղի քահանայապետներուն ձեռքը պիտի մատնուի, պիտի չարչարուի եւ ետքը պիտի սպաննուի (Մատ. 16։21)։ Պետրոսին համար դժուար ըլլալու էր հաւատալ, թէ Եհովան կրնայ արտօնել որ Յիսուս սպաննուի, քանի որ Պետրոս գիտէր թէ Յիսուս խոստացուած Մեսիան է, որ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի ազատէ (Մատ. 16։16)։ Այս պատճառաւ, ան Յիսուսը մէկ կողմ տարաւ եւ ըսաւ. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ» (Մատ. 16։22)։ Այս հարցին շուրջ Յիսուսին եւ Պետրոսին մտածելակերպերը համապատասխան չէին, քանի որ Պետրոս Եհովային պէս չէր մտածեր։
6. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ ինք Եհովային պէս կը մտածէր։
6 Յիսուս գիտէր թէ իր Հայրը ինչպէ՛ս կը մտածէր, եւ ան կատարեալ կերպով ընդօրինակեց այդ մտածելակերպը։ Յիսուս Պետրոսին ըսաւ. «Ետի՛ս գնա, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները» (Մատ. 16։23)։ Յիսուս գիտէր թէ Եհովային կամքը ընելու համար պէտք էր որ չարչարուէր ու մեռնէր։ Ասոր համար, Յիսուս Պետրոսին խրատը մերժեց, թէեւ ան լաւ միտումով կը խօսէր։ Պետրոս ասկէ սորվեցաւ, թէ պէտք էր Եհովային պէս մտածէր։ Ասիկա կարեւոր դաս մըն է, որ մենք ալ պէտք է սորվինք։
7. Պետրոս ետքը ինչպէ՞ս ցուցուց որ կ’ուզէր Եհովային պէս մտածել (տե՛ս նկարը)։
7 Ի վերջոյ, Պետրոս ցուցուց որ ինք կ’ուզէր Եհովային պէս մտածել։ Երբ Եհովային ժամանակը եկաւ, որ անթլփատ հեթանոսները իր ժողովուրդին մէկ մասը ըլլան, ան Պետրոսը նշանակեց որ երթայ եւ քարոզէ հեթանոս Կոռնելիոսին։ Ան առաջին հեթանոսներէն եղաւ որ քրիստոնեայ դարձաւ։ Սովորաբար, հրեաները հեթանոսներուն հետ չէին յարաբերիր։ Ատոր համար, զարմանալի չէ որ Պետրոս պէտք ունէր իր մտածելակերպը փոխելու, որպէսզի կարենար հեթանոսներուն քարոզել։ Երբ Պետրոս հասկցաւ որ Եհովան ինչպէ՛ս կը մտածէ՝ ան իր մտածելակերպը փոխեց։ Այս պատճառաւ ալ, երբ Կոռնելիոս Պետրոսէն խնդրեց որ իրեն այցելութիւն մը տայ, Պետրոս «առանց դէմ խօսելու» գնաց (Գործք 10։28, 29)։ Ան Կոռնելիոսին ու անոր տան մէջ եղողներուն քարոզեց, եւ անոնք մկրտուեցան (Գործք 10։21-23, 34, 35, 44-48)։
Պետրոս կը մտնէ Կոռնելիոսին տունը (տե՛ս պարբերութիւն 7)
8. Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք, որ Եհովային մտածելակերպը ունինք (Ա. Պետրոս 3։8)։
8 Տարիներ ետք, Պետրոս քրիստոնեաները քաջալերեց, որ ‘մէկ մտքի վրայ ըլլան’ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։8)։ Մէկ մտքի վրայ կ’ըլլանք, երբ կ’ունենանք Եհովային մտածելակերպը, որուն մասին կը սորվինք Սուրբ Գիրքին մէջ։ Օրինակ մը նկատի առնենք։ Յիսուս իր հետեւորդները քաջալերեց, որ Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնեն (Մատ. 6։33)։ Թերեւս ժողովքիդ մէջ հրատարակիչ մը ուզէ լիաժամ ծառայութեան սկսելով այս սկզբունքը իր կեանքին մէջ գործադրել։ Փոխանակ իրեն ըսելու, որ պէտք է աւելի դիւրին կեանք մը ընտրէ, մենք պէտք է դրական բաներ ըսենք իր նպատակին մասին եւ զինք վստահեցնենք, որ պատրաստ ենք իրեն օգնելու։
ԽՈՆԱՐՀ ԵՂԻՐ
9-10. Յիսուս ինչպէ՞ս ցուցուց որ շատ խոնարհ է։
9 Յիսուս իր մեռնելէն գիշեր մը առաջ՝ խոնարհութեան մասին կարեւոր դաս մը սորվեցուց Պետրոսին եւ միւս առաքեալներուն։ Օրուան մէջ, ան Պետրոսը եւ Յովհաննէսը ղրկած էր, որ վերջին ընթրիքին համար պատրաստութիւններ տեսնեն։ Անոնք հաւանաբար աման եւ լաթ ապահոված էին, որ ներկաներուն ոտքերը լուացուին ճաշէն առաջ։ Բայց ո՞վ պիտի ըլլար այն անձը, որ խոնարհութեամբ միւսներուն ոտքերը պիտի լուար։
10 Առաքեալները հաւանաբար շատ զարմացան, երբ տեսան որ Յիսուս շուտով ելաւ եւ ի՛նք ըրաւ ասիկա, քանի որ ընդհանրապէս ծառաներն էին որ այս գործը կ’ընէին։ Յիսուս իր հանդերձը հանեց, լաթ մը փաթթեց իր մէջքին, ամանին մէջ ջուր դրաւ եւ սկսաւ իրենց ոտքերը լուալ (Յովհ. 13։4, 5)։ Հաւանաբար, ժամանակ առաւ որ բոլոր 12 առաքեալներուն ոտքերը լուայ, մէջը ըլլալով Յուդայինը, որ զինք պիտի դաւաճանէր։ Յիսուս այս քայլը առնելով ցուցուց որ շատ խոնարհ էր։ Ետքը, համբերութեամբ բացատրեց առաքեալներուն. «Գիտէ՞ք, ի՛նչ ըրի ձեզի։ Դուք զիս Վարդապետ ու Տէր կը կոչէք եւ աղէկ կ’ընէք, վասն զի այնպէս եմ։ Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք» (Յովհ. 13։12-14)։
Իսկական խոնարհութիւնը նաեւ մտքով պէտք է ըլլայ
11. Պետրոս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ ինք սորվեցաւ խոնարհ ըլլալ (Ա. Պետրոս 5։5) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
11 Պետրոս Յիսուսին խոնարհութենէն սորվեցաւ։ Յիսուս երկինք վերադառնալէ ետք, Պետրոս կաղ ծնած մարդ մը բուժեց (Գործք 1։8, 9. 3։2, 6-8)։ Մեծ թիւով մարդիկ այս հրաշքը տեսնելով, Պետրոսին շուրջ հաւաքուեցան (Գործք 3։11)։ Նկատի ունենալով որ Պետրոս մեծցած էր մշակոյթի մը մէջ, ուր մարդիկ շատ կարեւորութիւն կու տային յարգուած–պատուուած ըլլալուն, արդեօք ուզե՞ց ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրել։ Ո՛չ։ Հապա ան խոնարհաբար փառքը Եհովային ու Յիսուսին ուղղեց, ըսելով. «[Յիսուսին] անուանը հաւատքով՝ անոր անունը զօրացուց ասիկա, որ դուք կը տեսնէք ու կը ճանչնաք» (Գործք 3։12-16)։ Տարիներ ետք, Պետրոս քրիստոնեաներուն նամակ մը գրեց, ըսելով թէ պէտք է խոնարհ ըլլան։ Բնագիր լեզուին մէջ, ան գործածեց «խոնարհութիւն հագէք» արտայայտութիւնը, որ կու տայ այն գաղափարը, թէ խոնարհութիւնը հագուստ մըն է որ կը հագցուի։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ այն դէպքը, երբ Յիսուս իր մէջքին լաթ մը կապեց եւ իր առաքեալներուն ոտքերը լուաց (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։5)։
Երբ Պետրոս հրաշք մը ըրաւ, խոնարհութեամբ փառքը Եհովային եւ Յիսուսին տուաւ։ Մենք ալ խոնարհութեամբ վարուած կ’ըլլանք, երբ դիմացինին լաւութիւն կ’ընենք՝ առանց սպասելու որ մեզ գովէ կամ փոխարէնը բան մը ընէ (տե՛ս պարբերութիւն 11-12)
12. Ինչպէ՞ս կրնանք Պետրոսին պէս շարունակել խոնարհութիւն զարգացնել։
12 Մենք կրնանք Պետրոսին օրինակին հետեւիլ՝ խոնարհութիւն զարգացնելով։ Խոնարհ ըլլալը միայն խօսքով չ’ըլլար։ Պետրոսի գործածած խոնարհութիւն բառը, ցոյց կու տայ թէ խոնարհութիւնը նաեւ մտքով պէտք է ըլլայ։ Մենք ուրիշներուն համար օգտակար բաներ կ’ընենք, քանի որ Եհովան եւ մարդիկը կը սիրենք, եւ ո՛չ թէ քանի որ կ’ուզենք ուրիշներուն աչքը մտնել։ Մենք ցոյց կու տանք որ իրապէս խոնարհ ենք, եթէ ուրախութեամբ Եհովային եւ մեր եղբայրներուն ծառայենք, նոյնիսկ եթէ ուրիշները մեր ջանքերը չեն տեսներ (Մատ. 6։1-4)։
«ԶԳԱՍՏ» ԵՂԻՐ
13. Բացատրէ թէ «զգաստ» ըլլալը ի՞նչ կը նշանակէ։
13 «Զգաստ» ըլլալը ի՞նչ կը նշանակէ (Ա. Պետ. 4։7)։ Զգաստ քրիստոնեան որոշումներ առնելու ատեն կը մտածէ, թէ Եհովան հարցերը ինչպէ՛ս կը դիտէ։ Ան գիտէ թէ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը իր կեանքին մէջ ամենակարեւոր բանն է։ Ան իր անձին հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունի, եւ կ’ընդունի թէ ամէն բան չի գիտեր։ Ան նաեւ ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ կը վստահի՝ խոնարհաբար միշտ իրեն աղօթելովa։
14. Առիթով մը Պետրոս ինչպէ՞ս Եհովային չվստահեցաւ։
14 Յիսուս իր մեռնելէն գիշեր մը առաջ, իր աշակերտները զգուշացուց, ըսելով. «Դուք ամէնքդ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք»։ Բայց Պետրոս ինքնավստահութեամբ ըսաւ. «Թէպէտ ամէնքն ալ քու վրայովդ գայթակղին, ես բնա՛ւ պիտի չգայթակղիմ»։ Նոյն գիշերը, Յիսուս իր աշակերտներէն ոմանց խրատեց. «Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք» (Մատ. 26։31, 33, 41)։ Եթէ Պետրոս այս խրատին հետեւած ըլլար, ետքը քաջութիւնը պիտի ունենար ըսելու որ Յիսուսին աշակերտն էր։ Բայց ան Յիսուսը ուրացաւ, եւ ետքը ասոր համար զղջաց (Մատ. 26։69-75)։
15. Յիսուս ինչպէ՞ս զգաստութեամբ վարուեցաւ իր վերջին գիշերը։
15 Միւս կողմէ, Յիսուս լման Եհովային վստահեցաւ։ Հակառակ որ կատարեալ էր, ան քանի՜ անգամներ աղօթեց իր վերջին գիշերը։ Ասիկա իրեն քաջութիւն տուաւ, որ Եհովային ուզածը ընէ (Մատ. 26։39, 42, 44. Յովհ. 18։4, 5)։ Վստահաբար, Պետրոս բնա՛ւ չմոռցաւ, որ Յիսուս ինչպէ՛ս աղօթքով լման Եհովային վստահեցաւ։
16. Պետրոս ինչպէ՞ս ցուցուց որ զգաստ դարձած էր (Ա. Պետ. 4։7)։
16 Ժամանակի ընթացքին, Պետրոս սորվեցաւ ա՛լ աւելի Եհովային վստահիլ աղօթքով։ Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք, Պետրոսը եւ միւս առաքեալները վստահեցուց, թէ սուրբ հոգին պիտի ստանային, որպէսզի կարենային կատարել քարոզելու իրենց նշանակումը։ Բայց Յիսուս իրենց ըսաւ, թէ մինչեւ որ ասիկա տեղի ունենար՝ Երուսաղէմին մէջ սպասէին (Ղուկ. 24։49. Գործք 1։4, 5)։ Մինչ Պետրոս կը սպասէր, ի՞նչ ըրաւ։ Պետրոսն ու իր հաւատակիցները ‘միշտ աղօթք կ’ընէին’ (Գործք 1։13, 14)։ Տարիներ ետք՝ իր առաջին նամակին մէջ, Պետրոս իր հաւատակիցները քաջալերեց որ զգաստ ըլլան եւ աղօթքով Եհովային վստահին (կարդա՛ Ա. Պետրոս 4։7)։ Պետրոս սորվեցաւ Եհովային վստահիլ եւ կրցաւ իր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել եւ զիրենք զօրացնել (Գաղ. 2։9)։
17. Ի՞նչ պէտք է շարունակենք ընել, նոյնիսկ եթէ մեզի համար դիւրին է կարգ մը բաներ ընել (տե՛ս նաեւ նկարը)։
17 Զգաստ ըլլալու համար, պէտք է միշտ Եհովային աղօթենք։ Պէտք է շարունակենք աղօթքով իրմէ օգնութիւն խնդրել, նոյնիսկ եթէ մեզի համար դիւրին է կարգ մը բաներ ընելը։ Մանաւանդ երբ կարեւոր որոշումներ պիտի առնենք, մենք Եհովայէն ուղղութիւն կը խնդրենք, վստահ ըլլալով որ ինք գիտէ թէ մեզի համար լաւագոյնը ի՛նչ է։
Պետրոս սորվեցաւ աղօթքով Եհովային վստահիլ։ Մենք ալ զգաստութեամբ վարուած կ’ըլլանք, եթէ աղօթքով Եհովային օգնութիւնը կ’ուզենք, մանաւանդ երբ կարեւոր որոշումներ պիտի առնենք (տե՛ս պարբերութիւն 17)b
18. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր մտածելակերպը համապատասխան ընել Եհովային մտածելակերպին։
18 Մենք շատ շնորհակալ ենք, որ Եհովան մեզ այնպէս մը ստեղծած է, որ կարենանք իր յատկութիւնները ընդօրինակել (Ծն. 1։26)։ Անշուշտ, չենք կրնար հարիւր առ հարիւր Եհովային նմանիլ (Եսա. 55։9)։ Բայց կրնանք Պետրոսին պէս մեր մտածելակերպը աւելի համապատասխան ընել Եհովային մտածելակերպին։ Ինչպէ՞ս։ Շարունակելով՝ Եհովային պէս մտածել, խոնարհ ըլլալ եւ զգաստ ըլլալ։
ԵՐԳ 91 Իմ Հայրս, Աստուածս եւ Ընկերս
a Զգաստ ըլլալու մասին աւելի տեղեկութիւն առնելու համար, տե՛ս jw.org կայքին վրայ կամ JW Library® էփին մէջ՝ «Աստուածաշունչի համարներու բացատրութիւն» յօդուածաշարքին՝ «Բ. Տիմոթէոս 1։7–ի բացատրութիւնը. ‘Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ’» յօդուածին «Զգաստութիւն» ենթավերնագրին տակ (արաբ.)։
b ՆԿԱՐ. Քոյր մը մտքէն կ’աղօթէ, մինչ իր կարգը կը սպասէ նոր գործի մը համար տեսակցութիւն ունենալու։