Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Ապրիլ էջ 14-19
  • Իրարու մօտենալը լաւ է մեզի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իրարու մօտենալը լաւ է մեզի
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԱՒԵԼԻ ՄՕՏԵՆԱՆՔ ՄԵՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ՔՈՅՐԵՐՈՒՆ
  • ԻՐԱՐ ՊԱՏՈՒԵՆՔ
  • ՄԵՐ ՄԷՋ ԲԱԺԱՆՈՒՄՆԵՐ ՉԸԼԼԱՆ
  • «ԳՈՐԾՈՎ ՈՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՈՎ» ՍԻՐԵ՛ՆՔ
  • Եհովան վրադ կը գուրգուրայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • «Աստուծոյ մօտենալը» լաւ է մեզի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Որոշումներ՝ որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովային կը վստահինք
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Տալով աւելի ուրախ պիտի ըլլաս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Ապրիլ էջ 14-19

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 16

ԵՐԳ 119 Եկէք եւ թարմացէք

Իրարու մօտենալը լաւ է մեզի

«Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին» (ՍԱՂ. 133։1)։

ՆԻՒԹ

Ինչպէ՞ս կրնանք իրարու աւելի մօտենալ, եւ ասիկա ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։

1-2. Ի՞նչը կարեւոր է Եհովային համար, եւ ան ինչպէ՞ս կ’ուզէ որ վարուինք։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ համար շատ կարեւոր է, թէ ուրիշներուն հետ ինչպէ՛ս կը վարուինք։ Յիսուս սորվեցուց որ պէտք է մեր ընկերը սիրենք մեր անձին պէս (Մատ. 22։37-39)։ Ուրեմն, պէտք է լաւութիւն ընենք նոյնիսկ անոնց, որոնք Եհովային չեն ծառայեր։ Այսպիսով, Եհովային նմանած կ’ըլլանք, որ «իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ» (Մատ. 5։45)։

2 Ճիշդ է որ Եհովան բոլոր մարդիկը կը սիրէ, բայց իրեն հնազանդողները յատուկ տեղ ունին իր սրտին մէջ (Յովհ. 14։21)։ Ան կ’ուզէ որ մենք իրեն նմանելով «սրտանց սէր» ցոյց տանք եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ «գորովալից» ըլլանք անոնց հանդէպ (Ա. Պետ. 4։8. Հռով. 12։10)։ Ասիկա կը նմանի այն սիրոյն ու գորովին, որ մենք կը զգանք մեր ընտանիքի մէկ անդամին կամ մօտիկ բարեկամին հանդէպ։

3. Սիրոյ մասին ի՞նչ բան պէտք է մեր միտքը պահենք։

3 Սէրը կը նմանի տունիդ մէջ ունեցած բոյսիդ, որուն պէտք է հոգ տանիս որ աճի։ Պօղոս առաքեալ այս խրատը տուաւ քրիստոնեաներուն. «Յարատեւեցէ՛ք եղբայրսիրութեան մէջ» (Եբ. 13։1, ԱԾ)։ Եհովան կ’ուզէ որ ուրիշներուն հանդէպ ունեցած մեր սէրը շարունակենք աճեցնել։ Այս յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ ինչո՛ւ պէտք է աւելի մօտենանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք շարունակել ասիկա ընել։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԱՒԵԼԻ ՄՕՏԵՆԱՆՔ ՄԵՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ՔՈՅՐԵՐՈՒՆ

4. Սաղմոս 133։1–ին համաձայն, ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել գնահատել մեր միացեալ եղբայրութիւնը (տե՛ս նաեւ նկարները)։

4 Կարդա՛ Սաղմոս 133։1։ Մենք կը համաձայնինք սաղմոս գրողին հետ, որ ըսաւ թէ Եհովան սիրողներուն հետ բարեկամ ըլլալը «բարի» ու «վայելուչ» է։ Բայց ճիշդ ինչպէս որ ատեններ չենք նկատեր շատ հսկայ ծառ մը որ ամէն օր կը տեսնենք, նոյնպէս կրնանք չնկատել կամ թեթեւի առնել եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ վայելած մեր գեղեցիկ միութիւնը։ Ինչո՞ւ։ Թերեւս պատճառը այն է, որ զանոնք ամէն շաբաթ քանի մը անգամ կը տեսնենք։ Ուրեմն ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել զիրենք գնահատել։ Անոնց հանդէպ մեր սէրը պիտի աճի ու աւելնայ, եթէ ժամանակ տրամադրենք մտածելու համար, թէ անոնցմէ ամէն մէկը ժողովքին ու մեզի համար որքա՜ն արժէքաւոր է։

1. Քոյր մը կը խոկայ գեղեցիկ ծառի մը վրայ։ 2. Ան ուրիշ քրոջ մը փաթթուկ կու տայ տարեկան համաժողովին։ Իրենց շուրջինները ուրախ–⁠զուարթ կը խօսին իրարու հետ։

Մեր համաշխարհային միութիւնը բնաւ թեթեւի մի՛ առներ (տե՛ս պարբերութիւն 4)


5. Իրարու հանդէպ մեր ցուցաբերած սէրը, ուրիշներուն վրայ ինչպէ՞ս կրնայ ազդել։

5 Առաջին անգամ ժողովի եկողներէն ոմանք խորապէս կը տպաւորուին, երբ կը տեսնեն իրարու հանդէպ մեր ունեցած սէրը։ Եւ ասիկա թերեւս բաւարար ըլլայ զիրենք համոզելու, թէ մե՛նք ենք ճշմարիտ քրիստոնեաները։ Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։35)։ Նկատի առ Չայթրէ անունով համալսարանական աղջիկի մը փորձառութիւնը, որ Եհովայի վկաներուն հետ Սուրբ Գիրքը կը սերտէր։ Ան համաժողովի մը երթալու հրաւէրը ընդունեց, եւ առաջին օրը ներկայ ըլլալէ ետք, իրեն հետ սերտող քրոջ ըսաւ. «Ծնողքս բնա՛ւ ինծի փաթթուկ չէ ըրած։ Բայց ձեր համաժողովին, միայն մէկ օրուան մէջ 52 հոգի ինծի փաթթուկ ըրաւ։ Եհովային սէրը զգացի՝ իր հոգեւոր ընտանիքին ընդմէջէն։ Կ’ուզեմ այս ընտանիքին մէկ անդամը ըլլալ»։ Չայթրէ շարունակեց իր սերտողութիւնը եւ 2024–ին մկրտուեցաւ։ Ուրեմն, երբ նորեկները մեր բարի գործերը տեսնեն, մէջը ըլլալով՝ իրարու հանդէպ մեր սէրը, շատ անգամ անոնք կ’ուզեն Եհովային ծառայել (Մատ. 5։16)։

6. Եղբայրներուն ու քոյրերուն աւելի մօտենալը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ պաշտպանել։

6 Եղբայրներուն ու քոյրերուն աւելի մօտենալը կրնայ մեզ պաշտպանել։ Պօղոս քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Ամէն օր մէկզմէկ յորդորեցէ՛ք. . . որ չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը խստանայ մեղքին խաբէութիւնովը» (Եբ. 3։13)։ Եթէ տեղ մը հասնինք, որ այլեւս մեզի համար դժուար ըլլայ ճիշդը ընելը, Եհովան կրնայ ձգել որ մեր եղբայրներէն կամ քոյրերէն մէկը նկատէ մեր վիճակը եւ մեզի պէտք եղած օգնութիւնը տայ (Սաղ. 73։2, 17, 23)։ Այս օգնութիւնը իրապէս ալ «բարի» կամ լաւ է մեզի համար։

7. Սէրը ինչպէ՞ս կապուած է միութեան (Կողոսացիս 3։13, 14)։

7 Մենք մաս կը կազմենք խումբ մը մարդոց, որոնք շատ ջանք կը թափեն իրարու հանդէպ սէր ցուցնելու համար։ Այս պատճառով, մենք շատ մը օրհնութիւններ կը վայելենք (Ա. Յովհ. 4։11)։ Օրինակ, սէրը կը ձգէ որ շարունակենք ‘իրարու համբերել’, եւ ասիկա մեզ իրարու կը միացնէ (կարդա՛ Կողոսացիս 3։13, 14. Եփ. 4։2-6)։ Ասոր համար, մեր ժողովներուն ընթացքին կը վայելենք այնպիսի հաճելի մթնոլորտ մը, որ ուրիշ ոչ մէկ խումբ կը վայելէ աշխարհին մէջ։

ԻՐԱՐ ՊԱՏՈՒԵՆՔ

8. Եհովան մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ միացած ըլլանք։

8 Այսօր մեր վայելած համաշխարհային միութիւնը հրաշք մըն է։ Եհովան է որ ատիկա կարելի կը դարձնէ, հակառակ որ մենք անկատար ենք (Ա. Կոր. 12։25)։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ մենք ‘Աստուծմէ սորված ենք մէկզմէկ սիրել’ (Ա. Թես. 4։9)։ Եհովան Սուրբ Գիրքին միջոցաւ է որ մեզի կը սորվեցնէ թէ ճիշդ ի՛նչ պէտք է ընենք, որ իրարու աւելի մօտենանք։ Երբ Աստուծոյ սորվեցուցածները ուշի–ուշով սերտենք եւ զանոնք գործադրենք, մենք «Աստուծմէ սորված» կ’ըլլանք (Եբ. 4։12. Յակ. 1։25)։ Եւ Եհովայի վկաները ճիշդ ասիկա կը ջանան ընել։

9. Հռովմայեցիս 12։9-13–էն ի՞նչ կը սորվինք իրար պատուելու մասին։

9 Աստուծոյ Խօսքը մեզի ինչպէ՞ս կը սորվեցնէ, որ իրարու աւելի մօտենանք։ Նկատի առ որ Պօղոս ասոր մասին ի՛նչ ըսաւ Հռովմայեցիս 12։9-13–ին մէջ (կարդա՛)։ Ան ըսաւ. «Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք»։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Պէտք է առիթներ փնտռենք որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ տարբեր կերպերով ‘գորովալից ըլլանք’. օրինակ՝ անոնց ներենք, հիւրասէր ըլլանք եւ առատաձեռն ըլլանք (Եփ. 4։32)։ Պէտք չէ սպասես որ իրե՛նք քեզի աւելի մօտենան, հապա՝ առաջին քայլը դո՛ւն առ։ Այսպիսով, պիտի վայելես Յիսուսին այս խօսքը. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։

10. Ինչպէ՞ս կրնանք իրար պատուելու մէջ ‘թուլասիրտ չըլլալ’ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

10 Հետաքրքրականօրէն, իրար պատուելու մասին խօսելէ անմիջապէս ետք, Պօղոս մեզ կը քաջալերէ որ ‘ջանքի մէջ թուլասիրտ չըլլանք’։ Ասիկա կը նշանակէ որ եռանդուն ու աշխատասէր ըլլանք, եւ երբ մեզի գործ մը տրուի, առանց ծուլանալու ընենք։ Առակաց 3։27, 28–ը մեզ կը քաջալերէ. «Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա»։ Ուրեմն, երբ տեսնենք մէկը, որ օգնութեան պէտք ունի, ամէն ինչ կ’ընենք որ անոր օգնենք։ Չենք տնտնար, ո՛չ ալ կ’ենթադրենք որ ուրիշ մէկը իրեն պիտի օգնէ (Ա. Յովհ. 3։17, 18)։

Երիտասարդ եղբայր մը աստիճանի մը վրայ ելած կը մաքրէ տարիքով մեծ եղբօր մը տան տանիքը։

Եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու մէջ նախաքայլը պէտք է առնենք (տե՛ս պարբերութիւն 10)


11. Ի՞նչը մեզի կրնայ օգնել որ իրարու աւելի մօտենանք։

11 Ուրիշները պատուելու ուրիշ կերպ մըն է՝ շուտով անոնց ներել երբ մեզ վիրաւորեն։ Եփեսացիս 4։26–ը կ’ըսէ. «Արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ»։ Ինչո՞ւ։ 27–րդ համարը կ’ըսէ, որ եթէ մտնէ՝ ‘Սատանային տեղի տուած կ’ըլլանք’։ Եհովան իր Խօսքին մէջ կրկին ու կրկին անգամ մեզի կ’ըսէ որ իրարու ներենք։ Կողոսացիս 3։13–ը մեզ կը քաջալերէ որ շարունակենք ‘իրարու ներել’։ Ուրիշներուն սխալները ներելը՝ իրարու աւելի մօտենալու լաւագոյն կերպերէն մէկն է։ Երբ իրարու ներենք, ջանք ըրած կ’ըլլանք որ ‘սուրբ հոգիին միաբանութիւնը պահենք՝ խաղաղութեան կապովը’ (Եփ. 4։3)։ Մէկ խօսքով, եթէ իրարու ներենք, կ’օգնենք որ Եհովային ժողովուրդը աւելի միացած եւ խաղաղ ըլլայ։

12. Եհովան մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ իրարու ներենք։

12 Ճիշդ է որ ատեններ թերեւս մեզի համար դժուար ըլլայ որ ներենք մեզ վիրաւորողներուն, բայց Եհովային սուրբ հոգիին օգնութեամբ կրնա՛նք անոնց ներել։ Հռովմայեցիս 12։11–ը նաեւ մեզի կ’ըսէ. «Հոգիով բորբոքեցէ՛ք»։ Այն անձը որ հոգիով ‘կը բորբոքի’, նախանձախնդրութեամբ եւ խանդավառութեամբ կ’եռայ սուրբ հոգիին պատճառաւ։ Ուրեմն, սուրբ հոգին կրնայ մեզի օգնել, որ իրարու հանդէպ գորով ցոյց տանք եւ միշտ իրարու ներենք։ Ասոր համար, մենք Եհովայէն սրտանց կը խնդրենք որ մեզի օգնէ (Ղուկ. 11։13)։

ՄԵՐ ՄԷՋ ԲԱԺԱՆՈՒՄՆԵՐ ՉԸԼԼԱՆ

13. Ի՞նչը կրնայ մեր միութիւնը խանգարել։

13 Ժողովքին մէջ կան տարբեր միջավայրերէ եղող տեսակաւոր մարդիկ (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Ասոր համար, ամէն մէկս տարբեր որոշումներ կ’առնէ առողջապահական հարցերու, հագուիլ–շքուելու, ժամանցի կամ ուրիշ բաներու մէջ։ Ուրեմն, եթէ ուշադիր չըլլանք, այս տարբերութիւնները կրնան մեր միջեւ յառաջացնել «երկպառակութիւններ», այսինքն՝ բաժանումներ (Հռով. 14։4. Ա. Կոր. 1։10)։ Քանի որ մենք ‘Աստուծմէ սորված ենք մէկզմէկ սիրել’, պէտք է ուշադիր ըլլանք որ չպնդենք թէ մեր որոշումները միւսներուն որոշումներէն աւելի լաւ են (Փլպ. 2։3)։

14. Միշտ ի՞նչ ջանք պէտք է թափենք, եւ ինչո՞ւ։

14 Ժողովքին մէջ բաժանումներ չենք պատճառեր նաեւ, երբ միշտ ջանք կը թափենք որ եղբայրներն ու քոյրերը թարմացած եւ քաջալերուած զգան (Ա. Թես. 5։11)։ Կարգ մը անձեր որոնք անգործունեայ էին կամ ժողովքէն հեռացուած էին, վերջերս ժողովքին վերադարձան, եւ մենք սրտերնիս բաց ընդունեցինք զիրենք (Բ. Կոր. 2։8)։ Օրինակ, նկատէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ քոյր մը Թագաւորութեան սրահ վերադարձաւ՝ տասը տարի անգործունեայ ըլլալէ ետք։ Ան ըսաւ. «Բոլորը լայն ժպիտներով ինծի բարեւ տուին եւ հետս ձեռնուեցան» (Գործք 3։19, 20ա)։ Լաւ, եղբայրներուն ու քոյրերուն այս ազնիւ վարմունքը ինչպէ՞ս ազդեց իրեն։ Ան կ’ըսէ. «Զգացի որ Եհովան ձեռքէս բռնած ինծի կ’օգնէր որ ուրախութեան ճամբան ետ բռնեմ»։ Երբ ջանանք բոլորին հետ ազնուութեամբ խօսիլ ու վարուիլ, Յիսուս կրնայ մեզ գործածել որ թարմացնէ «յոգնած ու բեռնաւորուածներ»ը (Մատ. 11։28, 29)։

15. Ուրիշ ի՞նչ կերպով կրնանք ժողովքին միութիւնը պահպանել (տե՛ս նաեւ նկարը)։

15 Ժողովքին միութիւնը նաեւ կը պահպանենք, երբ մեր խօսքերուն ուշադիր կ’ըլլանք։ Յոբ 12։11–ը կ’ըսէ. «Միթէ ականջը խօսքերը չ’ո՞րոշեր, ինչպէս քիմքը կերակուրին համը կ’առնէ [«կերակուրը կը համտեսէ», ՆԱ]»։ Ճիշդ ինչպէս որ վարպետ խոհարար մը իր եփած կերակուրը հրամցնելէ առաջ միշտ կը համտեսէ զայն, նոյնպէս լաւ կ’ըլլայ որ խօսելէ առաջ միշտ լաւ մտածենք (Սաղ. 141։3)։ Միշտ պէտք է վստահ ըլլանք որ մեր ըսելիքները դիմացինին լաւ ազդեն, թարմացնեն եւ օգտակար դառնան (Եփ. 4։29)։

Եղբայր մը իր եփած ճաշը կը համտեսէ, հիւրերուն հրամցնելէ առաջ։

Խօսելէ առաջ մտածէ թէ ի՛նչ պիտի ըսես (տե՛ս պարբերութիւն 15)


16. Մանաւանդ որո՞նք պէտք է իրենց խօսքերով թարմացնեն դիմացինը։

16 Մանաւանդ ամուսիններն ու ծնողները պէտք է իրենց խօսքերով թարմացնեն դիմացինը (Կող. 3։19, 21. Տիտ. 2։4)։ Երէցներն ալ իբրեւ հովիւներ պէտք է թարմացնեն եւ մխիթարեն Եհովային ոչխարները (Եսա. 32։1, 2. Գաղ. 6։1)։ Սուրբ Գիրքէն առակ մը կ’ըսէ. «Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է» (Առ. 15։23)։

«ԳՈՐԾՈՎ ՈՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՈՎ» ՍԻՐԵ՛ՆՔ

17. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր եղբայրներն ու քոյրերը սրտանց սիրել։

17 Յովհաննէս առաքեալ մեզ կը քաջալերէ որ «ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով» (Ա. Յովհ. 3։18)։ Մենք կ’ուզենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը սրտանց սիրել։ Ասիկա ինչպէ՞ս կ’ընենք։ Անոնց հետ ո՛րքան աւելի ժամանակ անցընենք, ա՛յնքան աւելի իրարու պիտի մօտենանք եւ մեր միջեւ սէրը պիտի զօրանայ։ Ատոր համար, առիթներ ստեղծէ որ անոնց հետ ժամանակ անցընես թէ՛ անոնց այցելելով, թէ՛ ալ՝ ժողովներուն ու ծառայութեան մէջ։ Երբ ասոնք ընենք, ցոյց կու տանք որ ‘Աստուծմէ սորված ենք մէկզմէկ սիրել’ (Ա. Թես. 4։9)։ Ասոնք ընելով նաեւ մեր մորթին վրայ պիտի զգանք թէ «ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին» (Սաղ. 133։1)։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ինչո՞ւ իրարու աւելի մօտենալը լաւ է մեզի համար։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք իրար պատուելու մէջ առաջին քայլը առնել։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք մեր միութիւնը պահպանել։

ԵՐԳ 121 Զիրար քաջալերենք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել