ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 34
ԵՐԳ 152 Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը
Ընդունէ որ Եհովան քեզի կը ներէ
«Ներեցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը» (ՍԱՂ. 32։5)։
ՆԻՒԹ
Ինչո՞ւ պէտք է ընդունինք որ Եհովան մեզի կը ներէ, եւ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս մեզ կը վստահեցնէ, թէ ան կը ներէ զղջացած մեղաւորներուն։
1-2. Զղջացող մեղաւորները ի՞նչ կրնան զգալ, երբ Եհովան իրենց մեղքերը ներէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
ԴԱՒԻԹ թագաւոր յանցաւոր զգաց անցեալին գործած իր լուրջ մեղքերուն պատճառաւ (Սաղ. 40։12. 51։3, վերնագիր)։ Բայց, ան իսկապէս զղջաց եւ Եհովան իրեն ներեց (Բ. Թագ. 12։13)։ Ասոր արդիւնքը ի՞նչ էր։ Դաւիթ հասկցաւ թէ Եհովային ներողամտութեան հետ կու գայ՝ հանգստութիւն (Սաղ. 32։1)։
2 Դաւիթին զգացած հանգստութիւնը մե՛նք ալ կրնանք զգալ, երբ Եհովան մեր մեղքերը ներէ։ Որչա՜փ կը հանգչինք, երբ գիտնանք թէ Եհովան պատրաստ է մեր մեղքերը ներելու, նոյնիսկ մեր լուրջ մեղքերը։ Բայց անշուշտ, եթէ իսկապէս զղջանք, մեր մեղքերը խոստովանինք եւ մեր ձեռքէն եկածը ընենք, որ նոյն սխալները չկրկնենք (Առ. 28։13. Գործք 26։20. Ա. Յովհ. 1։9)։ Մենք շատ ուրախ ենք որ երբ Եհովան մեր մեղքերը ներէ, կը սեպէ թէ ատոնք երբեք չեղան (Եզեկ. 33։16)։
Դաւիթ թագաւոր շատ սաղմոսներ յօրինեց, որոնք կը նկարագրեն Եհովային ներողամտութիւնը (տե՛ս պարբերութիւն 1-2)
3-4. Քոյր մը իր մկրտութենէն ետք ինչպէ՞ս զգաց, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
3 Բայց երբեմն ոմանք դժուարութիւն կ’ունենան ընդունելու թէ Եհովան իրենց ներած է։ Ճենիֆըրը ատոնցմէ մէկն էր։ Անոր ծնողքը իրեն սորվեցուցած էին Եհովային մասին, բայց երբ քիչ մը մեծցաւ, սկսաւ իր ծնողքէն գաղտնի սխալ բաներ ընել։ Քանի մը տարի ետք, ան փոփոխութիւններ մտցուց իր կեանքին մէջ, Եհովային նուիրուեցաւ եւ մկրտուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Անցեալին, շատ անգամ անբարոյութիւն ըրի, գինովցայ, նաեւ շատ բարկացկոտ մէկն էի, եւ դրամ շահիլը ամէնէն կարեւոր բանն էր ինծի համար։ Գիտէի որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ Յիսուսի զոհին շնորհիւ Եհովան կրնայ մեր մեղքերը ներել. բայց չէի կրնար սիրտս համոզել թէ Եհովան ինծի ներած է, հակառակ որ զղջացած էի եւ Եհովայէն ներողութիւն խնդրած էի»։
4 Երբեմն կը զգա՞ս որ դժուար է սիրտդ համոզել թէ Եհովան անցեալին գործած մեղքերդ ներած է։ Եհովան կ’ուզէ որ հանգիստ զգաս ինչպէս Դաւիթ զգաց, երբ Եհովան իրեն ներեց։ Այս յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք թէ ինչո՛ւ պէտք է ընդունինք որ Եհովան մեզի կը ներէ եւ թէ ի՛նչը կ’օգնէ որ ասիկա ընդունինք։
ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶԻ ԿԸ ՆԵՐԷ
5. Սատանան կ’ուզէ որ ի՞նչ բանի համոզուինք. օրինակ մը տուր։
5 Եթէ ընդունինք որ Եհովան մեզի կը ներէ, կրնանք Սատանային թակարդներէն մէկուն մէջ չիյնալ։ Յիշէ որ Սատանան ամէն բան կ’ընէ որ Եհովային ծառայելէ դադրինք։ Ասոր համար, ան կը փորձէ մեզ համոզել որ Եհովան բնա՛ւ չի ներեր մեր մեղքերը։ Մտածէ Կորնթոսի ժողովքին մէջ եղող մարդուն մասին, որ ժողովքէն հեռացուեցաւ քանի որ անբարոյութիւն գործեց (Ա. Կոր. 5։1, 5, 13)։ Ետքը, երբ ան զղջաց, Սատանան ուզեց որ ժողովքին անդամները իրեն չներեն եւ ուրախութեամբ չընդունին ժողովքին մէջ։ Միեւնոյն ատեն, Սատանան կ’ուզէր որ զղջացող մարդը զգար որ իր մեղքերը չեն կրնար ներուիլ եւ այսպիսով ‘չափազանց տրտմութենէն ընկղմէր’ եւ այլեւս Եհովային չծառայէր։ Սատանան չէ փոխուած, ոչ ալ ան իր խորամանկ կերպերը փոխէր է։ Բայց մենք «անոր խորհուրդները գիտենք» (Բ. Կոր. 2։5-11)։
6. Ինչպէ՞ս կրնանք այլեւս յանցաւոր չզգալ։
6 Եթէ ընդունինք որ Եհովան մեզի ներած է, կրնանք այլեւս յանցաւոր չզգալ։ Երբ մեղք մը գործենք, բնական է որ յանցաւոր զգանք (Սաղ. 51։17)։ Ասիկա լաւ նշան է, քանի որ մեր խիղճը կրնայ մեզ մղել որ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընենք (Բ. Կոր. 7։10, 11)։ Բայց եթէ զղջալէ ետք տակաւին յանցաւոր զգանք, թերեւս յանձնուինք։ Իսկ եթէ համոզուինք որ Եհովան մեզի ներած է, պէտք չունինք որ յանցաւոր զգանք։ Ասանկով, կրնանք շարունակել Եհովային ծառայել հանգիստ խիղճով եւ խոր ուրախութեամբ (Կող. 1։10, 11. Բ. Տիմ. 1։3)։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք մեր սիրտը համոզել թէ Եհովան մեզի ներած է։
Ի՞ՆՉԸ ՄԵԶԻ Կ’ՕԳՆԷ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶԻ ԿԸ ՆԵՐԷ
7-8. Եհովան ինքզինք ինչպէ՞ս նկարագրեց Մովսէսին, եւ ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ (Ելից 34։6, 7)։
7 Մտածէ թէ Եհովան ինքզինք ինչպէ՛ս կը նկարագրէ։ Օրինակ, նկատի առ թէ Եհովան Մովսէսին ի՛նչ ըսաւ Սինա լերան վրայ (կարդա՛ Ելից 34։6, 7)a։ Թէեւ Եհովան շատ մը գեղեցիկ յատկութիւններ ունի, բայց ան ընտրեց Մովսէսին ըսել թէ ինք «ողորմած ու բարերար [«գթած», ՆԱ]» է։ Կը կարծե՞ս որ ասանկ Աստուած մը պիտի չներէ մէկու մը, որ մեղանչելէ ետք կը զղջայ։ Անկարելի՛ է որ Եհովան անգութ եւ անողորմ կերպով վարուի։
8 Երբ Եհովան ըսէ թէ ինք կ’ողորմի, կրնանք իր ըսածին հաւատալ, քանի որ ան սուտ չի խօսիր՝ հապա իրականութիւնը կ’ըսէ (Սաղ. 31։5)։ Եթէ տակաւին յանցաւոր կը զգաս անցեալին գործած մեղքերուդ համար, դուն քեզի հարցուր. ‘Կը հաւատա՞մ որ Եհովան իրապէս ալ գթած ու ողորմած է եւ միշտ կը ներէ ոեւէ մեղաւորի որ կը զղջայ։ Եթէ այո՛, ուրեմն պէտք չէ՞ համոզուած ըլլամ որ ինծի ալ ներած է’։
9. Ի՞նչ կը նշանակէ մեղքերը ներուիլը (Սաղմոս 32։5)։
9 Մտածէ թէ Եհովան Սուրբ Գիրքը գրողները մղեց որ ի՛նչ ըսեն իր ներումին մասին։ Օրինակ, նկատի առ թէ Դաւիթը ի՛նչ ըսաւ Եհովային ներումին մասին (կարդա՛ Սաղմոս 32։5)։ Դաւիթ ըսաւ. «Դուն ներեցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը»։ «Ներել» թարգմանուած եբրայերէն բառը կրնայ նշանակել «վերցնել», «հեռացնել» կամ «շալկել»։ Ուրեմն, երբ Եհովան Դաւիթին ներեց, ան զգաց որ կարծես թէ Եհովան իր կրած ծանր բեռը իր վրայէն վերցուց եւ իրմէ հեռացուց։ Այսպիսով, յանցաւոր զգալու ծանր բեռը իջաւ Դաւիթին վրայէն եւ ան հանգստացաւ (Սաղ. 32։2-4)։ Մենք ալ կրնանք նո՛յն հանգստութիւնը վայելել։ Երբ մեր մեղքերուն համար անկեղծօրէն զղջանք, պէտք չունինք որ շարունակենք շալկել յանցաւոր զգալու ծանր բեռը, որ Եհովան մեր վրայէն վերցուց եւ մեզմէ հեռացուց։
10-11. «Ներող» բառը ի՞նչ կը յայտնէ Եհովային մասին (Սաղմոս 86։5)։
10 Կարդա՛ Սաղմոս 86։5։ Հոս, Դաւիթ կ’ըսէ որ Եհովան «ներող» է։ Ասիկա ըսել է որ Եհովան շուտով չի բարկանար երբ սխալ մը ընենք, եւ միշտ կը փափաքի ներել զղջացողներուն։ Ինչո՞ւ։ Համարին յաջորդ մասը կ’ըսէ. «Խիստ ողորմած [«մեծ է հաւատարիմ սէրդ», ՆԱ] այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն»։ Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Եհովան կը խոստանայ որ հաւատարիմ սէր պիտի ցուցնէ զինք սիրողներուն եւ բնա՛ւ երեսի վրայ պիտի չձգէ զանոնք։ Այս սէրը զինք պիտի մղէ որ ‘առատապէս ներէ’ բոլոր զղջացող մեղաւորներուն (Եսա. 55։7)։ Ուրեմն, եթէ չես կրնար համոզուիլ որ Եհովան քեզի ներած է, դուն քեզի հարցուր. ‘Կը հաւատա՞մ որ Եհովան Ներող է եւ պատրաստ է ներելու բոլոր զղջացողներուն, որոնք իրմէ ներողութիւն կը խնդրեն։ Եթէ այո՛, ուրեմն պէտք չէ՞ ընդունիմ որ ան ինծի ալ ներեց, երբ իրմէ ներողութիւն խնդրեցի’։
11 Կը մխիթարուինք երբ գիտնանք թէ Եհովան լիովին կը հասկնայ մեր մեղաւոր կազմուածքը (Սաղ. 139։1, 2)։ Ասիկա յստակ է Դաւիթի ուրիշ մէկ սաղմոսէն, որ նոյնպէս կրնայ մեզի օգնել ընդունելու թէ Եհովան մեզի կը ներէ։
ՄԻ՛ ՄՈՌՆԱՐ ԱՅՆ ԻՆՉ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ՅԻՇԷ
12-13. Սաղմոս 103։14–ին համաձայն, Եհովան մեր մասին ի՞նչ կը յիշէ, եւ ասիկա զինք կը մղէ ի՞նչ ընելու։
12 Կարդա՛ Սաղմոս 103։14։ Դաւիթ Եհովային մասին կ’ըսէ, որ ան «կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ Այս խօսքով Դաւիթ բացատրեց պատճառներէն մէկը, թէ Եհովան ինչո՛ւ պատրաստ է զղջացող մեղաւորներուն ներելու. որ է՝ ան միշտ կը յիշէ որ անոնք մեղաւոր կազմուածք ունին։ Ասիկա աւելի լաւ հասկնալու համար, եկէք Դաւիթի խօսքը մօտէն նկատի առնենք։
13 Դաւիթ կ’ըսէ թէ Եհովան «գիտէ մեր կազմուածքը»։ Ան Ադամը «գետնին հողէն» շինեց եւ շատ լաւ գիտէ, թէ կատարեալ մարդիկ պէտք ունին ուտելու, պառկելու եւ շնչելու (Ծն. 2։7)։ Բայց, երբ Ադամն ու Եւան մեղք գործեցին, գետնի հողէն շինուիլը ուրիշ իմաստ մըն ալ ունեցաւ. որ է՝ թէ մենք անոնց մեղաւոր կազմուածքը ժառանգեցինք, ինչ որ կրնայ մեզ մղել սխալ բաներ ընելու։ Եհովան ոչ միայն գիտէ որ մեղաւոր կազմուածք ունինք, այլեւ Դաւիթ կ’ըսէ թէ Ան «կը յիշէ» այս բանը։ «Կը յիշէ» թարգմանուած եբրայերէն բառը կրնայ նշանակել, թէ մէկը դրական քայլ մը կ’առնէ։ Ուրեմն, Դաւիթին այս խօսքը հետեւեալ կերպով կրնանք դնել՝ Եհովան կը հասկնայ թէ ատեններ մեղք պիտի գործենք, եւ երբ զղջանք, ան պատրաստ է մեզի ողորմութիւն ցոյց տալու եւ ներելու (Սաղ. 78։38, 39)։
14. ա) Դաւիթ ի՞նչ կերպով կը բացատրէ թէ Եհովան ո՛ր աստիճան կը ներէ մեզի (Սաղմոս 103։12)։ բ) Դաւիթին հետ պատահածը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ որ Եհովան լման կը ներէ (տե՛ս «Եհովան ինչպէ՞ս կը ներէ եւ կը մոռնայ» տուփը)։
14 Լաւ, Եհովան ո՞ր աստիճան կը ներէ մեզի (կարդա՛ Սաղմոս 103։12)։ Դաւիթ կ’ըսէ որ երբ Եհովան ներէ, ‘որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, այնչափ կը հեռացնէ մեզմէ մեր յանցանքները’։ Արեւելքը մեր երեւակայածէն շատ աւելի հեռու է արեւմուտքէն։ Այս երկու կէտերը բնա՛ւ իրարու չեն հանդիպիր։ Լաւ, ասիկա ի՞նչ կ’ըսէ Եհովային ներելուն մասին։ Գիրք մը այս համարը բացատրելով կ’ըսէ. «Երբ Եհովան մեր մեղքերը ներէ, ատոնք այնքա՜ն կը հեռացնէ մեզմէ, որ ատոնց ոչ մէկ հոտը, կամ հետքը, կը մնայ Եհովային յիշողութեան մէջ։ Ատոնց յիշատակը լման կը կորսուի»։ Ատեններ հոտ մը կրնայ որոշ բան մը յիշեցնել մեզի։ Բայց երբ Եհովան մեզի ներէ, կարծես թէ մեր մեղքը յիշեցնող հոտ մը կամ հետք մը իսկ չի մնար Եհովային մտքին մէջ, եւ ան այդ մեղքին համար նորէն հաշիւ չի պահանջեր մեզմէ (Եզեկ. 18։21, 22. Գործք 3։19)։
15. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ անցեալին գործած մեր մեղքերուն համար տակաւին յանցաւոր կը զգանք։
15 Սաղմոս 103–ի մէջ Դաւիթին խօսքը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ ընդունինք թէ Եհովան մեզի ներած է։ Եթէ անցեալին գործած մեր մեղքերուն համար տակաւին յանցաւոր կը զգանք, կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Արդեօք կը մոռնա՞մ ինչ որ Եհովան կը յիշէ. այսինքն՝ կը մոռնա՞մ որ Եհովան կը յիշէ մեղաւոր կազմուածքս եւ պիտի ներէ ինծի պէս զղջացած մեղաւորի մը։ Ասկէ զատ, արդեօք կը յիշե՞մ այն ինչ որ Եհովան դիտմամբ կը մոռնայ. այսինքն՝ կը յիշե՞մ այն մեղքերը որոնք ան ներած է եւ ատոնց համար զիս պիտի չպատժէ’։ Եթէ Եհովան չի՛ կեդրոնանար անցեալին գործած մեր մեղքերուն վրայ, ուրեմն մենք ալ պէտք չէ կեդրոնանանք (Սաղ. 130։3)։ Երբ ընդունինք որ Եհովան մեզի ներած է, պիտի կարենանք մենք մեզի ալ ներել եւ այլեւս յանցաւոր չզգալ։ Փոխարէն, պիտի շարունակենք ուրախութեամբ Եհովային ծառայել։
16. Օրինակով մը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ համար վտանգաւոր է շարունակ յանցաւոր զգալը (տե՛ս նաեւ նկարը)։
16 Օրինակ մը առնենք։ Շարունակ յանցաւոր զգալը կը նմանի հայելիէն ետեւ նայելով ինքնաշարժ քշելուն։ Ատենէ–ատեն ետեւ նայիլը լաւ է. ասանկով կրնանք տեսնել ե՛րբ վտանգ կայ։ Բայց, ապահովութեամբ քշելու համար, պէտք է կեդրոնանանք մեր առջեւը եղող ճամբուն վրայ։ Նոյնպէս, օգտակար է ատենէ–ատեն ետեւ նայինք, այսինքն՝ անցեալին գործած մեր մեղքերուն, որպէսզի անոնցմէ սորվինք եւ նոյն սխալները չկրկնենք։ Բայց եթէ շարունակենք կեդրոնանալ անցեալին գործած մեր մեղքերուն վրայ, յանցաւոր պիտի զգանք, մեր ուրախութիւնը պիտի կորսնցնենք եւ ծառայութեան մէջ մեր լաւագոյնը պիտի չկարենանք ընել։ Ուրեմն, շարունակենք կեդրոնանալ մեր առջեւը եղող ճամբուն վրայ, որ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհը կը հասցնէ, ուր գէշ յիշատակները «պիտի չյիշուին» (Եսա. 65։17. Առ. 4։25)։
Ճիշդ ինչպէս որ ինքնաշարժ քշող մը իր առջեւը եղող ճամբուն վրայ պէտք է կեդրոնանայ՝ փոխանակ հայելիէն ետեւ նայելու, մենք ալ ապագայ օրհնութիւններուն վրայ պէտք է կեդրոնանանք՝ փոխանակ կեդրոնանալու անցեալին գործած մեր մեղքերուն վրայ (տե՛ս պարբերութիւն 16)
ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՍԻՐՏԴ ՀԱՄՈԶԵԼ
17. Ինչո՞ւ պէտք է միշտ մեր սիրտը համոզենք, որ Եհովան կը սիրէ եւ կը ներէ մեզի։
17 Պէտք է միշտ մեր սիրտը համոզենք, որ Եհովան կը սիրէ եւ կը ներէ մեզի (Ա. Յովհ. 3։19)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սատանան միշտ պիտի փորձէ մեզ համոզել, որ Եհովան չի սիրեր եւ չի ներեր մեզի։ Իր նպատակն է մեզի արգելք ըլլալ որ Եհովային ծառայենք։ Մենք կ’ակնկալենք որ Սատանան ա՛լ աւելի ջանք թափէ ասոր մէջ, քանի որ գիտէ թէ շատ ժամանակ չունի (Յայտ. 12։12)։ Բայց պէտք չէ ձգենք որ ան իր նպատակին հասնի։
18. Ի՞նչ կրնաս ընել սիրտդ համոզելու համար, թէ Եհովան կը սիրէ եւ կը ներէ քեզի։
18 Նախորդ յօդուածը ցոյց տուաւ թէ ի՛նչ պէտք է ընես, որ աւելի վստահ ըլլաս թէ Եհովան քեզ կը սիրէ։ Իսկ այս յօդուածին մէջ սորվեցար որ ինչպէ՛ս կրնաս սիրտդ համոզել, թէ Եհովան քեզի կը ներէ։ Նախ, մտածէ՛ թէ Եհովան ինքզինք ինչպէ՛ս նկարագրեց։ Ետքը խոկա՛ թէ Սուրբ Գիրքը գրողները ի՛նչ ըսին Եհովային ներումին մասին։ Նաեւ մի՛ մոռնար թէ ան շատ լաւ գիտէ մեղաւոր կազմուածքդ եւ քեզի հետ ողորմութեամբ պիտի վարուի։ Ասկէ զատ, յիշէ՛ թէ երբ ան մեղքերդ ներէ, կը սեպէ թէ ատոնք երբեք չեղան։ Եթէ ասոնք ընես, Դաւիթին պէս վստահ պիտի ըլլաս որ Եհովան քեզի հանդէպ ողորմութիւն ցոյց կու տայ, եւ պիտի կարենաս ըսել. «Շնորհակալ եմ, Եհովա, որ ‘ներեցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը’» (Սաղ. 32։5)։
ԵՐԳ 1 Եհովայի յատկութիւնները
a Տե՛ս «Աստուծոյ մօտեցիր. Երբ Եհովան ինքզինք նկարագրեց» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 մայիս 2009 թիւին մէջ (արաբ.)։