ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 28
ԵՐԳ 69 Ճամբաներդ ցուցուր ինծի
Ինչպէ՞ս պէտք է խրատ փնտռենք
«Խրատին մտիկ ընողներուն քով իմաստութիւն կայ» (ԱՌ. 13։10)։
ՆԻՒԹ
Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ լման օգտուինք մեր ստացած խրատներէն։
1. Ինչպէ՞ս կրնանք իմաստուն որոշումներ առնել, որոնք լաւ արդիւնքներ կու տան (Առակաց 13։10. 15։22)։
ԱՄԷՆՔՍ կ’ուզենք որ իմաստուն որոշումներ առնենք, որոնք լաւ արդիւնքներ կու տան։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ, թէ որպէսզի այս տեսակ որոշումներ առնենք, պէտք է որ խրատ փնտռենք (կարդա՛ Առակաց 13։10. 15։22)։
2. Եհովան ի՞նչ կը խոստանայ ընել մեզի համար։
2 Վստահաբար, մեր Հայրը՝ Եհովան լաւագոյն անձնաւորութիւնն է, որմէ կրնանք իմաստութիւն ու խրատ ստանալ։ Ան կը խոստանայ որ մեզի պիտի օգնէ. «Քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ» (Սաղ. 32։8)։ Այս խօսքը կը ցուցնէ, թէ Եհովան ո՛չ միայն մեզ կը խրատէ, հապա նաեւ կը խոստանայ որ ճիշդ մեր պէտք ունեցած խրատը պիտի տայ մեզի եւ պիտի օգնէ որ գործադրենք այդ խրատը։
3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
3 Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ, որ այս չորս հարցումներուն պատասխանները առնենք. 1) Ո՞ր յատկութիւնը պէտք է ունենամ, որ օգտուիմ ինծի տրուած խրատներէն։ 2) Ո՞վ կրնայ լաւ խրատ տալ ինծի։ 3) Ինչպէ՞ս կրնամ ցոյց տալ, որ կ’ուզեմ խրատ ստանալ։ 4) Ինչո՞ւ պէտք չէ ուրիշներէն խնդրեմ, որ իմ տեղս որոշումներ առնեն։
Ո՞Ր ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՈՒՆԵՆԱՄ
4. Լաւ խրատէ մը օգտուելու համար, ո՞ր յատկութիւնը պէտք է ունենանք։
4 Լաւ խրատէ մը օգտուելու համար, պէտք է խոնարհ ըլլանք։ Պէտք է ընդունինք, թէ կրնայ ըլլալ որ պէտք եղած փորձառութիւնն ու գիտութիւնը չունինք, որ կարենանք առանձին իմաստուն որոշում մը առնել։ Եթէ խոնարհ չենք, Եհովան պիտի չկարենայ մեզի օգնել։ Այս պատճառաւ, իր Խօսքին մէջ մեր կարդացած խրատները մեր մէկ ականջէն պիտի մտնեն ու միւսէն պիտի ելլեն (Միք. 6։8. Ա. Պետ. 5։5)։ Իսկ եթէ խոնարհ ենք, անմիջապէս պիտի ընդունինք Սուրբ Գիրքին վրայ հիմնուած խրատը եւ անորմէ պիտի օգտուինք։
5. Ո՞ր քաջագործութիւնները կրնային Դաւիթ թագաւորը հպարտ մէկը դարձնել։
5 Նկատի պիտի առնենք թէ Դաւիթ թագաւորին օրինակէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ։ Թէեւ ան շատ մը հիանալի բաներ ըրաւ, բայց չհպարտացաւ։ Թագաւոր ըլլալէն տարիներ առաջ, ան ճանչցուած էր իբր վարպետ երաժիշտ։ Ան նոյնիսկ կանչուեցաւ թագաւորին առջեւ նուագելու համար (Ա. Թագ. 16։18, 19)։ Եհովան Դաւիթը նշանակեց որ յաջորդ թագաւորը ըլլայ եւ անոր Իր սուրբ հոգին տուաւ. ասանկով շատ զօրաւոր եղաւ (Ա. Թագ. 16։11-13)։ Ան ժողովուրդին կողմէ շատ ճանչցուած էր, քանի որ անոնց թշնամիներուն դէմ կռուեցաւ եւ յաղթեց, մէջը ըլլալով՝ փղշտացի հսկայ Գողիաթը (Ա. Թագ. 17։37, 50. 18։7)։ Եթէ Դաւիթ հպարտ մէկը ըլլար, թերեւս զգար թէ քանի՛ որ ինք ասանկ քաջագործութիւններ ըրած է, պէտք չունի ուրիշներուն խրատը մտիկ ընելու։ Բայց Դաւիթ այդպէս չէր։
6. Ինչպէ՞ս գիտենք որ Դաւիթ խրատ կ’ընդունէր (տե՛ս նաեւ նկարը)։
6 Երբ Դաւիթ թագաւոր եղաւ, զատեց ընկերներ որոնք կրնային լաւ խրատներ տալ իրեն (Ա. Մն. 27։32-34)։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ Դաւիթ միշտ խրատ մտիկ ընող եղած է։ Ան ոչ միայն տղամարդոցմէ խրատ ընդունեց, հապա նաեւ Աբիգիա անունով կնոջմէ մը։ Աբիգիան Նաբաղին կինն էր, իսկ Նաբաղը՝ անկիրթ, ապերախտ, եսասէր եւ ինքզինք տեսնող մարդ մըն էր։ Դաւիթ Աբիգիային տուած լաւ խրատը գործադրեց եւ ատոր համար մեծ սխալ մը գործելէ ազատեցաւ (Ա. Թագ. 25։2, 3, 21-25, 32-34)։
Դաւիթ Աբիգիային խրատը խոնարհաբար ընդունեց եւ գործադրեց (տե՛ս պարբերութիւն 6)
7. Ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ Դաւիթէն (Ժողովող 4։13) (տե՛ս նաեւ նկարները)։
7 Դաւիթէն կարգ մը դասեր կրնանք սորվիլ։ Օրինակ, նոյնիսկ եթէ յատուկ ձիրք մը կամ մեծ պատասխանատուութիւններ ունինք, բնաւ պէտք չէ կարծենք, թէ մենք ամէն բան գիտենք եւ խրատի պէտք չունինք։ Դաւիթին պէս, պէտք է պատրաստ ըլլանք լաւ խրատներ մտիկ ընելու, չնայած թէ ո՛վ է խրատ տուողը (կարդա՛ Ժողովող 4։13)։ Եթէ այսպէս ընենք, պիտի կարենանք հեռու մնալ լուրջ սխալներէ, որոնք վնաս կը հասցնեն ըլլա՛յ մեզի կամ ուրիշներուն։
Պէտք է պատրաստ ըլլանք մտիկ ընելու լաւ խրատներ, չնայած թէ ո՛վ է խրատ տուողը (տե՛ս պարբերութիւն 7)c
Ո՞Վ ԿՐՆԱՅ ԼԱՒ ԽՐԱՏ ՏԱԼ ԻՆԾԻ
8. Յովնաթան ինչո՞ւ կրնար Դաւիթին լաւ խրատ տալ։
8 Դաւիթ թագաւորէն ուրիշ դաս մըն ալ կրնանք սորվիլ։ Ան խրատ ընդունեց անոնցմէ, որոնք թէ՛ Եհովային հետ լաւ յարաբերութիւն ունէին, եւ թէ՛ իր ունեցած դժուարութեան նկատմամբ աւելի լաւ հասկացողութիւն ունէին։ Օրինակ, երբ ան ուզեց գիտնալ թէ արդեօք Սաւուղ թագաւորը կ’ուզէ՞ր իր հետ խաղաղութիւն ընել, Դաւիթ Սաւուղին տղուն՝ Յովնաթանին խրատը մտիկ ըրաւ։ Յովնաթան ինչո՞ւ կրցաւ լաւ խրատ տալ։ Որովհետեւ ան Եհովային հետ լաւ յարաբերութիւն ունէր եւ միեւնոյն ատեն Սաւուղը լաւ կը ճանչնար (Ա. Թագ. 20։9-13)։ Ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։
9. Երբ խրատի պէտք ունենանք, որո՞ւն պէտք է դիմենք. բացատրէ (Առակաց 13։20)։
9 Երբ խրատի պէտք ունենանք, լաւ կ’ըլլայ դիմենք մէկու մը, որ Եհովային հետ լաւ յարաբերութիւն ունի, բայց նաեւ լաւ գաղափար ունի այդ նիւթին շուրջ, որուն վերաբերեալ մենք օգնութեան պէտք ունինք (կարդա՛ Առակաց 13։20)a։ Օրինակ, ենթադրենք որ երիտասարդ եղբայր մը յարմար կողակից մը կը փնտռէ։ Ո՞վ կրնայ անոր լաւ խրատ տալ։ Ամուրի բարեկամ մը թերեւս կրնայ օգտակար ըլլալ անոր, եթէ ան իր խրատը Սուրբ Գիրքին վրայ հիմնէ։ Բայց այս երիտասարդ եղբայրը հաւանական է որ աւելի յատուկ եւ գործնական խրատ ստանայ, եթէ դիմէ հոգեւորապէս հասուն զոյգի մը, որոնք զինք լաւ կը ճանչնան եւ որոշ ժամանակէ մը ի վեր ուրախ ամուսնութիւն մը կը վայելեն։
10. Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք հիմա։
10 Նկատի առինք յատկութիւն մը եւ թէ ո՛վ կրնայ մեզի լաւ խրատ տալ։ Հիմա, նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ կ’ուզե՛նք խրատ ստանալ եւ թէ արդեօք կրնա՞նք ուրիշներէն խնդրել որ մեր տեղը որոշումներ առնեն։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՄ ՑՈՅՑ ՏԱԼ, ՈՐ Կ’ՈՒԶԵ՛Մ ԽՐԱՏ ՍՏԱՆԱԼ
11-12. ա) Ի՞նչ պէտք չէ ընենք։ բ) Ռոբովամ ի՞նչ ըրաւ, երբ կարեւոր որոշում մը պիտի առնէր։
11 Ատեններ, այնպէս կրնայ երեւիլ, թէ մէկը խրատ կը փնտռէ, բայց իրականութեան մէջ ան իր որոշումը արդէն առած է եւ պարզապէս կը փնտռէ մարդիկ, որոնք իր որոշումին հետ պիտի համաձայնին։ Ասանկ մէկը իրապէս խրատ չի փնտռեր։ Ռոբովամ թագաւորին հետ պատահածը իրեն դաս պէտք է ըլլայ։
12 Սողոմոն թագաւորին յաջորդեց իր որդին՝ Ռոբովամը։ Երբ ան թագաւոր եղաւ, ժողովուրդը շատ բարգաւաճ կեանք մը կ’ապրէին, բայց կը զգային թէ Սողոմոն իրենց վրայ մեծ բեռ մը դրած էր։ Անոնք Ռոբովամին քով եկան եւ իրեն աղաչեցին որ իրենց բեռը թեթեւցնէ։ Ռոբովամ իրենցմէ խնդրեց որ իրեն ժամանակ տան, որպէսզի իր առնելիք որոշումին մասին մտածէ։ Նախ, ան իր հօրը օգնական եղող ծերերէն խրատ ուզեց, եւ ասիկա լաւ բան մըն էր (Գ. Թագ. 12։2-7)։ Բայց ան ատոնց խրատը մերժեց։ Ինչո՞ւ։ Արդեօք Ռոբովամ արդէն իսկ որոշա՞ծ էր իր ընելիքը, եւ պարզապէս կը փնտռէր մէկը որ իր որոշումին հետ համաձայն ըլլայ։ Եթէ այս է պարագան, ան իր փնտռածը գտաւ. երբ իր երիտասարդ ընկերներէն խրատ ուզեց, անոնց ըսածը իր խելքին պառկեցաւ (Գ. Թագ. 12։8-14)։ Ռոբովամ ժողովուրդին ըսաւ ճիշդ ինչ որ իր ընկերները իրեն խրատեցին որ ըսէ։ Այս պատճառաւ ալ թագաւորութիւնը երկուքի բաժնուեցաւ, եւ անկէ ետք Ռոբովամ միշտ խնդիրներ ունեցաւ (Գ. Թագ. 12։16-19)։
13. Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ, թէ մեր նպատակը իրապէս խրատ առնել է։
13 Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Ռոբովամին հետ պատահածէն։ Երբ մէկէ մը խրատ ուզենք, պէտք չէ արդէն մեր որոշումը առած ըլլանք։ Պէտք է իրապէս պատրաստ ըլլանք խրատ մտիկ ընելու։ Ասոր համար, մենք մեզի հարցնենք. ‘Երբ մէկէ մը խրատ ուզեմ եւ ան ինծի չըսէ ի՛նչ որ կ’ուզեմ լսել, շուտով կը մերժե՞մ խրատը’։
14. Երբ խրատ մը ստանանք, ի՞նչ պէտք է յիշենք. բացատրէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
14 Օրինակով մը բացատրենք։ Եղբայր մը լաւ ամսականով գործի առաջարկ մը կը ստանայ։ Առաջարկը ընդունելէ առաջ, երէցի մը խրատը կ’ուզէ։ Եղբայրը երէցին կը բացատրէ, թէ գործը իրմէ պիտի պահանջէ որ ինք շատ անգամ երկար ժամանակ հեռու մնայ իր ընտանիքէն։ Երէցը եղբօրը կը յիշեցնէ Սուրբ Գիրքին այն սկզբունքը, որ կ’ըսէ թէ իր գլխաւոր պարտականութիւնը՝ իր ընտանիքին հոգեւոր պէտքերուն հոգալն է (Եփ. 6։4. Ա. Տիմ. 5։8)։ Ենթադրենք որ եղբայրը չի հաւնիր երէցին խրատը եւ կ’երթայ ուրիշ եղբայրներէ խրատ կ’ուզէ, միջեւ որ իր ուզած խրատը լսէ։ Արդեօք, այս եղբայրը իսկապէս խրատ կը փնտռէ՞, թէ ոչ արդէն որոշում առած է եւ կը փնտռէ մէկը, որ իր որոշումին հետ կը համաձայնի։ Պէտք է յիշենք որ մեր սիրտը խաբեբայ է (Եր. 17։9)։ Ատեններ, մեզի կը տրուի խրատ մը որ չենք հաւնիր, բայց ատիկա կրնայ ճիշդ մեր պէտք ունեցած խրատը ըլլալ։
Իսկապէս խրատ կը փնտռե՞նք, թէ ոչ կը փնտռենք մէկը, որ մեր որոշումին հետ պիտի համաձայնի (տե՛ս պարբերութիւն 14)
ՊԷ՞ՏՔ Է ՈՒՐԻՇՆԵՐԷՆ ԽՆԴՐԵՄ ՈՐ ԻՄ ՏԵՂՍ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԱՌՆԵՆ
15. Ի՞նչ պէտք չէ ընենք, եւ ինչո՞ւ։
15 Ամէն մէկս պատասխանատուութիւնը ունի, որ իր որոշումները անձամբ առնէ (Գաղ. 6։4, 5)։ Ինչպէս որ տեսանք, իմաստուն անձը խրատ կը փնտռէ որոշում առնելէ առաջ։ Ան Աստուծոյ Խօսքին մէջ կը փնտռէ եւ հասուն քրիստոնեաներու կը հարցնէ։ Բայց պէտք է ուշադիր ըլլանք, որ ուրիշներէն չխնդրենք որ մեր տեղը որոշում առնեն։ Ոմանք ասիկա ուղղակիօրէն կ’ընեն, երբ վստահելի մէկու մը կը հարցնեն. ‘Եթէ իմ տեղս ըլլայիր, ի՞նչ կ’ընէիր’։ Ուրիշներ ասիկա անուղղակիօրէն կ’ընեն, երբ ուրիշին ըրածը կ’ընեն առանց լա՛ւ մը մտածելու։
16. Կորնթոսի ժողովքին մէջ ի՞նչ հարց մը ծագեցաւ՝ կուռքերու զոհուած միս ուտելու նկատմամբ, եւ որո՞ւն պատասխանատուութիւնն էր որոշել՝ ատկէ ուտել կամ ոչ (Ա. Կորնթացիս 8։7. 10։25, 26)։
16 Նկատի առ այն որոշումը, որ Կորնթոսի ժողովքէն եղող քրիստոնեաները պէտք էր առնէին միս ուտելու նկատմամբ, որ հաւանաբար կուռքերուն զոհուած էր։ Պօղոս այդ քրիստոնեաներուն գրեց. «Գիտենք թէ կուռքը ոչինչ է աշխարհի մէջ եւ թէ մէկէն զատ ուրիշ Աստուած չկայ» (Ա. Կոր. 8։4)։ Ասիկա ի մտի ունենալով, ժողովքէն ոմանք որոշեցին թէ կրնային ուտել շուկային մէջ ծախուած միսը, որ հաւանաբար կուռքի մը զոհուած էր։ Ուրիշներ որոշեցին ատկէ չուտել, քանի որ ատիկա իրենց խիղճը պիտի տանջէր (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 8։7. 10։25, 26)։ Ասիկա անձնական որոշում մըն էր։ Պօղոս Կորնթացիներուն բնաւ չըսաւ, որ ուրիշներուն տեղ որոշումներ առնեն կամ ուրիշներուն առած նոյն որոշումները առնեն։ ‘Ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տար իր անձին համար’ (Հռով. 14։10-12)։
17. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ առանց մտածելու ընենք ուրիշին ըրածը. օրինակ մը տուր (տե՛ս նաեւ նկարները)։
17 Ներկայիս ինչպէ՞ս կարելի է որ նման պարագայ մը ծագի։ Նկատի առ արեան մասնիկներուն հարցը։ Ամէն մէկ քրիստոնեայ պէտք է ինք որոշէ թէ այս մասնիկները կ’ուզէ՞ առնել կամ ոչb։ Թերեւս այս նիւթը լման չենք հասկցած, բայց պէտք է որ այս հարցին մէջ մեր բեռը մենք կրենք, այսինքն՝ մե՛նք առնենք որոշումը (Հռով. 14։4)։ Եթէ ընենք ինչ որ ուրիշը որոշեց ընել, կրնանք մեր խիղճը տկարացնել։ Մեր խիղճը կը մարզուի եւ կը բարելաւուի, միա՛յն եթէ ատիկա գործածենք (Եբ. 5։14)։ Լաւ, ե՞րբ է որ հասուն քրիստոնեայի մը գաղափարը պէտք է առնենք։ Երբ անձամբ պրպտուք ընենք, եւ տակաւին զգանք թէ պէտք ունինք որ մէկը մեզի օգնէ հասկնալու համար, թէ Սուրբ Գիրքի սկզբունքները մե՛ր պարագային ինչպէս կը կիրարկուին։
Անձամբ պրպտուք ընելէն ետքն է, որ ուրիշներէն խրատ կ’ուզենք (տե՛ս պարբերութիւն 17)
ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԽՐԱՏ ՓՆՏՌԵԼ
18. Եհովան ին՞չ ըրած է մեզի համար։
18 Եհովան առիթը տուած է, որ մեր անձնական որոշումները մենք առնենք, եւ այսպիսով ցուցուցած է թէ մեզի շատ կը վստահի։ Ան մեզի տուած է իր Խօսքը՝ Սուրբ Գիրքը։ Ան նաեւ մեզի տուած է իմաստուն ընկերներ, որոնք կրնան օգնել որ հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Սուրբ Գիրքի սկզբունքները գործադրել։ Եհովան այս բաները ընելով, ցուցուցած է թէ սիրալիր հօր մը պէս կը հոգայ մեզ (Առ. 3։21-23)։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային ցուցնել, թէ շատ կ’արժեւորենք իր օգնութիւնը։
19. Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել Եհովան ուրախացնել։
19 Ծնողներ շատ կ’ուրախանան տեսնելով իրենց զաւակները կը մեծնան եւ Եհովային իմաստուն ծառաները կ’ըլլան, որոնք ուրիշներուն կ’օգնեն։ Նմանապէս, Եհովան շատ կ’ուրախանայ տեսնելով որ կը շարունակենք հոգեւորապէս հասուննալ, խրատ կը փնտռենք եւ կ’առնենք որոշումներ, որոնք ցոյց կու տան որ զինք կը սիրենք։
ԵՐԳ 61 Ինչպիսի անձ մը պէտք է ըլլամ
a Երբեմն քրիստոնեան թերեւս Եհովան չպաշտողներէն խրատ ուզէ՝ դրամական, բժշկական կամ այլ հարցերու շուրջ որոշումներ առնելու համար։
b Այս նիւթին շուրջ մանրամասնութիւններ գտնելու համար, տե՛ս Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքին 39–րդ դասին 5–րդ կէտը եւ «Աւելի՛ն գիտցիր» բաժինը։
c ՆԿԱՐ. Երէց մը ուրիշ երէցի մը խրատ կու տայ, վերջին անգամ ժողովին մէջ իր խօսած կերպին նկատմամբ։