Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Մարտ էջ 20-25
  • Շարունակէ հաւատքով քալել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շարունակէ հաւատքով քալել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՐԲ ԳՈՐԾ ՊԻՏԻ ԶԱՏԵՍ
  • ԵՐԲ ԿՈՂԱԿԻՑ ՊԻՏԻ ԶԱՏԵՍ
  • ԵՐԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԱՅ ՄԵԶԻ
  • Որոշումներ՝ որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովային կը վստահինք
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Խոնարհաբար ընդունէ բաներ որ չես գիտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ երբ կասկածներ ունենանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Եհովան ուրախացնող որոշումներ առ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Մարտ էջ 20-25

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 12

ԵՐԳ 54 Պէտք է հաւատք ունենանք

Շարունակէ հաւատքով քալել

«Հաւատքով կը քալենք ու ո՛չ թէ երեւոյթով» (Բ. ԿՈՐ. 5։7)։

ՆԻՒԹ

Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել հաւատքով քալել, երբ կարեւոր որոշումներ կ’առնենք։

1. Պօղոս առաքեալ ինչո՞ւ կրնար իր ապրած կեանքին նկատմամբ գոհ ըլլալ։

ՊՕՂՈՍ առաքեալ գիտէր որ մօտ ատենէն պիտի մեռնէր, բայց ան իր ապրած կեանքին նկատմամբ գոհ էր։ Ան կրցաւ ըսել. «Ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի» (Բ. Տիմ. 4։6-8)։ Ան իր կեանքին մէջ իմաստուն ու հոգեւոր որոշումներ առած էր եւ համոզուած էր որ Եհովան իրմով ուրախ էր։ Մենք ալ կ’ուզենք ճիշդ որոշումներ առնել եւ Եհովային սիրտը ուրախացնել։ Ինչպէ՞ս։

2. Ի՞նչ ըսել է հաւատքով քալել։

2 Պօղոս, խօսելով իր եւ ուրիշ հաւատարիմ քրիստոնեաներու մասին, ըսաւ. «Հաւատքով կը քալենք ու ո՛չ թէ երեւոյթով» (Բ. Կոր. 5։7)։ Ան ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ Սուրբ Գիրքին մէջ, ատեններ անձի մը ապրած կերպը կը նմանցուի ‘քալելու’։ Միայն երեւոյթով քալող անձը որոշումներ կ’առնէ միայն իր տեսածին, լսածին եւ զգացածին համաձայն։ Միւս կողմէ, երբ հաւատքով քալող անձը որոշումներ կ’առնէ, կը մտածէ որ Եհովա Աստուած ի՛նչ կ’ուզէ։ Իր որոշումները ցոյց կու տան, որ ինք համոզուած է, որ եթէ Եհովային խրատներուն հետեւի՝ թէ՛ հիմա աւելի լաւ կեանք մը պիտի ունենայ, թէ ալ ապագային Եհովան զինք պիտի օրհնէ (Սաղ. 119։66. Եբ. 11։6)։

3. Ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք, եթէ հաւատքով քալենք (Բ. Կորնթացիս 4։18)։

3 Անշուշտ, ատեններ բոլորս ալ մեր տեսածին, լսածին եւ զգացածին համաձայն որոշումներ կ’առնենք։ Բայց եթէ միայն ատոնց հիման վրայ առնենք կարեւոր որոշումները, շատ հաւանաբար խնդիրներ ունենանք։ Ինչո՞ւ։ Ատեններ, մեր տեսածները, լսածները եւ զգացածները մեզ կը խաբեն։ Նոյնիսկ երբ ատոնք մեզ չխաբեն, եթէ միայն երեւոյթով քալենք, թերեւս Եհովային ուզածին հակառակ բան մը ընենք (Ժող. 11։9. Մատ. 24։37-39)։ Բայց եթէ հաւատքով քալենք, շատ հաւանաբար պիտի առնենք որոշումներ, որոնք «Տէրոջը հաճելի» են (Եփ. 5։10)։ Երբ Եհովային խրատներուն հետեւինք, խաղաղ եւ իսկապէս ուրախ պիտի զգանք (Սաղ. 16։8, 9. Եսա. 48։17, 18)։ Եւ եթէ շարունակենք հաւատքով քալել, յաւիտեան պիտի ապրինք (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 4։18)։

4. Անձ մը ինչպէ՞ս կրնայ գիտնալ, եթէ հաւատքով կը քալէ, թէ ոչ՝ երեւոյթով։

4 Անձ մը ինչպէ՞ս կրնայ գիտնալ, եթէ հաւատքով կը քալէ, թէ ոչ՝ երեւոյթով։ Ինքն իրեն կրնայ հարցնել. ‘Ինչի՞ հիման վրայ որոշումներս կ’առնեմ։ Միայն տեսա՞ծ բաներուս հիման վրայ, թէ ոչ՝ Եհովային խրատներուն հիման վրայ’։ Հիմա նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք հաւատքով քալել՝ երեք կարեւոր պարագաներու մէջ. երբ գործ մը պիտի զատենք, երբ կողակից պիտի զատենք եւ երբ կազմակերպութիւնը ուղղութիւն մը տայ մեզի։ Ամէն մէկ պարագային, պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ բաներու մասին պէտք է մտածենք, որպէսզի ճիշդ որոշումներ առնենք։

ԵՐԲ ԳՈՐԾ ՊԻՏԻ ԶԱՏԵՍ

5. Ինչի՞ մասին պէտք է մտածենք, երբ գործ մը պիտի զատենք։

5 Բոլորս կ’ուզենք ապահովել մեր պէտքերը եւ մեր ընտանիքին պէտքերը (Ժող. 7։12. Ա. Տիմ. 5։8)։ Կարգ մը գործեր լաւ վճարումով կ’ըլլան եւ դուն ոչ միայն օրուան պէտքերդ կ’ապահովես, այլեւ կրնաս մէկ կողմ դրամ դնել ապագային համար։ Ուրիշ գործեր աւելի քիչ վճարումով կ’ըլլան եւ դուն հազիւ կրնաս ընտանիքիդ պէտքերը հոգալ։ Երբ որոշում պիտի առնենք, թէ որոշ գործ մը պիտի ընդունի՛նք կամ ոչ, բնական է որ մտածենք թէ ամսական որքա՛ն պիտի գանձենք։ Բայց եթէ միայն ասոր մասին մտածենք, երեւոյթով քալած կ’ըլլանք։

6. Ինչպէ՞ս կրնանք հաւատքով քալել, երբ գործ մը կը զատենք (Եբրայեցիս 13։5)։

6 Հաւատքով քալելու համար պէտք է նաեւ նկատի առնենք, թէ որոշ գործ մը ինչպէ՛ս կրնայ ազդել Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Այս գործին պատճառով պիտի ընե՞մ բաներ որոնք Եհովան կ’ատէ’ (Առ. 6։16-19)։ ‘Ատիկա հոգեւոր բաներուն արգելք պիտի ըլլա՞յ, կամ պատճառ պիտի ըլլա՞յ որ երկար ժամանակ ընտանիքս չտեսնեմ’ (Փլպ. 1։10)։ Եթէ այս հարցումներէն մէկուն պատասխանը այո՛ է, իմաստուն որոշումն է՝ գործը չընդունիլ, նոյնիսկ եթէ դժուար պիտի ըլլայ գործ մը գտնելը։ Հաւատքով քալելու համար պէտք է այնպիսի որոշումներ առնենք, որոնք ցոյց կու տան թէ մենք համոզուած ենք, որ Եհովան ձեւով մը հոգ պիտի տանի մեր պէտքերուն (Մատ. 6։33. կարդա՛ Եբրայեցիս 13։5)։

7-8. Հարաւային Ամերիկայէն եղող եղբայր մը ինչպէ՞ս հաւատքով քալեց (տե՛ս նաեւ նկարը)։

7 Հարաւային Ամերիկայէն եղող Խավիէր անունով եղբայր մը անդրադարձաւ, որ հաւատքով քալելը որքա՜ն կարեւոր էa։ Ան կ’ըսէ. «Ես գործի մը դիմած էի, որ ամէն մարդ կ’ուզէր ունենալ։ Եթէ ընդունուէի, ամսականս առաջուան ամսականիս երկու անգամը պիտի ըլլար եւ գործն ալ ճաշակիս պիտի ըլլար»։ Բայց Խավիէրը նաեւ շատ կ’ուզէր ռահվիրայ ըլլալ։ Ան կը շարունակէ. «Գործին համար հարցազրոյց մը պիտի ունենայի։ Հարցազրոյցէն առաջ, Եհովայէն օգնութիւն խնդրեցի, քանի որ վստահ էի որ ինքը գիտէ թէ ինծի համար լաւագոյնը ի՛նչ է։ Անշուշտ կ’ուզէի որ գործիս մէջ յառաջդիմեմ եւ լաւ դրամ շահիմ, բայց եթէ այդ գործը ինծի պիտի չօգնէր որ հոգեւոր նպատակակէտերուս հասնիմ, զայն պիտի չընդունէի»։

8 Խավիէրը կը պատմէ. «Հարցազրոյցին ժամանակ, տնօրէնը ինծի ըսաւ որ այս գործը աշխատողը միշտ ստիպուած է աւելորդ ժամեր աշխատելու։ Քաղաքավարօրէն իրեն ըսի որ ասիկա չեմ կրնար ընդունիլ, քանի որ ծառայութիւն ունիմ»։ Այսպիսով, Խավիէրը գործը չընդունեց։ Երկու շաբաթ ետք, ան ռահվիրայութեան սկսաւ։ Նոյն տարին, ան կիսաժամ գործ մը գտաւ։ Ան կ’ըսէ. «Եհովան աղօթքներս լսեց եւ ինծի տուաւ գործ մը, որ ինծի առիթ կու տայ ռահվիրայ ըլլալու։ Ես շատ ուրախ եմ որ գործս կը ներէ որ Եհովային եւ եղբայրներուս աւելի ծառայեմ»։

Եղբօր մը գործատէրը իրեն կ’առաջարկէ որ աւելի բարձր դիրք մը տայ գործին մէջ։

Եթէ գործիդ մէջ քեզի աւելի բարձր դիրք մը առաջարկուի, որոշումդ պիտի ցուցնէ՞ թէ դուն համոզուած ես որ Եհովան գիտէ թէ լաւագոյնը ի՛նչ է քեզի համար (տե՛ս պարբերութիւն 7-8)


9. Դրէզուրին փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։

9 Լաւ, ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ մեր հիմակուան գործը արգելք կ’ըլլայ որ հաւատքով քալենք։ Նկատի առ Քոնկոյէն եղող Դրէզուր անունով եղբօր մը փորձառութիւնը։ Ան կը պատմէ. «Նոր սկսած էի աշխատիլ գործ մը, որ հազարէն մէկ ձեռքդ կ’անցնի։ Ամսականս առաջուան ամսականիս երեք անգամն էր, եւ ամէն մարդու յարգանքը շահած էի»։ Բայց Դրէզուրը շատ անգամ ժողովները կը փախցնէր, քանի որ աւելորդ ժամեր կ’աշխատէր։ Ասկէ զատ, ատեններ իր գործընկերները կը փորձէին զինք ստիպել որ սուտ խօսի, որպէսզի գործին մէջ եղած խարդախութիւնները մէջտեղ չելլեն։ Դրէզուրը կ’ուզէր գործը ձգել, բայց կը մտահոգուէր որ առանց գործի պիտի մնար։ Ի՞նչը օգնեց իրեն։ Ան կ’ըսէ. «Ամբակում 3։17-19–ն ինծի օգնեց որ հասկնամ, որ նոյնիսկ եթէ աւելի քիչ դրամ շահիմ, Եհովան ձեւով մը հոգ պիտի տանի ինծի։ Ասոր համար գործս ձգեցի։ Շատ մը գործատէրեր կը կարծեն, որ անձ մը պատրաստ է ամէն բան զոհելու, նոյնիսկ՝ իր ընտանեկան կեանքը եւ հոգեւոր բաները, որպէսզի աւելի դրամ շահի։ Ես ուրախ եմ, որ պաշտպանեցի Եհովային եւ ընտանիքիս հետ փոխյարաբերութիւնս։ Մէկ տարի ետք, Եհովան ինծի օգնեց որ գտնեմ գործ մը, որ ինծի առիթ կու տայ որ թէ՛ պէտքերս ապահովեմ, թէ ալ աւելի ժամանակ տամ հոգեւոր բաներու։ Երբ Եհովան առաջին տեղը դնենք, ան միշտ մեր պէտքերուն հոգ պիտի տանի, նոյնիսկ եթէ ժամանակ մը դրամական նեղութիւն քաշենք»։ Ուրեմն, եթէ վստահինք Եհովային խրատներուն եւ խոստումներուն, պիտի շարունակենք հաւատքով քալել, եւ Եհովան մեզ պիտի օրհնէ։

ԵՐԲ ԿՈՂԱԿԻՑ ՊԻՏԻ ԶԱՏԵՍ

10. Ի՞նչը կրնայ ձգել որ երեւոյթով քալենք՝ երբ կողակից կը զատենք։

10 Ամուսնութիւնը Եհովային կողմէ նուէր մըն է եւ բնական է որ ամուսնանալ ուզենք։ Երբ քոյր մը կը մտածէ թէ որոշ եղբայր մը իրեն յարմար է կամ ոչ, թերեւս նկատի առնէ եղբօր բնաւորութիւնը, տեսքը, համբաւը, դրամական վիճակը եւ ընտանեկան պատասխանատուութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ եթէ ինք ուրախ է եղբօր հետb։ Ասոնք կարեւոր են, բայց եթէ քոյրը միայն ասոնք նկատի առնէ, երեւոյթով քալած կ’ըլլայ։

11. Ինչպէ՞ս կրնանք հաւատքով քալել, երբ կողակից մը պիտի զատենք (Ա. Կորնթացիս 7։39)։

11 Եհովան որքա՜ն հպարտ կը զգայ այն եղբայրներով ու քոյրերով, որոնք իր խրատներուն կը հետեւին երբ կողակից մը պիտի զատեն։ Օրինակ, անոնք ամուսնանալու ելլելէ առաջ, կը սպասեն որ իրենց «երիտասարդութեան ծաղկուն շրջանը» անցնի, այսինքն՝ կը սպասեն մինչեւ որ բաւարար հասուն ըլլան (Ա. Կոր. 7։36, ՆԱ)։ Անոնք դիմացինին մէջ մասնաւորաբար կը փնտռեն այն յատկութիւնները, որոնք Եհովային աչքին՝ ամուսին մը կամ կին մը պէտք է ունենայ (Առ. 31։10-13, 26-28. Եփ. 5։33. Ա. Տիմ. 5։8)։ Եթէ Վկայ չեղող մէկը ռոմանթիկ կերպով հետաքրքրուի իրենցմով, անոնք չեն սկսիր անոր հետ ժամադրուելու, որպէսզի հետեւած ըլլան ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալու խրատին, որ կը գտնուի Ա. Կորնթացիս 7։39–ին մէջ (կարդա՛)։ Անոնք կը շարունակեն հաւատքով քալել, քանի որ վստահ են որ Եհովան ոեւէ անձէ աւելի կրնայ լաւ հոգ տանիլ իրենց զգացական պէտքերուն (Սաղ. 55։22)։

12. Ռոզայէն ի՞նչ կը սորվիս։

12 Նկատի առ Քոլոմպիայէն եղող Ռոզա անունով ռահվիրայ քրոջ մը փորձառութիւնը։ Իր գործատեղիին մէջ, Վկայ չեղող մէկը սկսաւ իրմով հետաքրքրուիլ։ Ռոզան կը հաւնէր զինք։ Ան կ’ըսէ. «Շատ լաւ մէկը կ’երեւէր։ Իր շրջանին մէջի մարդոց կ’օգնէր եւ իր առողջութեան վնաս հասցնող սովորութիւններ չունէր։ Հետս շատ լաւ կը վարուէր։ Իր մէջ գտայ ամէն ինչ որ ամուսինի մը մէջ կը փնտռեմ։ Բայց խնդիրը այն էր, որ ան Վկայ չէր։ Իրեն ‘ո՛չ’ ըսելը դժուար էր, քանի որ ճիշդ իրեն պէս մէկու մը պէտք ունէի։ Այդ ժամանակները մինակ կը զգայի եւ կ’ուզէի ամուսնանալ, բայց ճշմարտութեան մէջ մէկը չէի գտած»։ Բայց Ռոզան չկեդրոնացաւ միայն իր տեսած բաներուն վրայ։ Ան մտածեց որ այս որոշումը ինչպէ՛ս պիտի ազդէր Եհովային հետ իր բարեկամութեան։ Ասոր համար, ան այդ մարդուն հետ իր բոլոր կապերը կտրեց եւ հոգեւոր բաներով զբաղած մնաց։ Շատ չանցած, ան հրաւիրուեցաւ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցին, եւ հիմա մասնաւոր ռահվիրայ է։ Ռոզան կ’ըսէ. «Եհովային տուած օրհնութիւնները սիրտս շատ կ’ուրախացնեն»։ Ճիշդ է որ հաւատքով քալելը դիւրին չէ այսպիսի զգայուն հարցերու մէջ, բայց միշտ կ’արժէ ամէն ջանք թափել ատոր համար։

ԵՐԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԱՅ ՄԵԶԻ

13. Թերեւս ի՞նչ զգանք կամ ընենք, երբ հոգեւոր ուղղութիւն մը ստանանք։

13 Շատ անգամ հոգեւոր բաներու մասին ուղղութիւններ կը ստանանք երէցներէն, շրջանային տեսուչէն, մասնաճիւղէն կամ Կառավարիչ մարմինէն։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ընել եթէ ատեններ չհասկնանք թէ որոշ ուղղութիւն մը ինչո՛ւ տրուեցաւ։ Թերեւս զգանք որ այդ ուղղութեան արդիւնքները լաւ պիտի չըլլան։ Թերեւս նոյնիսկ կեդրոնանանք ուղղութիւնը տուող եղբայրներուն անկատարութիւններուն վրայ։

14. Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ հաւատքով քալենք՝ երբ հոգեւոր ուղղութիւններ կը ստանանք (Եբրայեցիս 13։17)։

14 Հաւատքով քալելու համար պէտք է համոզուած ըլլանք, թէ Եհովան է որ իր կազմակերպութիւնը կ’ուղղէ եւ թէ ինքը շատ լաւ գիտէ մեր պարագաները։ Այս պատճառաւ, մենք շուտով կը հնազանդինք ուղղութիւններուն, եւ ասիկա սրտա՛նց կ’ընենք (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։17)։ Մենք կ’ըմբռնենք որ եթէ հնազանդ ըլլանք, ժողովքը միացած կը մնայ (Եփ. 4։2, 3)։ Նաեւ գիտենք որ երբ առաջնորդութիւնը առնող եղբայրներուն հնազանդինք, նոյնիսկ եթէ անոնք անկատարութիւններ ունին, Եհովան մեզ պիտի օրհնէ (Ա. Թագ. 15։22)։ Ասկէ զատ, վստահ ենք որ Եհովան յարմար ժամանակին պիտի շտկէ որեւէ բան, որ իր աչքին շտկուիլ կ’ուզէ (Միք. 7։7)։

15-16. Ի՞նչը եղբօր մը օգնեց, որ հաւատքով քալէ նոյնիսկ երբ կասկածներ ունէր որոշ ուղղութեան մը նկատմամբ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

15 Տեսնենք փորձառութիւն մը, որ ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ օրհնութիւններ կը վայելենք, երբ հաւատքով կը հետեւինք ուղղութիւններուն։ Փերուի մայր լեզուն սպաներէնն է, բայց հոն շատեր տեղական լեզուներ կը խօսին, օրինակ՝ քէչուա։ Տարիներով, քէչուա խօսող եղբայրներն ու քոյրերը թաղամասին մէջ կը փնտռէին քէչուա խօսողները։ Բայց կառավարութեան օրէնքները յարգելու համար՝ կազմակերպութիւնը ըսաւ որ այլեւս ուրիշ կերպով պիտի փնտռէին զանոնք (Հռով. 13։1)։ Ոմանք սկսան մտածել որ այլեւս աւելի դժուար պիտի ըլլար զանոնք գտնելը։ Բայց քանի որ եղբայրները այդ ուղղութեան հետեւեցան, Եհովան զիրենք օրհնեց եւ իրենց օգնեց որ քէչուա խօսողները գտնեն։

16 Քէչուա խօսող ժողովքի մը մէջ, Քեւըն անունով երէց մը նոյն մտահոգութիւնը ունէր։ Ան կը բացատրէ. «Ես ինծի կ’ըսէի. ‘Ասկէ ետք ինչպէ՞ս պիտի գտնենք քէչուա խօսողները’»։ Քեւընը ի՞նչ ըրաւ։ Ան կ’ըսէ. «Միտքս բերի Առակաց 3։5–ը եւ Մովսէսին մասին ալ մտածեցի։ Եհովան իրեն ըսաւ որ իսրայէլացիները Եգիպտոսէն հանէ եւ տանի տեղ մը, որ կարծես թէ զանոնք անկիւն կը բերէ եւ դիւրին պատառ կ’ընէ եգիպտացիներուն։ Կրնայ ըլլալ որ այս ուղղութիւնը Մովսէսին խելքին չպառկեցաւ, բայց ան հնազանդեցաւ։ Եհովան ալ հիանալի կերպով օրհնեց զինք» (Ել. 14։1, 2, 9-11, 21, 22)։ Քեւընը ընդունեց հետեւիլ նոր մեթոտին։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան կ’ըսէ. «Եհովան հոյակապ կերպով օրհնեց մեր ջանքերը։ Առաջ, ծառայութեան մէջ շատ կը քալէինք եւ ատեններ միայն մէկ–երկու հոգի կը գտնէինք։ Հիմա աւելի կը կեդրոնանանք այն թաղամասերուն վրայ, ուր քէչուա խօսող շատ մարդիկ կան։ Առաջուընէ աւելի խօսակցութիւններ կ’ունենանք մարդոց հետ եւ աւելի վերայցելութիւններ ու դասեր ունինք։ Նաեւ աւելի մարդիկ ներկայ կ’ըլլան ժողովներուն»։ Իրապէս ալ, եթէ հաւատքով քալենք, Եհովան միշտ պիտի օրհնէ մեզ։

Քէչուա խօսող մարդ մը կը խօսի Վկայ զոյգի մը հետ, որոնք ծառայութեան ելած են։ Մարդը անոնց կը ցուցնէ, թէ որոշ անձ մը ո՛ւր կ’ապրի։

Եղբայրները տեսան որ իրենց հանդիպած անձերէն շատեր կրնան իրենց ցուցնել, որ քէչուա խօսող մարդիկը ո՛ւր կը գտնուին (տե՛ս պարբերութիւն 15-16)


17. Այս յօդուածէն ի՞նչ սորվեցար։

17 Այս յօդուածին մէջ նկատի առինք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք շարունակել հաւատքով քալել՝ երբ երեք կարեւոր որոշումներ առնենք։ Բայց պէտք է մեր կեանքին բոլո՛ր որոշումներուն ժամանակ հաւատքով քալենք, օրինակ՝ երբ ժամանց կ’ընտրենք, երբ կ’որոշենք որքա՛ն ուսում առնել կամ մեր զաւակները ինչպէ՛ս մեծցնել։ Ամէն անգամ որ որոշում մը պիտի առնենք, պէտք է ոչ միայն մեր տեսածներուն համաձայն առնենք մեր որոշումը, հապա նաեւ՝ Եհովային ուզածին ու խրատներուն համաձայն, եւ պէտք է վստահ ըլլանք որ Եհովան միշտ մեզի հոգ պիտի տանի։ Այսպիսով, պիտի կարենանք ‘յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը քալել’ (Միք. 4։5)։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՔԱԼԵԼ՝

  • երբ գործ մը պիտի զատենք։

  • երբ կողակից պիտի զատենք։

  • երբ կազմակերպութիւնը ուղղութիւն մը տայ մեզի։

ԵՐԳ 156 Մեր հաւատքով

a Կարգ մը անուններ փոխուած են։

b Այս պարբերութիւնը կը խօսի քրոջ մը մասին, որ ամուսին կը փնտռէ։ Նոյն խրատները կը կիրարկուին այն եղբօր, որ կին կը փնտռէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել