Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Ապրիլ էջ 20-25
  • Մենք բնա՛ւ մինակ չենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մենք բնա՛ւ մինակ չենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ Կ’ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ
  • ԵՀՈՎԱՆ ՄԵՐ ՊԷՏՔԵՐԸ Կ’ԱՊԱՀՈՎԷ
  • ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ
  • ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԿԸ ՄԽԻԹԱՐԷ
  • ԵՀՈՎԱՆ ՄԻՇՏ ՄԵՐ ՀԵՏՆ Է
  • Յիշէ որ Եհովան «ապրող Աստուածն է»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Եհովան «սրտով կոտրածները կը բժշկէ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Տալով աւելի ուրախ պիտի ըլլաս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Խոնարհաբար ընդունէ բաներ որ չես գիտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Ապրիլ էջ 20-25

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 17

ԵՐԳ 122 Միլիոնաւոր եղբայրներ

Մենք բնա՛ւ մինակ չենք

«Քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ» (ԵՍԱ. 41։10)։

ՆԻՒԹ

Եհովան ի՞նչ չորս կերպերով հոգ կը տանի մեզի։

1-2. ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ բնա՛ւ մինակ չենք։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ԵՐԲ լուրջ դժուարութիւններ ունենանք, թերեւս զգանք որ ալեկոծ ծովու մը վրայ նաւակի մը մէջ միսմինակ ենք։ Բայց մենք բնա՛ւ մինակ չենք։ Մեր երկնաւոր Հայրը ոչ միայն կը տեսնէ մեր դժուարութիւնները, հապա նաեւ կը խոստանայ մեզի օգնել։ Եհովան այս սիրալիր խոստումը կու տայ իր հաւատարիմ ծառաներուն. «Քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ» (Եսա. 41։10)։

2 Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք որ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ՝ 1) մեզ առաջնորդելով, 2) մեր պէտքերը ապահովելով, 3) մեզ պաշտպանելով եւ 4) մեզ մխիթարելով։ Եհովան մեզի կը վստահեցնէ որ ի՛նչ դժուարութիւն ալ ունենանք, ինքը մեզ պիտի չմոռնայ եւ մեզ երեսի վրայ պիտի չձգէ։ Մենք բնա՛ւ մինակ չենք։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ Կ’ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ

3-4. Եհովան ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ մեզ (Սաղմոս 48։14)։

3 Կարդա՛ Սաղմոս 48։14։ Եհովան գիտէ որ մենք մեզ չենք կրնար առաջնորդել եւ թէ իր առաջնորդութեան պէտք ունինք։ Ան քանի մը կերպերով կ’առաջնորդէ մեզ։ Առաջին, Սուրբ Գիրքին միջոցաւ (Սաղ. 119։105)։ Ան իր Խօսքին միջոցաւ մեզի կ’օգնէ, որ լաւ որոշումներ առնենք եւ լաւ յատկութիւններ զարգացնեն։ Ասոնք իրենց կարգին, կը ձգեն որ թէ՛ հիմա ուրախ ըլլանք եւ թէ՛ ապագային յաւիտեան ապրինքa։ Օրինակ, ան մեզի կը սորվեցնէ դիմացինին ներել ու բարկացած չմնալ, պարկեշտ ըլլալ ամէն ինչի մէջ եւ սրտանց սիրել ուրիշները (Սաղ. 37։8. Եբ. 13։18. Ա. Պետ. 1։22)։ Այսպիսով, աւելի լաւ ծնող, կողակից ու բարեկամ կ’ըլլանք։

4 Եհովան իր Խօսքին մէջ խօսած է իրական անձերու մասին, որոնք մեր դժուարութիւններուն պէս դժուարութիւններէ անցած են եւ մեր զգացումներուն պէս զգացումներ ունեցած են (Ա. Կոր. 10։13. Յակ. 5։17)։ Երբ այդ պատմութիւնները կարդանք եւ ատոնցմէ մեր սորված դասերը գործադրենք, առնուազն երկու կերպերով կ’օգտուինք։ Առաջին, կ’անդրադառնանք որ մինակ չենք եւ ուրիշներ ալ մեր դժուարութիւններուն պէս դժուարութիւններէ անցած են եւ կրցած են դիմանալ (Ա. Պետ. 5։9)։ Երկրորդ, կը սորվինք ինչպէ՛ս դիմանալ մեր դժուարութիւններուն (Հռով. 15։4)։

5. Եհովան որո՞նց կը գործածէ որ մեզ առաջնորդէ։

5 Եհովան եղբայրներուն ու քոյրերուն միջոցաւ ալ կ’առաջնորդէ մեզb։ Օրինակ, շրջանային տեսուչները կանոնաւորաբար կ’այցելեն ժողովքները եւ կը քաջալերեն մեզ։ Անոնց դասախօսութիւնները մեր հաւատքը կը զօրացնեն եւ կ’օգնեն որ միացած մնանք (Գործք 15։40–16։5)։ Երէցներն ալ անկեղծօրէն կը հետաքրքրուին ամէն մէկ հրատարակիչով (Ա. Պետ. 5։2, 3)։ Ծնողները հոգեւորապէս կ’առաջնորդեն իրենց զաւակները եւ անոնց կ’օգնեն լաւ որոշումներ առնելու եւ լաւ սովորութիւններ զարգացնելու (Առ. 22։6)։ Եւ հասուն քրիստոնեայ կիները տարիքով աւելի պզտիկ քոյրերուն կ’օգնեն՝ լաւ օրինակ ըլլալով, գործնական խրատներ տալով եւ սրտանց քաջալերելով (Տիտ. 2։3-5)։

6. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ Եհովային առաջնորդութենէն օգտուինք։

6 Եհովան մեզի տուած է պէտք եղած առաջնորդութիւնը։ Լաւ, մենք մեր կարգին ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել որ կը գնահատենք ասիկա։ Առակաց 3։5, 6–ը կ’ըսէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր»։ Երբ ասիկա գործադրենք, ‘անիկա մեր շաւիղները պիտի ուղղէ’, այսինքն՝ մեզի պիտի օգնէ որ շատ մը խնդիրներէ հեռու մնանք եւ աւելի ուրախ ըլլանք։ Մենք շատ շնորհակալ ենք որ Եհովան մեզ այնքա՛ն լաւ գիտէ եւ այնքա՛ն կը սիրէ, որ ամէն մէկուս պէտք եղած խրատը կու տայ (Սաղ. 32։8)։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵՐ ՊԷՏՔԵՐԸ Կ’ԱՊԱՀՈՎԷ

7. Եհովան ի՞նչ կերպերով մեր պէտքերը կ’ապահովէ (Փիլիպպեցիս 4։19)։

7 Կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։19։ Մեզ հոգեւորապէս առաջնորդելէ զատ, Եհովան մեզ կ’օրհնէ երբ ջանք կը թափենք որ ուտելիք, հագուելիք եւ ապրելու տեղ ապահովենք (Մատ. 6։33. Բ. Թես. 3։12)։ Այո՛, բնական է որ մտահոգուինք թէ մեր ֆիզիքական պէտքերը ինչպէ՛ս պիտի ապահովենք, բայց Եհովան մեզ կը քաջալերէ որ չափէ դուրս չմտահոգուինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ինք մեր Հայրն է եւ բնա՛ւ մեզ երեսի վրայ պիտի չձգէ (Մատ. 6։8. Եբ. 13։5)։ Մենք կրնանք իրեն վստահիլ, քանի որ ան միշտ իր խօսքին տէրը կ’ելլէ։

8. Եհովան Դաւիթին համար ի՞նչ ըրաւ։

8 Մտածէ որ Եհովան ի՛նչ կերպով օգնեց Դաւիթին։ Երբ Դաւիթ կը փախչէր Սաւուղ թագաւորէն եւ դժուարութիւններէ կ’անցնէր, Եհովան իրեն եւ իր մարդոց ապահովեց իրենց պէտքերը։ Երբ Դաւիթ խոկաց որ Եհովան ինչպէ՛ս տարիներու ընթացքին հոգ տարած էր իրեն, գրեց. «Տղայ էի ու ծերացայ, բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող» (Սաղ. 37։25)։ Թերեւս դուն ալ տարիներու ընթացքին տեսած ես, որ Եհովան ինչպէ՛ս իր ծառաներուն պէտքերը ապահոված է։

9. Եհովան ինչպէ՞ս իր ծառաներուն կ’օգնէ երբ աղէտներ պատահին (տե՛ս նաեւ նկարները)։

9 Եհովան նաեւ աղէտներու ժամանակ կ’ապահովէ իր ծառաներուն պէտքերը։ Օրինակ, առաջին դարուն՝ երբ Երուսաղէմի մէջ սով եղաւ, ուրիշ երկիրներու մէջ ապրող քրիստոնեաներ օգնութիւն ղրկեցին այդտեղի եղբայրներուն ու քոյրերուն (Գործք 11։27-30. Հռով. 15։25, 26)։ Այսօր ալ Եհովային ծառաները առատաձեռնութեամբ կ’օգնեն իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Երբ աղէտներ պատահին, Եհովան իր ծառաները սիրալիրօրէն կ’ուղղէ որ ուտելիք, ջուր, հագուստ, դեղեր եւ ուրիշ պէտքեր ապահովեն այն եղբայրներուն, որոնք կ’ապրին ազդուած շրջաններուն մէջ։ Շինարարութեան խումբերը կը նորոգեն քանդուած տուները եւ Թագաւորութեան սրահները։ Եհովային ծառաները շուտով զգացական եւ հոգեւոր օգնութիւն կու տան անոնց, որոնք կորսնցուցած են իրենց տունը կամ սիրելիներըc։

Մալաուիի մէջ բնական աղէտ մը ըլլալէ ետք, եղբայրները թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ հոգեւոր օգնութիւն կը ստանան։ 1. Ջուրերը մեծ տարածք մը ծածկած են։ 2. Եղբայր Կէյճ Ֆլիկըլը կը խօսի եղբայրներու ու քոյրերու հետ։ 3. Եղբայրները տոպրակներով ուտելիք կ’իջեցնեն ինքնաշարժէ մը։

Եհովան մեզ ինչպէ՞ս կը մխիթարէ երբ աղէտ մը պատահի (տե՛ս պարբերութիւն 9)e


10-11. Պորիսին փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։

10 Եհովան նաեւ կ’ապահովէ պէտքերը այն անձերուն, որոնք տակաւին զինք չեն պաշտեր։ Մենք ալ կ’ուզենք առիթները օգտագործել, որպէսզի Եհովային պէս լաւութիւն ընենք անոնց, որոնք իրեն չեն ծառայեր (Գաղ. 6։10)։ Շատ անգամ, ասիկա դուռ կը բանայ որ լաւ վկայութիւն տանք անոնց։ Նկատի առ Պորիս անունով մարդու մը փորձառութիւնը, որ Ուքրանիոյ մէջ դպրոցի մը տնօրէնն էր։ Թէեւ ան Եհովայի վկայ չէր, բայց միշտ ազնուութեամբ կը վարուէր Վկայ եղող աշակերտներուն հետ եւ կը յարգէր անոնց հաւատալիքները։ Երբ ան պատերազմին պատճառով որոշեց իր տունը–տեղը ձգել ու աւելի ապահով շրջան մը փախչիլ, եղբայրները իրեն օգնեցին։ Ետքը, ան Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ եղաւ։ Ան ըսաւ. «Վկաները հետս ազնիւ գտնուեցան եւ ինծի հոգ տարին։ Շատ շնորհակալ եմ Եհովայի վկաներուն»։

11 Մենք ալ կրնանք մեր բարեսիրտ երկնաւոր Հօր պէս սիրով վարուիլ ուրիշներուն հետ, նոյնիսկ եթէ Եհովան չեն պաշտեր (Ղուկ. 6։31, 36)։ Կը յուսանք որ օրին մէկը անոնք ուզեն Եհովային մասին սորվիլ եւ իրեն ծառայել, երբ իրենց մորթին վրայ զգան մեր սէրը (Ա. Պետ. 2։12)։ Բայց նոյնիսկ եթէ չուզեն Եհովային ծառայել, մենք ուրախ կը մնանք, քանի որ տալուն մէջ ուրախութիւն կայ (Գործք 20։35)։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ

12. Եհովան ի՞նչ պաշտպանութիւն կը խոստանայ իր ժողովուրդին որպէս խումբ (Սաղմոս 91։1, 2, 14)։

12 Կարդա՛ Սաղմոս 91։1, 2, 14։ Եհովան կը խոստանայ որ մեզ հոգեւորապէս պիտի պաշտպանէ։ Ան բնա՛ւ պիտի չձգէ որ Սատանան արգելք ըլլայ ճշմարիտ պաշտամունքին (Յովհ. 17։15)։ Երբ «մեծ նեղութիւնը» սկսի, կրնանք լման վստահ ըլլալ որ Եհովան իր խօսքին տէրը պիտի ելլէ եւ իր ժողովուրդը պիտի պաշտպանէ ոչ միայն հոգեւորապէս, հապա նաեւ՝ ֆիզիքապէս (Յայտ. 7։9, 14)։

13. Եհովան իւրաքանչիւրս ի՞նչ կերպերով կը պաշտպանէ։

13 Եհովան իւրաքանչիւրս ինչպէ՞ս կը պաշտպանէ։ Ան Սուրբ Գիրքին միջոցաւ մեզի կը սորվեցնէ զանազանել ճիշդը սխալէն (Եբ. 5։14)։ Երբ Աստուծոյ Խօսքին սկզբունքներով ապրինք, մենք մեզ կը պաշտպանենք թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ ֆիզիքական վտանգներէ (Սաղ. 91։4)։ Ասկէ զատ, Եհովան ժողովքին միջոցաւ ալ կը պաշտպանէ մեզ (Եսա. 32։1, 2)։ Եղբայրներն ու քոյրերը Եհովան կը սիրեն եւ իր սկզբունքները կը գործադրեն։ Երբ անոնց կ’ընկերակցինք ժողովներուն ու ծառայութեան մէջ եւ անոնց հետ ժամանակ կ’անցընենք, կը քաջալերուինք եւ մենք մեզ հեռու կը պահենք գէշ բաներէ (Առ. 13։20)։

14. ա) Եհովան ինչո՞ւ մեզ չ’ազատեր ամէն մէկ դժուարութենէ։ բ) Սաղմոս 9։10–ն ի՞նչ բանի նկատմամբ կը վստահեցնէ մեզ (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

14 Անցեալին, պատահած է որ Եհովան իր ծառաները պաշտպանած է ֆիզիքական վնասներէ։ Բայց ոչ ամէն ատեն։ Ատեններ, «դիպուած»ով գէշ բաներ կրնան պատահիլ մեզի (Ժող. 9։11)։ Ասկէ զատ, Եհովան արտօնած է որ իր ծառաները հալածուին եւ նոյնիսկ մեռնին, որպէսզի Սատանային ստախօս ըլլալը փաստուի (Յոբ 2։4-6. Մատ. 23։34)։ Նոյն բանը կրնայ մեր օրերուն ալ պատահիլ։ Թէեւ Եհովան մեր նեղութիւնները թերեւս չվերցնէ, բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ ան բնա՛ւ երեսի վրայ պիտի չձգէ անոնց, որոնք զինք կը սիրեն (Սաղ. 9։10)d։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԿԸ ՄԽԻԹԱՐԷ

15. Աղօթքը, Աստուծոյ Խօսքը եւ եղբայրները ինչպէ՞ս կը մխիթարեն մեզ (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։

15 Կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։3, 4։ Ատեններ, շատ անտրամադիր, մտահոգ կամ նեղուած կը զգանք։ Թերեւս դուն հիմա՛ նեղութենէ մը կ’անցնիս եւ մինակ կը զգաս։ Կա՞յ մէկը որ զգացումներդ կը հասկնայ։ Եհովա՛ն կը հասկնայ։ Ան ոչ միայն մեր սրտին ցաւը կը զգայ, հապա նաեւ «մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ»։ Ինչպէ՞ս։ Երբ մեր սիրտը Եհովային բանանք, ինքը մեզի կու տայ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (Փլպ. 4։6, 7)։ Նաեւ կը մխիթարուինք երբ Եհովային խօսքերը կը կարդանք Սուրբ Գիրքին մէջ։ Մեր տրամադրութիւնը կը բարձրանայ, երբ կը կարդանք թէ Եհովան որքա՛ն կը սիրէ մեզ, ի՛նչ իմաստուն խօսքեր ըսած է եւ ի՛նչ յոյս տուած է մեզի։ Նաեւ կը մխիթարուինք ժողովներուն, երբ սիրալիր եղբայրներուն կ’ընկերակցինք եւ քաջալերական կէտեր կը լսենք Սուրբ Գիրքէն։

16. Նէյթընին եւ Փրիսիլային փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

16 Տեսնելու համար թէ Եհովան ինչպէ՛ս Սուրբ Գիրքին միջոցաւ կը մխիթարէ եւ կը քաջալերէ մեզ, նկատի առնենք Նէյթընին եւ Փրիսիլային փորձառութիւնը, որոնք Միացեալ Նահանգներ կ’ապրին։ Քանի մը տարի առաջ, անոնք որոշեցին փոխադրուիլ տեղ մը, ուր հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։ Նէյթընը կ’ըսէ. «Մենք համոզուած էինք որ Եհովան պիտի օրհնէր մեր ջանքերը»։ Բայց փոխադրուելէ ետք, անոնք սկսան առողջապահական հարցեր եւ դրամական նեղութիւններ ունենալ, եւ ատեն մը ետք ստիպուեցան իրենց տունը վերադառնալ, ուր իրենց դրամական խնդիրները շարունակուեցան։ Նէյթընը կը պատմէ. «Ես ինծի կը հարցնէի, թէ Եհովան ինչո՞ւ մեզ չօրհնեց, ինչպէս որ մենք կ’ակնկալէինք։ Նոյնիսկ սկսայ մտածել որ թերեւս ես սխալ բան մը ըրած եմ»։ Բայց ժամանակի ընթացքին Նէյթընը եւ Փրիսիլան անդրադարձան, որ Եհովան կռնակ չէր դարձուցած իրենց։ Նէյթընը կը պատմէ. «Այդ դժուար ժամանակներուն, Սուրբ Գիրքը իմաստուն բարեկամի մը պէս կը քաջալերէր եւ կ’ուղղէր մեզ։ Խնդիրներուն վրայ կեդրոնանալու փոխարէն, նայեցանք թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէր որ դիմանայինք, եւ ասիկա մեզ վստահեցուց թէ Եհովան ապագային պիտի շարունակէ մեզի օգնել»։

17. Հելկա անունով քոյր մը ինչպէ՞ս մխիթարուեցաւ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

17 Եղբայրներն ու քոյրերն ալ կրնան մեզ մխիթարել։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առ Հունգարիայի մէջ ապրող Հելկային օրինակը։ Ան երկար տարիներ տարբեր դժուարութիւններէ անցաւ, որոնց պատճառով սկսաւ մտահոգ եւ անարժէք զգալ։ Բայց երբ ան այդ դժուար տարիներուն մասին մտածէ, կը տեսնէ որ Եհովան ինչպէ՛ս զինք մխիթարած է ժողովքին միջոցաւ։ Ան կը գրէ. «Ատեններ, կը զգայի որ վրաս ոյժ չմնաց, ըլլա՛յ գործիս պատճառով կամ հիւանդ զաւակիս հոգ տանելուս պատճառով, կամ՝ ուրիշ պատճառներով։ Բայց Եհովան այդ ատենները միշտ կ’օգնէր ինծի։ Անցած 30 տարիներուն ընթացքին չէ եղած օր մը, որ Եհովան զիս չէ մխիթարած։ Ան միշտ իր խոստումին տէրը ելած է։ Ան շատ անգամ ինծի ոյժ կու տայ ուրիշներուն ազնիւ, քաջալերական եւ գնահատական խօսքերուն միջոցաւ։ Շատ անգամներ ուրիշներէն մէսըճ մը, քարտ մը կամ գովասանք մը կը ստանայի՝ ճիշդ երբ ատոր ամէնէն շատ պէտք կ’ունենայի»։

Տարիքով մեծ եղբայր մը տարբեր կերպերով կը մխիթարուի. 1. Ան կը դիտէ այն գծագրութիւնները, որ պզտիկները իրեն համար գծած են։ 2. Եղբայր մը մէսըճ կը ղրկէ իրեն։ 3. Զոյգ մը եղբօր գնումները կ’ընեն եւ փիցցա կը բերեն իրեն։ 4. Եղբայր մը իրեն կը հեռաձայնէ։ 5. Պզտիկ աղջիկ մը կը գծէ Դրախտին մէջ գտնուող առիւծ մը, որ իրեն տայ։

Եհովան թերեւս քեզ ինչպէ՞ս գործածէ որ ուրիշները մխիթարէ (տե՛ս պարբերութիւն 17)


18. Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշները մխիթարել։

18 Որքա՜ն շնորհակալ ենք որ կրնանք ուրիշները մխիթարել Եհովային պէս։ Ինչպէ՞ս։ Կրնանք համբերութեամբ իրենց մտիկ ընել, անոյշ խօսքեր ըսել եւ գործնական կերպերով օգնել անոնց (Առ. 3։27)։ Մենք կը ջանանք բոլորը մխիթարել, նոյնիսկ անոնք որոնք Եհովային չեն ծառայեր։ Երբ տեսնենք որ մեզի ծանօթ մէկը նեղուած, հիւանդ կամ մտահոգ է, իրեն կ’այցելենք, մտիկ կ’ընենք եւ Սուրբ Գիրքէն քաջալերական համարներ կը կարդանք։ Երբ որ «մխիթարութեան Աստուածը»՝ Եհովան՝ ընդօրինակենք, ոչ միայն եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգնենք որ նեղութիւններու դիմանան, հապա նաեւ կրնանք Եհովան չպաշտողներուն սիրտը կակուղցնել ճշմարտութեան հանդէպ (Մատ. 5։16)։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԻՇՏ ՄԵՐ ՀԵՏՆ Է

19. Եհովան ի՞նչ կերպերով հոգ կը տանի մեզի, եւ մենք ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։

19 Եհովան շատ հետաքրքրուած է բոլոր անոնցմով, որոնք զինք կը սիրեն։ Ան մեզ երեսի վրայ չի ձգեր երբ նեղութիւններ ունենանք։ Ճիշդ ինչպէս որ ծնող մը սիրով հոգ կը տանի իր պզտիկին, Եհովան ալ հոգ կը տանի իր հաւատարիմ ծառաներուն։ Ան մեզ կ’առաջնորդէ, մեր պէտքերը կ’ապահովէ, մեզ կը պաշտպանէ եւ մեզ կը մխիթարէ։ Երբ ուրիշներուն օգնենք եւ քաջալերենք իրենց նեղութիւններուն մէջ, մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը ընդօրինակած կ’ըլլանք։ Նոյնիսկ եթէ նեղութիւններ ու դժուարութիւններ ունենանք, մեր միտքը հանգիստ է որ Եհովան մեզի հետ է, քանի որ մեզի խոստացած է. «Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ» (Եսա. 41։10)։ Ուրեմն, կրնանք հարիւր առ հարիւր վստահ ըլլալ որ մենք բնա՛ւ մինակ չենք։

ԵՀՈՎԱՆ Ի՞ՆՉ ԿԵՐՊԵՐՈՎ՝

  • կ’առաջնորդէ մեզ։

  • մեր պէտքերը կ’ապահովէ։

  • կը պաշտպանէ եւ կը մխիթարէ մեզ։

ԵՐԳ 124 Ընդունինք զանոնք՝ հիւրասիրութեամբ

a Տե՛ս «Աստուած պատուող որոշումներ կայացուր» յօդուածը Դիտարան–ի 1 ապրիլ 2011 թիւին մէջ։

b Տե՛ս «Շարունակէ Եհովային առաջնորդութեան հետեւիլ» յօդուածին պարբերութիւն 11-14, Դիտարան–ի փետրուար 2024 թիւին մէջ։

c Կրնաս վերջերս պատահած օրինակներ գտնել jw.org կայքին վրայ, «փնտռել» տուփին մէջ գրելով՝ «աղէտէ տուժածներուն օգնել»։

d Տե՛ս «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը Դիտարան–ի փետրուար 2017 թիւին մէջ։

e ՆԿԱՐ. Մալաուիի մէջ եղբայրները աղէտէ մը ֆետք, թէ՛ նիւթական օգնութիւն եւ թէ՛ հոգեւոր քաջալերութիւն կը ստանան։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել