ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 23
ԵՐԳ 138 Անունդ Եհովա է
Եհովային անունը որքա՞ն կարեւոր է քեզի համար
«Իմ վկաներս դուք էք, կ’ըսէ Տէրը» (ԵՍԱ. 43։10)։
ՆԻՒԹ
Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային անունը սրբացնել եւ պաշտպանել։
1-2. Ինչպէ՞ս գիտենք որ Եհովային անունը շատ կարեւոր է Յիսուսին համար։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ անունը շատ կարեւոր է Յիսուսին համար եւ ամէնէն շատ Յիսուսն է որ իր Հօր անունը ճանչցուցած է։ Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Յիսուս պատրաստ էր նոյնիսկ մեռնելու Եհովային անունին համար (Մար. 14։36. Եբ. 10։7-9)։ Եւ Հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան, Յիսուս յօժարութեամբ Եհովային պիտի յանձնէ իր ամբողջ իշխանութիւնը, որպէսզի սրբացնէ Եհովային անունը (Ա. Կոր. 15։26-28)։ Ամէն ինչ որ Յիսուս ըրած է Եհովային անուան համար, կը փաստէ որ ան Եհովան շատ կը սիրէ։
2 Յիսուս իր Հօր անունո՛վը երկիր եկաւ (Յովհ. 5։43. 12։13)։ Ան իր Հօր անո՛ւնը ճանչցուց իր աշակերտներուն (Յովհ. 17։6, 26)։ Ան Եհովային անունո՛վ սորվեցուց եւ հրաշքներ ըրաւ (Յովհ. 10։25)։ Ան նոյնիսկ ուզեց որ Եհովան իր անձնական անունո՛վը հսկէ իր հետեւորդներուն վրայ (Յովհ. 17։11)։ Լաւ, եթէ Եհովային անունը շատ կարեւոր է Յիսուսին համար, մէկը ինչպէ՞ս կրնայ ըսել թէ Յիսուսի իսկական հետեւորդ մըն է, եթէ ան Եհովային անունը չի գիտեր եւ չի գործածեր։
3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի նկատի առնենք։
3 Իսկական քրիստոնեաներ ըլլալով, մենք Յիսուսին պէս սէր ու յարգանք ցոյց կու տանք Եհովային անուան հանդէպ (Ա. Պետ. 2։21)։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ Եհովան ինչո՛ւ իր անունը տուած է անոնց, որոնք Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն (Մատ. 24։14)։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ Եհովային անունը որքա՛ն կարեւոր պէտք է ըլլայ մեզմէ ամէն մէկուս համար։
‘ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ ԻՐ ԱՆՈՒԱՆԸ ՀԱՄԱՐ’
4. ա) Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ ըսաւ երկինք ելլելէ առաջ։ բ) Ի՞նչ հարցում կը ծագի։
4 Երկինք ելլելէ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Ուրեմն, բարի լուրը պիտի քարոզուէր ոչ միայն Իսրայէլի մէջ, հապա նաեւ՝ ատոր սահմաններէն դուրս, եւ ի վերջոյ աշխարհին չորս կողմը մարդիկ առիթ պիտի ունենային Յիսուսին հետեւորդները ըլլալու (Մատ. 28։19, 20)։ Բայց Յիսուս ըսաւ. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք»։ Լաւ, այս նոր աշակերտները միայն Յիսուսի՞ն վկաները պէտք էր որ ըլլային, թէ ոչ Եհովային անունն ալ պէտք էր որ ճանչնային եւ ճանչցնէին։ Գործք գիրքին 15–րդ գլուխը կը պատասխանէ այս հարցումին։
5. Առաքեալները եւ Երուսաղէմի երէցները ինչպէ՞ս ցուցուցին, որ ամբողջ մարդիկը պէտք ունէին Եհովային անունը ճանչնալու (տե՛ս նաեւ նկարը)։
5 Ք.Ե. 49–ին, առաքեալները եւ Երուսաղէմի երէցները միասին ժողվուեցան, որպէսզի քննարկեն թէ հրեայ չեղողները ի՛նչ պէտք էր ընէին, որպէսզի իբրեւ քրիստոնեայ ընդունելի ըլլային։ Քննարկութեան վերջաւորութեան, Յիսուսի խորթ եղբայրը՝ Յակոբոսը՝ ըսաւ. «[Պետրոս] պատմեց թէ Աստուած ի՛նչպէս առաջ այցելութիւն ըրաւ, որպէս զի հեթանոսներէն ժողովուրդ մը առնէ իր անուանը համար»։ Յակոբոս որո՞ւն անուան մասին կը խօսէր։ Ան Ամովս մարգարէին խօսքը մէջբերելով ըսաւ. «Որպէս զի մնացած մարդիկը Տէրը փնտռեն եւ բոլոր հեթանոսները՝ որոնց վրայ իմ անունս կոչուած է, կ’ըսէ Տէրը» (Գործք 15։14-18)։ Ուրեմն, այդ նոր աշակերտները ոչ միայն Եհովային մասին պիտի սորվէին, հապա նաեւ՝ ‘իր անունով պիտի կոչուէին’։ Ասիկա ըսել է որ անոնք Աստուծոյ անո՛ւնը պիտի ճանչցնէին ուրիշներուն եւ նոյնիսկ այդ անունով պիտի կոչուէին։
Առաջին դարուն, ժողովի մը ընթացքին՝ կառավարիչ մարմինը յստակօրէն ըմբռնեց, որ քրիստոնեաները պէտք է Աստուծո՛յ անուան համար ժողովուրդ մը ըլլան (տե՛ս պարբերութիւն 5)
6-7. ա) Յիսուս ինչո՞ւ երկիր եկաւ։ բ) Յիսուս ուրիշ ի՞նչ կարեւոր պատճառի մը համար երկիր եկաւ։
6 Յիսուսին անունը կը նշանակէ «Եհովան փրկութիւն է», եւ իրապէս ալ Եհովան Յիսուսը գործածեց որ փրկէ անոնք, որոնք կը հաւատան Եհովային եւ Յիսուսին։ Յիսուս երկիր եկաւ, որպէսզի իր կեանքը տայ մարդոց համար (Մատ. 20։28)։ Փրկանքը տալով, ան առիթը բացաւ որ մարդիկ փրկուին եւ յաւիտենական կեանք ունենան (Յովհ. 3։16)։
7 Բայց մարդիկ ինչո՞ւ փրկանքին պէտք ունէին։ Եդեմի պարտէզին մէջ եղածին պատճառաւ։ Ինչպէս որ տեսանք նախորդ յօդուածին մէջ, մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան, Եհովային դէմ ելան եւ այսպիսով յաւիտեան ապրելու առիթը կորսնցուցին (Ծն. 3։6, 24)։ Բայց մեղաւոր մարդոց կեանքը փրկելէն աւելի կարեւոր հարց մը կար. Սատանան Եհովային անուան մասին շատ գէշ սուտեր ըսած էր (Ծն. 3։4, 5)։ Ուրեմն, Ադամին ու Եւային սերունդին փրկուիլը կապուած էր աւե՛լի մեծ հարցի մը հետ. ատիկա Եհովային անուան սրբացուիլն էր։ Եւ քանի որ Յիսուս Եհովային ներկայացուցիչն էր եւ Անոր անունը կը կրէր, ան հիմնական դեր մը խաղցաւ Եհովային անունը սրբացնելուն մէջ։
Մէկը ինչպէ՞ս կրնայ ըսել թէ Յիսուսի իսկական հետեւորդ մըն է, եթէ ան Եհովային անունը չի գիտեր եւ չի գործածեր
8. Յիսուսին բոլոր հետեւորդները ի՞նչ պէտք է ընդունին։
8 Յիսուսին բոլոր հետեւորդները, ըլլա՛ն հրեաներ կամ հեթանոսներ, պէտք էր ընդունէին որ իրենց փրկութեան աղբիւրը Յիսուսին Հայրը՝ Եհովա Աստուածն է (Յովհ. 17։3)։ Ասկէ զատ, անոնք Եհովային անունո՛վ պէտք էր կոչուէին։ Անոնք նաեւ պէտք էր ըմբռնէին, որ Եհովային անուան սրբացումը շատ կարեւոր է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իրենց փրկութիւնը ատկէ կախեալ էր (Գործք 2։21, 22)։ Ուրեմն, Յիսուսին բոլոր հաւատարիմ հետեւորդները պէտք ունէին ոչ միայն Յիսուսին մասին սորվելու, հապա նաեւ՝ Եհովային մասին։ Անոր համար, զարմանալի չէ որ Յիսուս այսպէս վերջացուց Յովհաննէս Աւետարանի 17–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած իր աղօթքը. «Քու անունդ անոնց ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ, որպէս զի այն սէրը, որով դուն զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ ու ես ալ անոնց մէջ» (Յովհ. 17։26)։
«ԻՄ ՎԿԱՆԵՐՍ ԴՈՒՔ ԷՔ»
9. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ Եհովային անունը մեզի համար կարեւոր է։
9 Ուրեմն, Յիսուսի բոլոր իսկական հետեւորդները պէտք է հետաքրքրուած ըլլան Եհովայի անուան սրբացումով (Մատ. 6։9, 10)։ Անոնք Եհովային անունը պէտք է նկատեն ամենակարեւոր անունը, եւ ասիկա պէտք է գործով ցուցնեն։ Բայց ի՞նչ կրնանք ընել, որ Եհովային անունը սրբացնենք եւ փաստենք, թէ ի՛նչ որ Սատանան Եհովային մասին ըսաւ՝ սուտ է։
10. Եսայի գիրքին 42–էն 44–րդ գլուխներուն մէջ ի՞նչ դատի մը մասին կը կարդանք (Եսայի 43։9. 44։7-9) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
10 Եհովայի անուան սրբացման մէջ մեր ունեցած կարեւոր դերը յայտնի է Եսայի գիրքին 42–էն 44–րդ գլուխներուն մէջ։ Հոն, Եհովան զինք չպաշտողներէն կը խնդրէ որ փաստեն, թէ իրենց չաստուածները իրապէս գոյութիւն ունին կամ ոչ։ Եւ ինչպէս որ դատի մը ընթացքին կ’ըլլայ, ան կը հարցնէ եթէ կան վկաներ, որոնք կրնան ասիկա փաստել։ Բայց չկայ մէկը որ ասիկա փաստէ (կարդա՛ Եսայի 43։9. 44։7-9)։
Մեր խօսքերով ու գործերով կը վկայենք, որ Եհովայէն զատ ուրիշ աստուած մը չկայ (տե՛ս պարբերութիւն 10-11)
11. Եսայի 43։10-12–ին մէջ Եհովան ի՞նչ կ’ըսէ իր ժողովուրդին։
11 Կարդա՛ Եսայի 43։10-12։ Եհովան իր ժողովուրդին կ’ըսէ. «Իմ վկաներս դուք էք. . . որ ե՛ս եմ Աստուած»։ Եհովան անոնցմէ կը խնդրէ որ այս հարցումին պատասխանեն. «Ինձմէ զատ Աստուած կա՞յ» (Եսա. 44։8)։ Հետեւաբար, մենք այս հարցումին պատասխանելու մե՜ծ պատիւը ունինք։ Մեր խօսքերով ու գործերով կը վկայենք, որ Եհովայէն զատ ուրիշ աստուած մը չկայ, եւ թէ իր անունը որեւէ անունէ աւելի բարձր է։ Մենք նաեւ մեր ապրելակերպով կը փաստենք որ իրապէս կը սիրենք Եհովան եւ իրեն հաւատարիմ ենք, նոյնիսկ եթէ Սատանան փորձէ ասոր արգելք ըլլալ։ Ասանկով, առիթը կ’ունենանք Եհովային անունը սրբացնելու։
12. Եսայի 40։3, 5–ի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։
12 Եսային նաեւ մարգարէացաւ, թէ մէկը ‘Տէրոջը ճամբա՛ն պիտի պատրաստէր’ (Եսա. 40։3)։ Այս մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։ Յովհաննէս Մկրտիչը Յիսուսին ճամբան պատրաստեց։ Յիսուս Եհովային անունովը եկաւ եւ անոր անունով խօսեցաւ (Մատ. 3։3. Մար. 1։2-4. Ղուկ. 3։3-6)։ Նոյն մարգարէութիւնը ըսաւ. «Տէրոջը փառքը պիտի յայտնուի» (Եսա. 40։5)։ Ասիկա ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։ Երբ Յիսուս երկիր եկաւ, ան Եհովան ա՛յնքան կատարեալ կերպով ներկայացուց, որ կարծես թէ Եհովան ի՛նք երկիր եկած էր (Յովհ. 12։45)։
13. Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսին օրինակին հետեւիլ։
13 Երբ Եհովային անունը պաշտպանենք, Յիսուս Քրիստոսին պէս վկայած կ’ըլլանք Եհովային մասին։ Ճիշդ է որ մենք Եհովային անունը կը կրենք եւ բոլորին կը պատմենք իր հիանալի գործերուն մասին, բայց մեր ըրածը արդիւնք տալու համար, պէտք է նաեւ մարդոց ճանչցնենք Յիսուսին խաղցած կարեւոր դերը՝ Եհովային անուան սրբացման մէջ (Գործք 1։8)։ Յիսուս Եհովային լաւագոյն Վկան է եւ մենք իր օրինակին կը հետեւինք (Յայտ. 1։5)։ Ուրիշ ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել, թէ Եհովային անունը կարեւոր է մեզմէ ամէն մէկուս համար։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՑՈՒՑՆԵԼ ՈՐ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՆՈՒՆԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
14. Սաղմոս 105։3–ին համաձայն, ի՞նչ կը զգանք Եհովային անունին հանդէպ։
14 Մենք Եհովային անունով կը հպարտանանք (կարդա՛ Սաղմոս 105։3)։ Եհովան շատ կ’ուրախանայ, երբ իր անունով ‘կը պարծենանք’, այսինքն՝ կը հպարտանանք (Բ. Կոր. 10։17. Եր. 9։23, 24. Ա. Կոր. 1։31)։ ‘Տէրոջմով պարծենալ’ կը նշանակէ, թէ մենք հպարտ կը զգանք որ Եհովան մեր Աստուածն է։ Մեզի համար մեծ պատիւ է իր անունը պատուելը եւ ուրիշներուն գիտցնելը, որ իր ամէն ըրածները ճիշդ են։ Մենք բնա՛ւ պէտք չէ ամչնանք մեր գործակիցներուն, դասընկերներուն, դրացիներուն եւ ուրիշներու ըսելու որ Եհովայի վկայ ենք։ Սատանան կ’ուզէ որ Եհովային անունին մասին չխօսինք ուրիշներուն (Եր. 11։21. Յայտ. 12։17)։ Ան եւ իր սուտ մարգարէները կ’ուզեն, որ մարդիկ մոռնան Եհովային անունը (Եր. 23։26, 27)։ Բայց մենք քանի որ Եհովային անունը կը սիրենք, կ’ուզենք «ամէն օր» զինք փառաբանել (Սաղ. 5։11. 89։16)։
15. Եհովային անունը կանչել ի՞նչ կը նշանակէ։
15 Մենք կը շարունակենք Եհովային անունը կանչել (Յվլ. 2։32. Հռով. 10։13, 14)։ Եհովային անունը կանչել կը նշանակէ ոչ միայն իր անունը գիտնալ ու գործածել, հապա նաեւ՝ Աստուած ճանչնալ, իրեն վստահիլ եւ իրմէ օգնութիւն եւ ուղղութիւն ուզել (Սաղ. 20։7. 99։6. 116։4. 145։18)։ Ատիկա նաեւ կը նշանակէ՝ Եհովային անունը ու հիանալի յատկութիւնները ճանչցնել մարդոց, եւ անոնց օգնել որ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ընեն, որպէսզի Եհովային աչքին ընդունելի ըլլան (Եսա. 12։4. Գործք 2։21, 38)։
16. Ինչպէ՞ս կրնանք փաստել թէ Սատանան ստախօս է։
16 Մենք պատրաստ ենք Եհովային անունին համար չարչարուելու (Յակ. 5։10, 11)։ Երբ Եհովային հաւատարիմ մնանք, հակառակ չարչարանքներուն, կը փաստենք որ Սատանան ստախօս է։ Յոբի օրերուն, Սատանան Եհովային ծառայողները ամբաստանելով, ըսաւ. «Մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ» (Յոբ 2։4)։ Սատանան ըսաւ որ մարդիկ Եհովան կը պաշտեն միա՛յն երբ կեանքը դիւրին ըլլայ. բայց երբ կեանքը դժուար ըլլայ, անոնք Եհովային կռնակ կը դարձնեն։ Յոբ հաւատարիմ մնալով փաստեց որ ասիկա ճիշդ չէ։ Մենք ալ պատիւը ունինք փաստելու, թէ նոյնիսկ երբ մեր կեանքը շատ դժուար ըլլայ կամ երբ Սատանան փորձէ մեզ յուսահատեցնել, մենք բնա՛ւ պիտի չդադրինք Եհովային ծառայելէ։ Կրնանք բոլորովին վստահ ըլլալ, որ Եհովան պիտի շարունակէ մեր վրայ հսկել՝ իր անուան համար (Յովհ. 17։11)։
17. Ինչպէս որ Ա. Պետրոս 2։12–ին մէջ յիշուած է, ուրիշ ի՞նչ կերպով կրնանք փառք բերել Եհովային անուան։
17 Մենք Եհովային անունը կը յարգենք (Առ. 30։9. Եր. 7։8-11)։ Քանի որ Եհովան կը ներկայացնենք եւ Եհովայի վկայ կը կոչուինք, մեր ըրածները կա՛մ փառք կա՛մ ալ ամօթ կը բերեն Եհովային անունին (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։12)։ Ասոր համար, մենք ամէն բան կ’ընենք, որ թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով Եհովային պատիւ բերենք։ Այսպիսով, նոյնիսկ մեր անկատար վիճակին մէջ փառք բերած կ’ըլլանք Եհովային անուան։
18. Ուրիշ ի՞նչ կերպով կը փաստենք, թէ Եհովային անունը մեզի համար կարեւոր է (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։
18 Մենք մեր անունէն աւելի Եհովային անունին կարեւորութիւն կու տանք (Սաղ. 138։2)։ Երբ Եհովային ուզածները ընենք, շատ անգամ մարդիկ ասիկա պիտի չհաւնին եւ մեր անունը պիտի աւրենa։ Բայց մենք կ’ընդօրինակենք Յիսուսը, որ յօժար էր իբրեւ ոճրագործ մեռնելու՝ որպէսզի Եհովային անունը պատուէ։ Ան «ամօթը արհամարհեց», այն իմաստով որ իր հոգը չէր, թէ ուրիշներ իր մասին ի՛նչ կը մտածեն (Եբ. 12։2-4)։ Յիսուս կեդրոնացած էր Աստուծոյ կամքը ընելուն վրայ (Մատ. 26։39)։
19. Եհովային անուան հանդէպ ի՞նչ կը զգաս, եւ ինչո՞ւ։
19 Մենք հպարտ կը զգանք Եհովային անունով եւ պատիւը ունինք որ Եհովայի վկաներ կոչուինք։ Ասոր համար, մենք պիտի շարունակենք իրեն փառք բերել, նոյնիսկ երբ ուրիշներ գէշ բաներ խօսին մեր մասին։ Մենք մեր անունէն աւելի Եհովային անունին կարեւորութիւն կու տանք։ Ուրեմն, շարունակենք Եհովային անուան փառք բերել, որչափ ալ Սատանան փորձէ մեզ յուսահատեցնել։ Ասանկով, կը փաստենք թէ Եհովային անունը ամենակարեւոր բանն է մեզի համար, ինչպէս որ էր՝ Յիսուսին համար։
ԵՐԳ 9 Փառաբանե՛նք Եհովան՝ մեր Աստուածը
a Սկիզբը, երբ հաւատարիմ Յոբը իր զաւակները եւ բոլոր ունեցածը կորսնցուց, ան «չմեղանչեց ու Աստուծոյ դէմ անզգամութիւն չըրաւ» (Յոբ 1։22. 2։10)։ Բայց երբ իր երեք բարեկամները գէշ բաներ ըսին ի՛ր մասին, ան սկսաւ չափէ դուրս կարեւորութիւն տալ մարդոց կարծիքին եւ ‘անսանձ խօսքեր’ ըսաւ։ Ան իր անունի՛ն աւելի կարեւորութիւն տուաւ, քան՝ Եհովային անունը սրբացնելուն (Յոբ 6։3, ՆԱ. 13։4, 5. 32։2. 34։5)։